Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիւ Եորքի Մէջ Սերժ Սարգսեան Կոչ Ըրաւ Ներդրողներուն` Գալ Հայաստան

Նիւ Եորքի Մէջ Սերժ Սարգսեան Կոչ Ըրաւ Ներդրողներուն` Գալ Հայաստան

by MassisPost

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հոկտեմբեր 10-ին, Նիւ Եորքի մէջ ելոյթ ունենալով Հայաստանի նուիրուած ներդրումային համաժողովի ընթացքին յայտարարեց, որ նոր կառավարութիւնը լայն լիազօրութիւններ ստացած է համարձակ կերպով առաջ մղելու իրաւական ու օրինական բարեփոխումները:

Գործարար միջավայրը առաւել արդիւնաւէտ դարձնելու որպէս օրինակ, Սերժ Սարգսեան յիշեց  սահմանադրական բարեփոխումները եւ այս օրերուն ընդունուած ու խիստ քննադատութեան արժանացած նոր հարկային օրէնսգիրքը: «Մէկ շաբաթ առաջ Հայաստանի խորհրդարանը ընդունեց նոր հարկային օրէնսգիրք, որ շարք մը արտօնութիւններ կը տրամադրէ գործարարներուն եւ ներդրողներուն: Մենք պարզեցուցած ենք հարկային մարմիններու կողմէ  իրականացուող գործընթացները` այդպիսով հարկային վերահսկողութեան գործընթացը դարձնելով առաւել գործարարամէտ: Վերջերս, մենք յանձնառութիւն ստանձնած ենք մեր գործարար միջավայրը դարձնելու առաւել կայուն ու կանխատեսելի` արդարադատութեան ոլորտի բարեփոխումներու իրականացմամբ եւ ներդրումներու պաշտպանութեան սկզբունքներուն հաստատուն յանձնառութեամբ »,- յայտարարեց Սարգսեան խումբ մը ներդրող ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն առջեւ:

Միաժամանակ, Սերժ Սարգսեան ներդրողներուն հաւաստիացուց, որ Հայաստան արդէն իսկ կ’առանձնանայ գերազանց ներդրումային հնարաւորութիւններով` իր գործարքի մշակոյթի ազատականացման ու բարենպաստ գործարար միջավայրի շնորհիւ: «Հանդիսանալով Եւրասիական Տնտեսական Միութեան անդամ, մենք հնարաւորութիւն ունինք առանց մաքսային տուրքերու դուրս գալու աւելի քան 180 միլիոննոց  սպառողական շուկայ: Մենք վերափոխեցինք մեր տնտեսական նախարարութիւնը   «Տնտեսական Զարգացման եւ Ներդրումներու » նախարարութեան, որպէսզի Հայաստան ներդրումներ կատարելու ցանկութիւն ունեցող գործարարները իրենց հարցերը բարձրացնելու  եւ պատասխաններ ստանալու քաղաքական հարթակ ունենան: Սիրով բոլորիդ կը սպասենք Հայաստան »,-  ըսաւ նախագահը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment