Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Հենրիկ Անասեանի «Ա’յս Եմ Ես…» Գիրքի Շնորհանդէսը

Հենրիկ Անասեանի «Ա’յս Եմ Ես…» Գիրքի Շնորհանդէսը

by MassisPost

Լոս Անճելոսի եւ շրջակայքի հայութիւնը «Անասեանական գեղարուեստական երեկոյ»ի մը վայելքն ապրեցաւ Նոյեմբերի 20ի երեկոյեան, Կլենտէյլի Գարամանուկեան սրահին մէջ: Արդարեւ, այդ երեկոյ աւելի քան 200 գրասէր հասարակութեան մը ներկայութեան տեղի ունեցաւ ճանչցուած երգահան, խմբավար, գրող եւ հասարակական գործիչ Հենրիկ Անասեանի վերջին հատորի («Ա’յս եմ ես…» շնորհանդէսը:

Գալիֆորնիոյ Գրողներու Միութեան անունով բացման ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Յ. Նալապանտեան: Ան յայտնեց որ միութեան նորակազմ վարչութեան նախագահ ընտրուած է Հենրիկ Անասեանը: Միութիւնը կը ծրագրէ վերաշխուժացնել իր գործունէութիւնը, որուն ծիրէն ներս ընդգրկուած է այսօրուան միջոցառումը:

anasian2Օրուան առաջին բանախօսն էր անուանի հայագէտ փրոֆէսոր Արտեմ Սարգսեանը: Ան հանգամանօրէն ներկայացուց Հենրիկ Անասեանի «Ա’յս եմ ես…» գրական շարքի 6րդ հատորը: Արժեւորելով հեղինակի այս նոր գիրքը ան գնահատեց անոր առանձնայատկութիւնները, լեզուի, ոճի պարզութեան ու մատչելիութեան, ինչպէս նաեւ գեղարուեստական արժանիքները: Անասեանի մէջ նկատեց զուգահեռ տաղանդներ երաժշտական եւ գրական ասպարէզներու մէջ:

Հենրիկ Անասեանի գրական գործերէն «Որսկան Ախպեր» պատմուածքի ընթերցումը կատարեց Երեւանի Գ. Սունդուկեանի անուան թատրոնի երբեմնի դերասան Յարութիւն Ֆոտուլեանը:

Ծանօթ գրագիտուհի Լիլիթ Քեհեանը խօսք առնելով նշեց որ կարդալէ ետք Անասեանի 6րդ հատորը գովասանքով պէտք է  այտայայտուիլ հեղինակի նկարագրած դրուագներուն, հայրենաշունչ գրելաոճին, գեղարուեստկան բարձր ճաշակին ու այլ արժանիքներուն մասին:

Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան բանաստեղծ Գէորգ Քրիստինեան, Մաշտոց Գոլէճի նախագահ Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան, ինչպէս նաեւ Երեւանի Աւետիք Իսահակեանի անուան գրադարանի տնօրէնուհի եւ հայրենի յայտնի մտաւորականուհի Տիկ, Յասմիկ Կարապետեան: Վերջին երկու անձերը իրենց բարեմաղթութիւնները յայտնելէ ետք նշեցին որ յառաջիկայ 2017ին ամրան, կը ծրագրեն նշել Գալիֆորնիոյ Հայ Գրողներու Միութեան նախագահ Հենրիկ Անասեանի ծննդեան 80 եւ ստեղծագործական-կատարողական գործունէութեան 60 ամեայ յոբելեանը:

Այս փառաշուք երեկոյի գեղարուեստական ճոխ բաժինին Անասեանի յօրինած երգերու կատարումներով իրենց մասնակցութիւնը բերին շնորհալի երգիչներ Կարինէ Գէորգեան «Սէրն է գալիս», Հերմինէ Ամիրեան «Էն Հաւքերՙ եւ «Ափսոսանքՙ, Մարալ Բարսեղեան «Աղաւնիներՙ եւ «Սէրը» եւ Արամ Անասեանը «Ափ մը Հող»: Բոլոր կատարումներուն դաշնամուրով կ’ընկերակցէր փրոֆ. Լեւոն Աբրահամեանը:

Աւարտին ելոյթ ունեցաւ օրուան մեծարեալը Հենրիկ Անասեան: Ան մէկ առ մէկ շնորհակալութիւն յայտնեց այս յիշատակելի միջոցառումի բոլոր մասնակիցներուն, միաժամանակ  խոստանալով իր ծառայութիւնը շարունակել ի սպաս եւ փառաւորումն հայ մշակոյթին: Ապա յայտարարեց իր զաւկին Արամի ելոյթը` «Գուսանի Երգը», Արմէն Տիգրանեանի «Դաւիթ Բեկ» օփերայէն:

Վարձքդ կատար սիրելի մաեսթրօ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment