Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Սերկէյ Լաւրով՝ ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբին Այլընտրանք Չկայ

Սերկէյ Լաւրով՝ ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբին Այլընտրանք Չկայ

by MassisPost

Չորեքշաբթի օր Մոսկուայի մէջ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարներ Էտուարտ Նալպանտեանը եւ Սերկէյ Լաւրովը հանդէս եկած են համատեղ մամլոյ ասուլիսով:

Հինգշաբթի օր է ուժի մէջ պիտի մտնէ ռուսաստանցիներու համար Հայաստան այցելելու նոր կարգը, ըստ որու, ՌԴ քաղաքացիները կրնան Հայաստան մուտք գործել ներքին անձնագիրներով:
Երէկ այս մասին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեանի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսին յայտարարած է ՌԴ ԱԳ նախարար Սերկէյ Լաւրովը։ Սա, թերեւս, այն «հետաքրքիր բան»ն էր, որու մասին աւելի վաղ ակնարկած էր Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան։

Որեւէ այլ ուշագրաւ յայտարարութիւն Նալպանտեան-Լաւրով համատեղ ասուլիսին չէ հնչած։ Սերկէյ Լաւրով պարզապէս կրկնած է նման պարագաներուն սովորական դարձած արտայայտութիւնը՝ բանակցութիւնները Էտուարտ Նալպանտեանի հետ կառուցողական էին, ինչպէս միշտ։ Հայաստանի արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարը, իր հերթին, ըսած է, թէ պաշտօնական Երեւանն ու Մոսկուան «լիակատար փոխըմբռնում» ունին: Երկու արտաքին գործոց նախարարները յայտնած են, որ առաջիկային պիտի կայանայ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի այցը Մոսկուա:

Լաւրովը յայտարարած է նաեւ, որ անցած տարի ռուսական ներդրումները Հայաստանի տնտեսութեան մէջ կազմած են 1 միլիառ տոլար, ինչը Հայաստանի մէջ օտարերկրեայ ներդրումներու ծաւալի շուրջ 40 տոկոսն է։

Ռուսաստանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարները իրենց հանդիպման «մանրամասնօրէն» քննարկած են նաեւ ԼՂ շուրջ ստեղծուած իրավիճակը, որ Լաւրովը բնորոշած է որպէս «վատ զգայուն իրավիճակ»: Պատասխանելով հայաստանցի լրագրողի հարցին, Լաւրով ընդգծած է՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին այլընտրանք չկայ, եւ միջնորդները աշխուժօրէն կ’աշխատին։

«Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափին այլընտրանք չկայ: Ասոր օգտին խօսած են նաեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարները, սա նաեւ առկայ է այն փաստաթուղթերուն մէջ, որոնց տակ անոնք դրած են իրենց ստորագրութիւնը: Եռանախագահութեան ձեւաչափին կողմ արտայայտուած են նաեւ ԵԱՀԿ-ի բոլոր անդամները»,- ըսած է Լաւրով, շարունակելով՝

«Համանախագահները մշտապէս հանդէս եկած են բանակցային գործընթացը աշխուժացնելու եւ արագացնելու օգտին, ինչը արտայայտուած է եռակողմ փաստաթուղթերուն մէջ, որոնք անոնց կողմէ պարբերաբար կը տարածուին: Նման փաստաթուղթ մըն ալ ընդունուած է օրերս՝ Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովի ընթացքին, ուր շատ յստակ ընդգծուած է հակամարտութեան կարգաւորման շրջանակներուն ուժի կիրառման, ռազմական հռետորաբանութեան անընդունելի ըլլալը, ինչպէս նաեւ Ս. Փեթերսպուրկի եւ Վիեննայի պայմանաւորուածութիւններու ամբողջական կատարման անհրաժեշտութիւնը»:

Լաւրով ընդգծած է, որ միջնորդները, այդ թուին՝ Ռուսաստանը, քայլեր պիտի ձեռնարկեն, որոնք թոյլ պիտի տան նախ՝ փոխել «վատ զգայուն մթնոլորտը», ապա քննարկել այն յստակ առաջարկները, որոնք բանակցային սեղանին դրուած են Ռուսաստանի կողմէ, եւ որոնց կ’աջակցին նաեւ Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան:

Ռուսաստանեան որոշ փորձագէտներու կարծիքով, Մոսկուան յառաջիկային հանդէս պիտի գայ նոր եռակողմ հանդիպումներու նախաձեռնութեամբ։ Մի քանի օրէն, ի դէպ, կը սպասուի Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի պաշտօնական այցը Մոսկուա: Նախատեսուած է անոր հանդիպումը Սերկէյ Լաւրովի հետ:

Երէկուան մոսկովեան ասուլիսին Նալպանտեան նաեւ ըսած է, որ Սերկէյ Լաւրովին «պաշտօնական այցով հրաւիրած է Հայաստան»: Ռուսաստանի արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարը հրաւէրը ընդունած է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment