Home ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ Երուսաղէմ Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութիւն. Առ ի Գիտութիւն

Երուսաղէմ Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութիւն. Առ ի Գիտութիւն

by MassisPost

jerusalemԱյսու հաճեցէք տեղեակ դառնալ Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան եւ անոր Ամենապատիւ Գահակալ` Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի մասին շրջան ընող լուրերուն:

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքին մուտքը Յորդանան արգիլուած չէ: Պատրիարք Սրբազան Հայրն ու Պատրիարքութիւնը կը վայելեն Յորդանանի Հաշեմական Թագաւորին եւ պետութեան  յարգանքն ու սէրը,- կը յայտարարէ Հոգեշնորհ Տ. Պարետ Ծայրագոյն Վարդապետ Երէցեան, որպէս Միաբանութեան Կալուածոց Տեսուչ, հիմնուելով վերջերս իր կատարած պաշտօնական այցելութեան Յորդանանի Հաշեմական Թագաւորութեան պալատ, Ամման:

Ինչ կը վերաբերի Պոլսոյ մէջ գտնուող մեր կալուածներուն, Երուսաղէմի Հայ Պատրիարքութիւնը աչալրջօրէն կը մօտենայ այս հարցին եւ կը հետապնդէ այս հարցը օրինական միջոցներով` առանց թմբուկի ու փողահարութեան: Այժմ հարցը յանձուած է Թուրքիոյ Բարձրագոյն Ատեան եւ մենք կը սպասենք մեր վանքապատկան կալուածներուն վերադարձին իր վաւերական եւ օրինական տէրերուն` Երուսաղէմի Հայոց Պատրիար-քութեան:

Գալով վանքապատկան «կովերու պարտէզ» կոչուած հողատարածքին հետ առնչուող երեւակայական «համաձայնագրին», կը խնդրենք Պրն. Նահապետ Մելքոնեանէն որ երեւան հանէ այդ փաստաթուղթը եւ մենք ալ տեղեակ ըլլանք թէ նման բան մը տեղի ունեցեր է: Չենք ուզեր իր եւ թերթին միջոցով ղրկուած լուրերուն մասին աւելի խօսիլ` նկատի առնելով իր առողջական վիճակը, զոր կը թողունք Աստուծոյ բարեհաճ տնօրինութեան: Եթէ Պրն. Նահապետ Մելքոնեան յուսախաբ է Հայոց  Երուսաղէմի Պատրիարքէն, շատ ճիշդ պիտի ընէ վերադարձնելով այն շքանշանը, որով Ամենապատիւ Պատրիարք Հայրը զարդարեց իր լամբակը Գալիֆորնիոյ մէջ:

Հ. Պարետ Ծ. Վարդապետ Երէցեան
Կալուածոց Տեսուչ

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment