Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Stratfor․ Ապրիլեան Հակամարտութեան Ժամանակ Հայաստանը Կասկածի Տակ Դրած էր Ռուսիոյ իր Հաւատարմութեան Ամրութիւնը

Stratfor․ Ապրիլեան Հակամարտութեան Ժամանակ Հայաստանը Կասկածի Տակ Դրած էր Ռուսիոյ իր Հաւատարմութեան Ամրութիւնը

by MassisPost

Երբ Ապրիլին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը եղաւ, Հայաստանը կասկածի տակ դրաւ Ռուսիոյ նկատմամբ իր հաւատարմութեան ամրութիւնը։ Այս մասին ըսուած է Stratfor վերլուծական կեդրոնի զեկոյցին, որ նուիրուած է Ռուսիոյ։

«Թշնամանքը գուցէ բռնկուել էր մասամբ այն պատճառով, որ Ռուսաստանը չափից շատ էր զբաղուած սուրիական ու ուքրաինական հակամարտութիւններով եւ միջամտելու հնարաւորութիւն չունէր։  Եթէ ԱՄՆ նոր վարչակազմի օրոք Արեւմուտքը Մոսկուային աւելի քիչ մարտահրաւէրներ նետի, Ռուսաստանը կը կարողանայ ամրապնդել իր դիրքերը որպէս հակամարտութեան կարգաւորման գլխաւոր միջնորդ»։

Փորձագէտներու խօսքով, նոյնիսկ այն երկիրները, որոնք քիչ թէ շատ չէզոք էին Արեւմուտքի ու Ռուսիոյ միջեւ դիմակայութեան հարցով, կրնան շտկել իրենց դիրքորոշումները։ Այդ մասին կը վկայեն օրինակ ռազմական համագործակցութեան ամրապնդման մասին վերջին բանակցութիւնները Իւզպէքիստանի ու Ատրպէյճանի հետ, որոնք կ′ուզեն խորացնել Մոսկուայի հետ իրենց յարաբերութիւնները։

Ընդհանուր առմամբ, զեկոյցի հեղինակները կը կարծեն, որ երեք տարուան տնտեսական անկումէն ու Արեւմուտքի հետ վէճերէն յետոյ Ռուսիոյ դրութիւնը կարծես կը լաւանայ։ ԽՍՀՄ նախկին երկիրները հետեւած են Ուաշինկթոնի ու Եւրոպայի մէջ ընթացող փոփոխութիւններուն ու գուցէ կը վերագնահատեն իրենց դիրքորոշումները Մոսկուայի նկատմամբ։

Անոնց կարծիքով 2017-ին Ռուսիան գուցէ կ′օգտուի իր շրջապատին ազդեցութիւնը ամրապնդելու հնարաւորութենէն՝ ԱՄՆ-ի նոր վարչակազմի ձեւաւորման ու ԵՄ-ի պառակտումներու ֆոնին։ «Սակայն նախկին խորհրդային երկիրներ Ռուսաստանի վերադարձը հեռու կը լինի 2000-ականների իրավիճակից, երբ Ռուսաստանի տնտեսութիւնը բարգաւաճում էր, քաղաքական համակարգում էլ ցնցումներ չկային։ Նոյնիսկ եթէ 2017-ին Արեւմուտքը թուլացնի Մոսկուայի դէմ պատժամիջոցները, ԱՄՆ-ն ու ՆԱՏՕ-ն դժուար թէ հրաժարուեն իրենց դաշնակիցներից՝ ի դէմս նախկին խորհրդային երկրների։ Այդուհանդերձ, քաղաքական վերափոխումները, որոնք տեղի են ունենում Եւրոպայում ու ԱՄՆ-ում, կարող են Մոսկուային աւելի շատ հնարաւորութիւն տալ ամբողջ Եւրասիայում իր հեղինակութիւնը վերականգնելու համար», – ամփոփած են հեղինակները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment