Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Ցեղասպանութեան Փաստահաւաքներու Անխոնջ Ռահվիրան` Արմէն Արոյեան

Ցեղասպանութեան Փաստահաւաքներու Անխոնջ Ռահվիրան` Արմէն Արոյեան

by MassisPost

armen-aroyan-picture-1ԱՆԹՈՒԱՆ ԳԱՐԱՄԱՆԼԵԱՆ

Ո՞վ չի ճանչնար կամ գէթ չէ լսած Արմէն Արոյեանի մասին:
Վերջերս, պարագաներու բերմամբ աւելի մօտէն ծանօթացայ Արմէնին եւ առիթը ունեցայ ուսումնասիրելու իր անբասիր նկարագիրը:
Հայրենիքը եւ բովանդակ սփիւռքի հայութիւնը երախտապարտ է այս հայորդիին նկատմամբ:
Արմէն Արոյեան, նկարագրով չափազանց համեստ, համակրելի եւ օրինակելի անձնաւորութիւն մըն է: Հազիւ իր մասին գովասանք շռայլես, կը խպնի, կը կարմրի պատանիի մը ամչկոտութեամբ: Սակայն իր արատքին երեւոյթով մի՛ դատէք զինք: Ան արհեստով ելեկտրական ճարտարագէտ  եղած է, որ լքելով ամէն բան, ինքզինք նուիրած է ցեղասպանութեան փաստեր հաւաքելու սրբազան առաքելութեան:
Արմէն ցարդ 83 շրջապտոյտներ կազմակերպած է դէպի Թուրքիա: Մասնակցողներու շարքին, կը գտնուին բարձրագոյն ուսում ստացած ակադեմիկոսներ, գրողներ, փրոֆեսէօրներ եւ միջազգային համբաւի տիրացած հայ եւ օտար մշակոյթի պատկանող անձնաւորութիւններ:
Արմէն այս շրջապտոյտները կ’անուանէ «Ուխտագնացութիւն»:
Արմէնին միացող «Ուխտաւորներ»ու թիւը գրեթէ 1,500 է, որոնք վայելած եւ «ըմբոշխնած» են իր յաջող եւ արկածանդրական շրջապտոյտները:
Այս խոնարհ հերոսը լռիկ-մնջիկ կը կատարէ իր նպատակադրած բոլոր ցրագիրները. կ’երթայ Թուրքիոյ ամէնամութ գիւղերու խորշերը պեղելու, հաւաքագրելու հայկական որեւէ նիւթ կամ տեղեկութիւն եւ շնորհիւ իր տքնաջան ու անձանձիր կամքին, ո՛վ հրաշք, ան լոյս աշխարհ կը յայտնաբերէ անհերքելի փաստեր ցեղասպանութեան ֆարցին:
Արմէն, իր ոսպնեակին մէջ կ’առնէ եւ կը յաւերժացնէ  բազմաթիւ հայկական յուշարձաններ, կոթողներ, խաչքարեր, եկեղեցիներ, դպրոցներ, եւայլն, որոնք անհերքելի փաստեր են Ցեղասպանութեան, եւ այսպէսով, ան ստոյգ կորուստէ կը փրկէ հայ մշակոյթի թանկարժէք բեկորները: Կը նկարէ նաեւ իրեն ընկերակցող «ուխտաւոր»ները, անհատապէս կամ խմբովին: Արդէն մամուլի տակ է իր երկար տարիներու ժրաջան աշխատանքի արգասիքը «Ուխտաւորի Ապրումներ» վերնագրով, եւ մօտիկ ապագային ան պիտի հրատարակէ այս «համայնագիտարան»ը:
Այս բոլորի կողքին, Արմէն բազմատաղանդ  արուստագէտ մըն է. օժտուած է նաեւ նրբաճաշակ երաժշտութեան շնորհքով: Կը ղեկավարէ երգչախումբ, կու տայ համերգներ:
Ցեղասպանութիւնը ծաօթացնելու իր լաւագոյն «զէնքեր»ն են` իր լուսանկարչական գործիքը, ձայնագրութեան եւ տեսաերիզի մեքենաները, եւ այժմէական սարքաւորումները: Ան ունի հսկայական արխիւ մը, ուր տեսաերիզով կամ ձայնագրող մեքենայով հաւաքած, դասաւորած եւ սահիկներու վրայ արձանագրած  է այս բոլորը եւ գուրգուրանքով ու մեծ հոգատարութեամբ կը պահէ այս կոթողային բարձրարժէք գանձերը:
Ինպչէ՞ս չզարմանալ, չհիանալ եւ չխոնարհիլ այսքան մեծղի աշխատանքի դիմաց. Ֆրանսացին պիտի ըսէր. «Շաբօ Պա»:
Արմէն իր անկոտրում կամքով եւ աննկուն հաւատքով առանձինն կը կատարէ քանի մը հայկական կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու միատեղ աշխատանքը:
Ինչպէս վերը յիշեցի, Արմէն երբեք գովասանք չի սպասեր: Ան սիրահարած է իր անշեղ գաղափարին եւ ամենայն լրջութեամբ տակաւին կը շարունակէ պրպտել եւ հաւաքագրել նորանոր նիւթեր, որոնք օր մը անպայման անհերքելի եւ աչք ծակող փաստեր պիտի ըլլան, եւ պիտի ջրեն թուրք կառաւարութեան ուրացումները:
Մենք, այսպիսի անձնաւորութեան մը դիմաց, պարզապէս կը խոնարհինք:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment