Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ Պետքարտուղարի Փոխտեղակալ «Կը Շարունակուի Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի Սերտ ու Ամուր Գործընկերութիւնը»

ԱՄՆ Պետքարտուղարի Փոխտեղակալ «Կը Շարունակուի Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի Սերտ ու Ամուր Գործընկերութիւնը»

by MassisPost

ԱՄՆ պետքարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով փոխտեղակալ Պրիճիթ Պրինքը չի կրնար կանխատեսել, թէ ինչ քաղաքականութիւն կը վարէ Միացեալ Նահանգներու յաջորդ նախագահ Տոնալտ Թրամբի վարչակազմը համաշխարհային հարցերու եւ մասնաւորապէս մեր տարածաշրջանին նկատմամբ: Ան ԱՄՆ դեսպանատունը կայացած ասուլիսի ընթացքին՝ նշած է, որ Միացեալ Նահանգները միշտ աջակցած է տարածաշրջանի երկիրներու ժողովրդավարացման ու զարգացման, ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորման հարցով՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ջանքերուն՝ ուղղուած հիմնախնդրի խաղաղ լուծման:

Պրինքը Երեւան եկած է երկու նպատակով, նախ՝ շարունակել Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի սերտ ու ամուր գործընկերութիւնը, երկրորդը՝ լսել Հայաստանի իշխանութիւններու եւ հասարակութեան ներկայացուցիչներու կարծիքները, գաղափարները, թէ ինչպէս կը պատկերացնեն հայ-ամերիկեան երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացումը Միացեալ Նահանգներու իշխանութեան փոխանցումէն յետոյ:

Պրիճիթ Պրինքը նշած է, որ բոլոր նախագահներն ալ առաջին հերթին կը կարեւորեն երկրի ներքին զարգացումը, բայց հնարաւոր չէ այդ տարանջատել արտաքին քաղաքականութենէն, որովհետեւ աշխարհի մէջ տեղի ունեցող զարգացումները կ′ազդեն նաեւ ներքին վիճակին վրայ:

Նշենք, որ ԱՄՆ պետքարտուղարի փոխտեղակալը Հայաստանի ղեկավարութեան հետ հանդիպումներու ժամանակ անդրադարձած է հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու զարգացման, Հայաստանի ներքին խնդիրներուն, մասնաւորապէս՝ Հայաստանի մէջ կատարուող բարեփոխումներուն՝ ներառեալ պայքարը կաշառակերութեան դէմ եւ արդարադատութեան համակարգի բարեփոխումները, ինչպէս նաեւ ղարաբաղեան հիմնախնդրին:

Պրիճիթ Պրինքը վերջին մէկ օրուան ընթացքին, իր խօսքերով, «գերազանց հանդիպումներ է ունեցել» Հայաստանի նախագահի, արտաքին գործերու նախարարի, քաղաքական գործիչներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու հետ, աւելի ուշ կը հանդիպի նաեւ ՀՀ վարչապետի եւ փոխվարչապետի հետ: Երեւանից ան կը մեկնի Թիֆլիս, այնուհետեւ՝ Պաքու:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment