Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Միջազգային «Ֆիչ Ռէյթինկս» Գործակալութիւնը Երեւանին Շնորհեր է Կայուն Վարկանիշ

Միջազգային «Ֆիչ Ռէյթինկս» Գործակալութիւնը Երեւանին Շնորհեր է Կայուն Վարկանիշ

by MassisPost

Միջազգային «Ֆիչ Ռէյթինկս» (Fitch Ratings) գործակալութիւնը հանրային ֆինանսներու (աջակցութիւններու) բնագաւառին մէջ Երեւանին շնորհեր է B+/կայուն վարկանիշ: Նման վարկանիշի առկայութիւնը միջազգային խոշոր ներդնողներու կողմէն Երեւանի մէջ ուղղակի ներդրումներ կատարելու որոշումներ ընդունելու մէջ կարող է կարեւորագոյն խթանիչ գործօն հանդիսանալ։

Այդ մէկը կարեւոր է նաեւ Երեւանի ներդրումային միջավայրի յետագայ զարգացման համատեքստին մէջ, որպէս մայրաքաղաքի համբաւի բարձրացման յստակ չափորոշիչ եւ իւրօրինակ ուղերձ` միտուած ինչպէս միջազգային, այնպէս ալ տեղական ներդրողներուն եւ վարկատու կազմակերպութիւններուն։

Աշխարհի առաջատար մասնագիտացած կազմակերպութեան կողմէն շնորհուած վարկանիշը միջազգային վարկային կազմակերպութիւններու եւ գործարարներու համար կարեւոր ցուցիչ է, քանի որ ներդրումային շուկայ ընտրուելէ յետոյ նման կառոյցներու կողմէն հրապարակուած ցուցանիշներն ու կայունութեան կանխատեսումները գործնականին մէջ կը համարուին արժանահաւատ եւ հիմնաւոր։

«Ֆիչ Ռէյթինկս» (Fitch Ratings) ամերիկեան Գործակալութիւնը կը համարուի աշխարհի երեք առաջատար վարկանիշային գործակալութիւններէն մէկը, որ համաշխարհային ներդրումային շուկաներուն կը տրամադրէ աշխարհի տարբեր երկիրներու կամ քաղաքներու տնտեսութեան ռիսքերու (արկածախնդրութիւններու) եւ առկայ ֆինանսական ցուցանիշներու վերաբերեալ տեղեկատուութիւն:

Միջազգային գործակալութեան կողմէն վարկանիշի շնորհման արդիւնքին մէջ Երեւանն այսուհետեւ ներգրաւուած կ’ըլլայ աշխարհի քաղաքներու ֆինանսական քարտէսին մէջ, իսկ մայրաքաղաքի ֆինանսատնտեսական ցուցանիշներու տինամիքան եւ ռիսքերու կանխատեսումը կը գտնուի միջազգային հեղինակաւոր կազմակերպութիւն մշտադիտարկման տիրոյթին մէջ:

Յիշեցնենք, որ այս տարուան Սեպտեմբերին Երեւանի քաղաքապետարանը և «Ֆիչ Ռեյթինկս» (Fitch Ratings) կազմակերպութիւնը ստորագրեցին Երեւան քաղաքի հանրային ֆինանսական բնագաւառին մէջ միջազգային վարկանիշ շնորհելու գործընթաց իրականացնելու մասին համագործակցութեան համաձայնագիր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment