Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Մարդասիրական Բժշկական Նպաստը Հայոց Բանակին

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Մարդասիրական Բժշկական Նպաստը Հայոց Բանակին

by MassisPost

Փետրուարի 20-ին, ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան Դեղորայքի եւ Բուժտեխնիկական կեդրոնական կայանին մէջ տեղի ունեցաւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) կողմէ որպէս օգնութիւն տրամադրուած բուժսարքաւորումներու, գործիքներու, մահճակալներու, մասնագիտական գրականութեան եւ այլ հարկաւոր կարիքներու հերթական խմբաքանակի յանձնումը։ ԱՀԱԸ-ի այս մեծ նուիրատուութիւնը իրականացաւ իր անդամներէն Տօքթ. Քրիս Թաշճեանի ջանքերով։

Ներկայ էին Ընկերակցութեան Հայաստանի Ներկայացուցիչ Յարութ Ներսէսեանը, Արտաքին Կապերու Պատասխանատու Լուսինէ Օհանեանը, ինչպէս նաեւ Բուժտեխնիկական Կեդրոնական Կայանի Գլխաւոր Պետ Նուէր Առաքելեանը։

«Այս ամէնը խիստ անհրաժեշտ են մեր հիւանդանոցներուն եւ այլ բժշկական հաստատութիւններուն համար» ըսաւ Կեդրոնական Կայանի Գլխաւոր Պետ Առաքելեանը։ «Պէտք է շեշտեմ, որ այս առաջին օգնութիւնը չէ: 2015-ին Ընկերակցութիւնը մեր Կեդրոնական Հիւանդանոցին նուիրեց բազմաթիւ էլէկդրոնային կառավարմամբ մահճակալներ եւ սարքաւորումներ։ Ես կ՚ուզեմ իմ շնորհակալութիւնը յայտնել ԱՀԱԸ-ին մեր բանակին մատուցած իրենց օժանդակութեան համար»։

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Հայաստանի Ներկայացուցիչ Յարութ Ներսէսեանը համառօտ կերպով ըսաւ, թէ ԱՀԱԸ-ը կրցած էր այս օգնութիւնը իրականացնել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող ՄԱԹԹԵՐ (Matter) Կազմակերպութեան շնորհիւ, իսկ տեղափոխութիւնը ֆինանսաւորած էր Տօքթ. Քրիս Թաշճեանը։ Ան շեշտեց, որ այս սարքաւորումներուն ու գործիքները մանրամասն ստուգուած էին մինչեւ անոնց Հայաստան ուղարկումը եւ հաւաստիացուց որ Պաշտպանութեան Նախարարութեան տրամադրութեան տակ գտնուող բուժհաստատութիւններու տրամադրուած այս օգնութիւնը պիտի ըլլայ շարունակական։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment