Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ՍԴՀԿ Մասնակցեցաւ Փաղանգաւոր Կուսակցութեան 80-Ամեակին

ՍԴՀԿ Մասնակցեցաւ Փաղանգաւոր Կուսակցութեան 80-Ամեակին

by MassisPost

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 3-ին երեկոյեան, Պըրպէնքի «Starlight» սրահին մէջ տեղի ունեցած պաշտօնական ճաշկերոյթի մը ընթացքին նշուեցաւ Լիբանանեան Փաղանգաւոր կուսակցութեան հիմնադրութեան 80-ամեակը:

Հանդիսութեան հրաւիրուած էին Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը, Ընկերվարական Յառաջդիմական Կուսակցութիւնը, Լիբանանեան Ուժերը եւ այլ կազմակերպութիւններ:

Այս առթիւ ելոյթ ունեցան Փաղանգաւոր կուսակցութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի ներկայացուցիչները, Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոս Ճոնի Իպրահիմ, ընթերցուեցաւ Մարոնիթ Պատրիարք Պըշարա Ռաաիի պատգամը, ինչպէս նաեւ վիտիոերիզով ներկայացուեցաւ Կուսակցութեան նախագահ Սամի Ճմայէլի խօսքը:

Այս առթիւ յատուկ  արարողութեամբ մը մեծարանքի արժանացաւ Լոս Անճելըսի Մարոնիթ եկեղեցւոյ Եպիսկոպոս` Էլիաս Զէյտան:

Այլ կազմակերպութիւններու շարքին, շնորհաւորական   խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմինի ատենապետ Ընկ. Գրիգոր Խոտանեան: Ապա, Կուսակցութեան Լիբանանեան հարցերու պատասխանատու`  Ընկ. Թադէոս Քէորողլեան Եպիսկոպոս Զէյտանին յանձնեց ՍԴՀԿ կողմէ պատուոյ յուշատախտակը մը` առ ի գնահատանք Լիբանանեան համայնքէն ներս անոր ունեցած երկարամեայ ծառայութեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment