Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵՄ-ը եւ Հ.Բ.Ը.Մ.ը Ստորագրել են 2 Միլիոն Եւրօ Դրամաշնորհի Պայմանագիր Հայաստանի մէջ Քաղաքացիական Հասարակութեան Ձեւաւորման Համար

ԵՄ-ը եւ Հ.Բ.Ը.Մ.ը Ստորագրել են 2 Միլիոն Եւրօ Դրամաշնորհի Պայմանագիր Հայաստանի մէջ Քաղաքացիական Հասարակութեան Ձեւաւորման Համար

by MassisPost

Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) պատուիրակութիւնը եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (Հ.Բ.Ը.Մ.) ստորագրեր են 2 միլիոն եւրօ դրամաշնորհի տրամադրման պայմանագիր, որով կը պայմանաւորուի Հայաստանի մէջ քաղաքացիական հասարակութեան ձեւաւորմանն աջակցող եռամեայ ծրագրի մեկնարկը։

Հայաստանի մէջ քաղաքացիական հասարակութեան հետ աւելի սերտ ներգրաւման նպատակով Հ.Բ.Ը.Մ.ն աքթիւօրէն (գործնականօրէն) կ’որդեգրէ նոր ռազմավարական ուղղութիւն, եւ սոյն դրամաշնորհի միջոցով կ’առնուին այս ուղղութեամբ առաջին քայլերը։ «Քաղաքացիական հասարակութեան աջակցութիւն» ծրագիրը պիտի իրականացուի Հ.Բ.Ը.Մ. Հայաստանի կողմէն՝ Եւրասիա համագործակցութիւն հիմնադրամի հետ գործընկերութեամբ։
Ծրագիրը կը միտի տեղական Քաղաքացիական Հասարակութեան Կազմակերպութիւններու (ՔՀԿ) կարողութիւններու զարգացման, ինչպէս նաեւ անոնց համագործակցային հնարաւորութիւններու ընդլայնմանն ու ամրապնդմանը։ Յատուկ ուշադրութիւն պիտի դարձուի Սփիւռքի եւ տեղական ՔՀԿ-ներու փորձագէտներու միջեւ կապերու ստեղծման, գիտելիքներու եւ փորձի փոխանակման, ապահովելով Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան առօրեայ կեանքին մէջ Սփիւռքի աւելի մեծ ներգրաւումը։

Նշենք, որ «Քաղաքացիական հասարակութեան աջակցութիւն» ծրագիրը ներկայիս կը համալրէ ԵՄ-ի կողմից ֆինանսաւորուող (նիւթապէս աջակցող) կարողութիւններու զարգացման ծրագիրը՝ շեշտը դնելով մօտ 100 քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններու (ՔՀԿ) ներքին եւ արտաքին կարողութիւններու զարգացման, ինչպէս նաեւ ԵՄ-ի կողմէն ֆինանսաւորուող այլ ընթացիկ նախաձեռնութիւններու վրայ (օր.՝ համայնքային զարգացումը սոցիալական ձեռներէցութեան միջոցով – գոտ SE ծրագիրը – Սոցիալական արձագանգը՝ ուղղուած Հայաստանի մէջ աշխատանքային միգրացիային (Միասին յանուն Հայաստանի):
Այս նախաձեռնութիւնը լիովին համահունչ է ԵՄ-ի՝ Հայաստանի մէջ քաղաքացիական հասարակութեան ներգրաւմանն ուղղուած 2014-2017թթ. քարտէսագրած առաջնահերթութիւններուն եւ 2015թ. –ի տարեկան գործողութիւններու ծրագրին:

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (Հ.Բ.Ը.Մ.) Սփիւռքի հնագոյն, համաժողովրդական եւ համահայկական կազմակերպութիւնն է:

Հ.Բ.Ը.Մ.-ն իր կրթական, մշակութային ու մարդասիրական գործունէութեամբ կը նպաստէ հայկական ինքնութեան ու ժառանգութեան պահպանմանն ու զարգացմանը: Այդ գործունէութեան շնորհիւ տարեկան շուրջ 500 հազար հայեր կ’առնչուին միութեան ծրագիրներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment