Հարաւային Գալիֆորնիա կը գտնուի Արցախի փոխ վարչապետ Արթուր Աղաբէկեան, Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի տեղական վարչութեան հրաւէրով: Այս առիթով Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, Նոյեմբերի 19-ին 2016, հանդիպում մը ունեցաւ Արցախի հանրապետութեան փոխ վարչապետին հետ, Կլենտէյլի «Հիլթոն» պանդոկին մէջ: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Գաբրիէլ Մոլոյեան, Սուրէն Խուտանեան, Տօքթ. Արշակ Գազանճեան եւ Վահէ Աջապահեան:
Սոյն հանդիպման ներկայ էին նաեւ Արցախի Թեմի առաջնորդ Գերշ. Պարգեւ Արքեպս. Մարտիրոսեան, Ուշաինկթընի մօտ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Լոս Անճելոսի փոխ հիւպատոս Ռազմիկ Ստեփանեան:
Տեսակցութեան սկիզբը փոխ վարչապետը ներկաները ողջունելէ ետք, հանգամանաօրէն անդրադարձաւ չորսօրեայ պատերազմին առիթով Արցախի ժողովուրդի եւ պաշտպանութեան բանակի մարտունակութեան ու քաջարի կեցուածքի մասին, որուն նպատակն է պահպանել մեր պապենական հողերու անվտանգութիւնն ու ազատութիւնը: Ան միաժամանակ նշեց նաեւ շրջանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու շեշտեց որոշ կառոյցներու համար ըլլալիք օժանդակութեանց անհրաժեշտութիւնը: Ա©. Աղաբէկեան գոհունակութեամբ անդրադարձաւ նաեւ Ֆրանսայի եւ Հայաստանի Հնչակեան կուսակցութեան պատասխանատուներու կողմէ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի վաղորդայնին ցուցաբերուած արագ եւ կենսական օժանդակութեանց մասին:
Ս.Դ.Հ.Կ. Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմնի փոխ ատենապետ ընկ. Գաբրիէլ Մոլոյեան ողջունելէ ետք փոխ վարչապետի բարենպատակ ներկայութիւնն այս գաղութէն ներս, անդրադարձաւ Ս.Դ.Հ.Կ. Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութեան վերջերս Արցախ կատարած այցելութեան մասին: Անոնք շահեկան հանդիպումներ ունեցած էին Արցախի Հանրապետութեան նախագահին ու առողջապահութեան նախարարին հետ եւ միասնաբար մշակած էին յետագայ օժանդակութեանց ծրագիրները: Արդարեւ Ս.Դ.Հ.Կ. անվերապահօրէն կը զօրակցի Արցախի պետականութեան ու ժողովուրդին:
Աւարտին Պրն. Արթիւր Աղաբէկեան Ղարաբաղեան շարժումի 25-ամեակի յուշամետալով պատուեց Հնչակեան պատուիրակութիւնը: