«Ես մշտապէս ըսած եմ, որ մենք կարիք չունինք Թուրքիոյ կառավարութենէն թոյլտուութիւն ստանալու Պոլսոյ պատրիարքի ընտրութիւններուն համար»․ըսաւ Թուրքիոյ Մեճլիսի Ժողովրդադեմոկրատական կուսակցութեան պոլսահայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան:
«Բայց պատրիարքի փոխանորդ Արամ Աթեշեանը եւ որոշ հայեր դէմ են անոր: Ես կ’ըսեմ՝ ոչ, մենք պարզապէս պէտք է անոնց տեղեկացնենք, որ օրը որոշուած է, ընտրութիւններ պէտք է ըլլան»,- ըսաւ Կարօ Փայլան, շարունակելով. «Ան գիտէ, որ այս ընթացքին Թուրքիա թոյլ չի տար։ Եւ օգտագործելով առիթը՝ ան կը փորձէ մի քանի ամիսով կամ տարիով շարունակել զբաղեցնել պատրիարքի աթոռը»: