Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի 9000-է Աւելի Երեխաներուն կը Սփռէ Ս. Ծնունդի Իսկական Երջանկութիւնը

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի 9000-է Աւելի Երեխաներուն կը Սփռէ Ս. Ծնունդի Իսկական Երջանկութիւնը

by MassisPost

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը (ԱՀԱԸ) եւ Հայաստանեաց Աւետարանական Եկեղեցին այս տարի եւս կազմակերպեցին Սուրբ Ծննդեան յատուկ 45 միջոցառումներ Հայաստանի եւ Արցախի 30 տարբեր քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ։ Միջոցառումներու առաջնահերթ նպատակն էր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան պատգամը հաղորդել հանդիսատեսին ներկայացումներու, տօնական հանդիսութիւններու, խօսքի եւ երաժշտութեան միջոցով։ Միջոցառումներուն մասնակցեցան 9000-էն աւելի հովանաւորուած երեխաներ, Կիրակնօրեայ դպրոցի եւ Աւետիսեան դպրոցի սաներ, եւ ԱՀԱԸ-ի ընկերային կեդրոններու եւ գեղարուեստի խումբերու մասնակից երեխաներ իրենց ծնողներուն ընկերակցութեամբ։ Արցախի տարբեր քաղաքներու եւ գիւղերու միջոցառումներուն մասնակից 1500-է աւելի երեխաներու մեծամասնութիւնը զոհուած ազատամարտիկներու եւ կարիքաւոր ընտանիքներու երեխաներ էին։ Միջոցառումներու աւարտին իւրաքանչիւր երեխայ ստացաւ Սուրբ Ծնունդի նուէրի արկղ մը լեցուն դպրոցական իրերով, ձեռնոցներով, գուլպաներով, քաղցրաւենիքով եւ այլեւայլ խաղալիքներով։

Սուրբ Ծնունդի միջոցառումներուն գլխաւորը Երեւանի ԱՀԱԸ-ի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Յունուարի 10-ին եւ 11-ին, որու ներկայ գտնուեցան աւելի քան 1500 երեխաներ իրենց ծնողներուն ընկերակցութեամբ։  Հինգ յաջորդական հանդիսութիւններով ԱՀԱԸ-ի «Հայասա» Թատերախումբը՝ Նունէ Աբրահամյանի բեմադրութեամբ ներկայացուց գեղեցիկ եւ հետաքրքիր թատրերգութիւն մը «Երջանկութեան Գաղտնիքը» խորագրով՝ փոխանցելով Սուրբ Ծնունդի բարի լուրը բոլոր ներկաներուն։

Christmas Drama - The Secret of Joy

Այս տարի Սուրբ Ծննդեան լրացուցիչ միջոցառումներով եւ բարեմաղթանքներով այցելութիւններ կատարուեցան նաեւ սահմանամերձ Տաւուշի մարզի ինը գիւղերուն։ Յատուկ ծրագրով միջոցառումներ կազմակերպուեցան եւ նուէրներ բաժնուեցան նաեւ Իջեւանի Սոս մանկական գիւղի 72 ծնողազուրկ երեխաներուն։ Նոյնպէս այցելութիւն տրուեցաւ Սպիտակ քաղաքի բժշկական վերականգնումի կեդրոնը, ուր կը բուժուին autism-ով տառապող 30 երեխայ։ Սուրբ Ծննդեան նուէրները մեծ ուրախութիւն պարգեւեցին անոնց, զգալով որ իրենք առանձին ու լքուած չեն։ Իսկ Գեղարքունիքի մարզի խիստ կարիքաւոր Մարտունի գիւղին մէջ, ուր կ՚ապրին 1915-ի ջարդէն մազապուրծ եղած հայերու ժառանգորդները, կազմակերպուած Սուրբ Ծնունդի նուիրուած հանդիսութեան արձագանքը շատ մեծ էր, քանի որ գիւղին մէջ առաջին անգամ ըլլալով նմանատիպ մեծ միջոցառում մը տեղի կ՚ունենար:

Բոլոր երեխաները կը սիրեն նուէրներ ստանալ, յատկապէս երբ այդ նուէրները տարուէ տարի կը դառնան առաւել եւս հետաքրքիր ու գրաւիչ։ Յանուն ԱՀԱԸ-ի եւ հազարաւոր մանուկներու որոնք մասնակցեցան այս տօնակատարութիւններուն, շնորհակալութեան խօսք ունինք բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս եւ իրենց աղօթքներով մասնակցեցան այս Ծնունդի ծրագիրներուն։ Յատուկ շնորհակալութիւն Նէլսըն Ռանտօլֆի եւ Էլ Ճիպիլեանի, որոնք համագործակցեցան այս նուէրները հաւաքելու եւ Միացեալ Նահանգներէն Հայաստան առաքելու աշխատանքին։ Նէլսընը եւ Էլը այս տարի եւս կամաւորներու հետ միատեղ Հայաստան մեկնեցան անձնապէս մասնակից դառնալու նուէրներու փաթեթաւորման աշխատանքներուն ԱՀԱԸ-ի Երեւանի կեդրոնէն 35 այլ կամաւորներու կողքին։ Վերջին տարիներու անոնց համագործակցական աշխատանքներուն շնորհիւ ԱՀԱԸ-ի Հայաստանի եւ Արցախի մէջ իրագործուող Ծնունդի ծրագիրները աւելի ամրապնդուած են եւ կը շարունակեն ծաւալիլ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment