Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստան Ուղարկուած Դրամատնային Փոխանցումներու Ներհոսքը Նուազեր է

Հայաստան Ուղարկուած Դրամատնային Փոխանցումներու Ներհոսքը Նուազեր է

by MassisPost

Այս տարուան Հոկտեմբերին անհատներու կողմէ Հայաստանի պանքերու միջոցով արտերկրէն ստացուած փոխանցումներու զուտ ներհոսքը կազմեր է 60 միլիոն 400 հազար տոլար: Նկատենք, որ անցած տարուան Հոկտեմբերի համեմատ՝ Հայաստան ուղարկուած դուրսի փողերու՝ փոխանցումներու զուտ ներհոսքը նուազեր է 21 միլիոն 568 հազար տոլարով: Այսպիսով՝ կարող ենք արձանագրել, որ Հոկտեմբերին եւս փոխանցումները շարունակեր են անցած տարուան համեմատ նուազիլ:

Այս տարուան տասը ամիսներու արդիւնքներով՝ փոխանցումներու զուտ ներհոսքը կազմեր է 556 միլիոն 540 հազար տոլար: Մինչդեռ 2015 թուականի տասը ամիսներու արդիւնքներով՝ փոխանցումներու ներհոսքը կազմեր էր 738 միլիոն 16 հազար տոլար: Ռուսիոյ Դաշնութիւնէն ստացուած փոխանցումներու զուտ ներհոսքը այս տարուան Հոկտեմբերին եղեր է 49 միլիոն 41 հազար տոլար, զոր 2015 թուականի Հոկտեմբերին կազմեր է 66 միլիոն հազար տոլար, իսկ ԱՄՆ-էն այս տարուան Հոկտեմբերին ստացուած զուտ ներհոսքը կազմեր է 5393 տոլար, իսկ անցած տարուան նոյն ժամանակահատուածին մէջ կազմեր է 8411 տոլար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment