Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ ԵԱՀԿ-ն Թուրքիոյ Իշխանութիւններուն Կոչ Կ’ընէ Բացայայտել Տինքի Սպանութիւնը

ԵԱՀԿ-ն Թուրքիոյ Իշխանութիւններուն Կոչ Կ’ընէ Բացայայտել Տինքի Սպանութիւնը

by MassisPost

«Ամէն տարի մենք կը նշենք Հրանդ Տինքի սպանութեան տարելիցը, կը մեծարենք անոր քաջութիւնը փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու համար պայքարին, եւ յարգանքի տուրք կը մատուցենք խաղաղութիւն հաստատելուն ուղղուած անոր բացառիկ ջանքերը»,- ըսած է ԵԱՀԿ մամլոյ ազատութեան հարցերով ներկայացուցիչ՝ Տունիա Միյաթովիչ: «Եւ ամէն անգամ մենք ստիպուած ենք յիշել, որ նոյնիսկ մէկ տասնամեակ անց այս ողբերգութեան պատուիրատուները անպատիժ կը մնան»:

19 Յունուար, 2007-ին Պոլիս հրապարակուող երկլեզու՝ հայերէն եւ թրքերէն «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագիր Տինք սպաննուեցաւ իր խմբագրութեան մուտքին մօտ: Թէեւ մարդասպանը՝ Օգիւն Սամասթ, յայտնաբերուած եւ դատապարտուած է 22 տարուան ազատազրկման, յանցագործութիւնը ամբողջութեամբ չէ բացայայտուած: Տունիա Միյաթովիչ այս առնչութեամբ ըսած է․«Ես կոչ կ’ընեմ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն աշխուժացնել ջանքերը, որպէսզի արդարադատութիւնը իրականանայ եւ որպէսզի Հրանդ Տինքի հարազատներուն եւ ընկերներուն մէկ տասնամեակ շարունակ անպատասխան մնացած հարցերը պատասխաններ ստանան: Իշխանութիւնները պէտք է նաեւ վերահաստատեն իրենց հասարակութեան ուղղուած այն կարեւորագոյն ուղերձը, որ լրագրողներու դէմ բռնութիւնը անպատիժ չի մնայ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment