«Մարդկային Իրաւանց Հսկիչ» կազմակերպութիւնը (Human Rights Watch) կոչ ըրած է ազատ արձակել ընդդիմադիր ակտիվիստ Անդրէաս Ղուկասեանը:
Հեղինակաւոր իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը տարածած հաղորդագրութեամբ անդրադարձած է «Նոր Հայաստան» շարժման ղեկավար անդամի կալանքը եւս երկու ամսով երկարաձգելու որոշման: Կազմակերպութիւնը մատնանշած է տեսանիւթը, ուր Ղուկասեանը ցուցարարներուն հանդարտութեան կոչ կ’ընէ եւ կը յորդորէ ոստիկաններուն հետ բախումներ չունենալ:
Human Rights Watch վկայակոչած է Եւրոպական դատարանի դիրքորոշումը, որ նախնական կալանքը ծայրայեղ միջոց է, իսկ այդ կիրառելու համար պէտք չէ տրուին ընդհանուր պատճառաբանութիւններ:
Իրաւապաշտպան կազմակերպութեան Հարաւային Կովկասի բաժնի տնօրէն Կէորկի Կոկիան ընդգծած է, որ քննիչները պէտք է վերանային Անդրէաս Ղուկասեանի նախնական կալանքի իրենց պահանջը եւ ազատ արձակեն անոր մինչեւ արդար դատավարութիւն, ինչը ցոյց կու տայ, որ Հայաստան լիովին կը յարգէ մարդու իրաւունքներու բնագաւառին մէջ իր պարտաւորութիւնները: