Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՄԱԿ-ի Մօտ Ամերիկայի Դեսպանը 1915-ի Իրադարձութիւնները Բնորոշած Է Որպէս Ցեղասպանութիւն

ՄԱԿ-ի Մօտ Ամերիկայի Դեսպանը 1915-ի Իրադարձութիւնները Բնորոշած Է Որպէս Ցեղասպանութիւն

by MassisPost

ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Սամանթա Փաուըր, անցեալ շաբաթ 1915 թուականի իրադարձութիւնները բնորոշած է որպէս ցեղասպանութիւն: Այս մասին կը հաղորդէ Associated Press լրատուական գործակալութիւնը:  Նիւ Եորքի մէջ, Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր` Էլի Վիզելի յիշատակին նուիրուած արարողութեան ժամանակ, Սամանթա Փաուըր խօսած է մինչ օրս շարունակուող պատմական անարդարութիւններու մասին, անոնց շարքին յիշատակելով նաեւ Հայոց  ցեղասպանութեան ժխտումը:

Գործակալութիւնը կ’ընդգծէ, որ յայտարարութիւնը արտառոց էր, հաշուի առնելով, որ Սամանթա Փաուըր կարգավիճակով Ամերիկայի երկրորդ ամենաբարձրաստիճան դիւանագէտն է եւ կրնայ այս ընկալուիլ որպէս անոր կողմէ քննադատութիւն Պարաք Օպամայի հասցէին, որ խոստացած էր յաղթանակի պարագային ճանչնալ հայերու ջարդերը, որպէս ցեղասպանութիւն, բայց յետոյ պարբերաբար դրժած էր խոստումը`  «Ապրիլ 24-ի իր ուղերձներուն մէջ տեղի ունեցածը բնորոշելով որպէս 20-րդ դարու առաջին զանգուածային կոտորածներ եւ ողբերգութիւն, որ պէտք չէ կրկնուի»,- կը յիշեցնէ Associated Press:

Սամանթա  Փաուըր  մինչեւ Օպամայի վարչակազմի անդամ դառնալը ամերիկեան հեղինակաւոր Բիւլիթզըր մրցանակի արժանացած լրագրող էր, որ յաճախ կ’անդրադառնար ցեղասպանութիւններու հարցով Միացեալ Նահանգներու վարած քաղաքականութեան:

Միացեալ  Նահանգներու Պետական Քարտուղարութեան   խօսնակ Մարք Թոնըր պնդած է, թէ այս հարցով ամերիկեան պաշտօնական ուղեգիծը  չէ փոխուած: «Նախագահն ու վարչակազմի  միւս բարձրաստիճան պաշտօնեաները բազմիցս սգացած են եւ ճանչցած մէկեւկէս միլիոն հայերու  նկատմամբ իրականացուած վայրագութիւնները` ընդգծելով, որ պատմական փաստերու ամբողջական, անկեղծ ու արդար ճանաչումը կը բխի բոլորի շահերէն», – յայտարարած է Պետական  Քարտուղարութեան խօսնակը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment