Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ Պետքարտուղարութեան Տարեկան Զեկոյցը Քննադատած է Հայաստանի մէջ Չարաշահումները եւ Իրաւապահներու Անպատժելիութիւնը

ԱՄՆ Պետքարտուղարութեան Տարեկան Զեկոյցը Քննադատած է Հայաստանի մէջ Չարաշահումները եւ Իրաւապահներու Անպատժելիութիւնը

by MassisPost

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու  Պետքարտուղարութիւնը հրապարակած է իր Մարդու իրաւունքներու տարեկան զեկոյցը, որու՝ Հայաստանին նուիրուած բաժնին մէջ որպէս 2016 թուականի ամենանշանակալի խնդիրներ առանձնացուած են «իրաւապահների անպատժելիութիւնը, պաշտօնատար անձանց կողմից կառավարութեան ռեսուրսների օգտագործումը իշխող ՀՀԿ-ի քաղաքական գերիշխող դիրքը պահպանելու համար, ինչպէս նաեւ երկրի էլիտայի կողմից տնտեսական ու քաղաքական իշխանութեան օգտագործումը՝ աջակիցներին հարստացնելու եւ իրաւապահ ու դատական համակարգերը կոռումպացնելու համար»: Զեկոյցին մէջ որպէս խնդիր առանձնացուած է նաեւ «դատական համակարգի սահմանափակ անկախութիւնը»:

Զեկոյցին մէջ անդրադարձ կայ 2017-ի Յուլիսին «Սասնայ ծռեր» զինուած խումբի կողմէ ոստիկանութեան ՊՊԾ գունդի տարածքի գրաւման: Կը նշուի, որ երկշաբաթեայ դիմակայութեան ընթացքին պատանդ վերցուցած են ոստիկաններ եւ բուժաշխատողներ, եւ ինչպէս ըսուած է զեկոյցին մէջ, «ըստ հնչող մեղադրանքների՝ խմբի անդամներն իրադարձութիւնների ժամանակ սպանեցին երեք ոստիկանի»:

«Դիմակայութեան ընթացքում Երեւանում եւ երկրի այլ վայրերում տեղի ունեցան բազմաթիւ ցոյցեր ու հանրահաւաքներ ի պաշտպանութիւն «Սասնայ ծռերի», իրաւապահների կողմից եղան անօրինական ձերբակալութիւններ, խաղաղ ցուցարարների նկատմամբ անհամաչափ եւ չափից աւելի ուժի կիրառման դրսեւորումներ, բռնութիւններ լրագրողների նկատմամբ եւ մարդու իրաւունքների այլ լուրջ խախտումներ, յատկապէս 29 Յուլիսի գիշերը, երբ ոստիկանութիւնը ցրեց «Սասնայ ծռերի» քաղաքական պահանջները սատարող ցուցարարներին», – գրուած է զեկոյցին մէջ: – «Թէպէտ ոստիկանութիւնը հեռացրել կամ կարգապահական միջոցներ է կիրառել աւելի քան մէկ տասնեակ ոստիկանների հանդէպ, այս քայլերը պատասխանատուութեան ենթարկելու համարժէք միջոցներ չէին համատարած չարաշահումների համար», – գնահատած է   ԱՄՆ Պետքարտուղարութեան զեկոյցը:

Այլ խնդիրներու շարքին ներառուած են զինուած ուժերու մէջ ոչ մարտական պայմաններու մէջ գրանցուած «կասկածելի մահուան դէպքերը», զօրակոչիկներու հանդէպ «նուաստացումները», «դաժան ու գերբնակեցուած բանտային պայմանները»:

«Եղել են կամայական ձերբակալութիւններ ու նախնական կալանքի երկարատեւ կիրառում՝ կալանքի պատճառների վերաբերեալ թափանցիկութեան բացակայութեան պայմաններում, ցուցմունքների հաւաստիութեան նկատմամբ անվստահութիւն, ազատ արձակման ոչ-յստակ չափորոշիչներ եւ կալանքի տակ գտնուողների իրաւունքների ոչ-հաւասար կիրառում, օրինակ՝ ընտանիքի անդամների տեսակցութեան մասով», – արձանագրած են զեկոյցի հեղինակները:

Միեւնոյն ժամանակ, որպէս դրական զարգացումներ կը մատնանշուին ապրիլեան քառամեայ պատերազմէն ետք Պաշտպանութեան նախարարութենէն ներս իրականացուած քայլերը՝ ռեսուրսներու չարաշահման եւ սխալ տեղաբաշխման, ինչպէս նաեւ այլ կաշառակերութեան երեւոյթներու կապակցութեամբ հակակաշառակերական քայլերու մասին յայտարարութիւնները, այդ շարքին ՊՆ գնումներու ոլորտէն ներս ներգրաւուած բարձրաստիճան պաշտօնեաներու պաշտօնանկութիւնը:

Դրական համարուած է նաեւ օնլայն լրատուամիջոցներու եւ սոցիալական ցանցերու դերը որպէս «տեղեկատուութեան կարեւոր այլընտրանքային աղբիւր»: – «Աճել է նշանակալի քաղաքական իրադարձութիւնների ինթերնէթային ուղիղ հեռարձակման կարեւորութիւնը, յատկապէս հրապարակային բողոքի ակցիաների ժամանակ», – ըսուած է զեկոյցին մէջ: Միեւնոյն ժամանակ, նշուած է, որ թէ՛ աւանդական եւ թէ՛ օնլայն լրատուամիջոցներու սեփականատէրերը «թափանցիկ չեն», եւ կան արժանահաւատ հաղորդումներ այն մասին, որ թէ՛ օնլայն եւ թէ՛ հեռարձակող լրատուամիջոցները «կեդրոնացուած են մի քանի՝ իշխանութիւնների հետ կապեր ունեցող անձանց ձեռքերում»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment