Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Ատրպէյճանը Եւրոպացի «Չինովնիկներուն» Սեւ Խաւիարով ու Ոսկեղէնով կը Կաշառէ

Ատրպէյճանը Եւրոպացի «Չինովնիկներուն» Սեւ Խաւիարով ու Ոսկեղէնով կը Կաշառէ

by MassisPost

Հրապարակուած է Խայտառակ Զեկոյցի Երկրորդ Մասը

Armtimes.com-ը գրած է, որ «Կայունութեան եւրոպական նախաձեռնութիւն»-ը հրապարակած է «Խաւիարային դիւանագիտութիւն, եւրոպական ճահիճ» անունը կրող զեկոյցի երկրորդ մասը, որուն մէջ ներկայացուած են Ատրպէյճանի կողմէ եւրոպացի տասնեակ պաշտօնեաներու կաշառման աղաղակող նոր փաստեր:

Մասնաւորապէս, նշուած է Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար, Իտալիան ներկայացնող պատգամաւոր Լուքա Վոլոնտէ անունը: Իտալիոյ գլխաւոր դատախազութիւնը հաստատած է անոր աշխուժ մասնակցութիւնը կաշառակերութեան ծրագրերուն, եւ Վոլոնտէ համաձայնած է համագործակցիլ քննչական մարմիններու հետ: Վոլոնտէ հրապարակած է եւրոպացի շատ պաշտօնեաներու անուններ, որոնք գումարներ ստացած են Ատրպէյճանէն: Այդ առումով հետքերը կը տանին ԵԽԽՎ նախագահ, Իսպանիան ներկայացնող Փետրո Արկամունթի մօտ: Անձամբ Վոլոնտէ խոստովանած է , որ Ատրպէյճանէն երեք միլիոն եւրօ ստացած Պաքուի մատուցած կեղտոտ լոպիստական ծառայութիւններու դիմաց:  Ատրպէյճանէն ստացուած գումարներու մէկ մասը ան փոխանցած է այլ պատգամաւորներու:

Կազմակերպութիւնը խոստացած է յառաջիկային նոր մանրամասներ հրապարակել հետաքննութեան վերաբերեալ:

Զեկոյցի առաջին մասը հրապարակուած է 2012 թուականին: Անոր մէջ, մասնաւորապէս, նշուած է, որ ԵԽԽՎ-ի մէջ, Ատրպէյճան ունի 10-12 բարեկամ եւ մօտ 3-4 հոգի ԵԽԽՎ քարտուղարութեան մէջ: Անոնք, ըստ զեկոյցի, տարեկան 4 անգամ իբրեւ «նուէր» կէս քիլօ խաւիար կը ստանան, որուն արժէքը մօտ 1400 եւրօ է: Եւրոպացի պատգամաւորները կը հրաւիրուին են Պաքու, ուր արեւելեան աւանդոյթի համաձայն, «նուէրներ» կը ստանան ոսկեայ, արծաթեայ զարդերու, թանկարժէք գորգերու եւ 2 քիլօ խաւիարի տեսքով:

Անոր դիմաց պատգամաւորները դրական գնահատականներ կու տան Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններու, մարդու իրաւունքներու վիճակի վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ հակահայկական գործունէութիւն կը ծաւալեն ԵԽԽՎ-ի մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment