Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարը Հայկական Կողմին կը Սպառնայ «Կոշտ Պատասխանով»

Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարը Հայկական Կողմին կը Սպառնայ «Կոշտ Պատասխանով»

by MassisPost

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարը կը պնդէ, թէ հայ-ատրպէյճանական զօրքերու շփման գծով իրավիճակը վատթարացած է, հայկական կողմը առաւել յաճախակի դարձուցած է «սադրանքները»:

«Ատրպէյճանի բանակը յաջողութեամբ կանխարգիլած է զանոնք, սակայն այսուհետեւ պէտք է առաւել կոշտ պատասխան տայ»,- յայտարարեց Զաքիր Հասանովը՝ այցելելով առաջնագիծ ծառայող զինուորներուն:

Ատրպէյճանի ռազմական գերատեսչութեան ղեկավարը կրկին պնդէր է, թէ ղարաբաղեան հարցով բանակցային գործընթացը փակուղի մտած է, քանի որ Հայաստանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը որեւէ դրական քայլ չ′ընէր կարգաւորման ուղղութեամբ: «Անոնք կ′ուզեն, որ այս հարցը կրկին դուրս գայ միջազգային օրակարգէն՝ ժամանակ երկարելու համար, սակայն մենք պէտք չէ անոնց նման հնարաւորութիւն տանք: Այս հակամարտութիւնը պէտք է շուտափոյթ կարգաւորուի», – ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան՝ պնդեց Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարը:

Հասանովը անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի ձեռք բերած ռուսական «Իսկանդեր» հրթիռային համալիրին, որ առաջին անգամ ցոյց տրուեցաւ Երեւանի մէջ՝ Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակի զօրահանդէսի ժամանակ: «Մենք այդ հրթիռներուն վերաբերեալ մարտավարական-տեխնիկական ողջ տեղեկատուութիւնը ունինք ու կրնանք ըսել, որ այն չի փոխէր ռազմական հաւասարակշռութիւնը տարածաշրջանին մէջ: Ատրպէյճանի զինուած ուժերը կրնան խոցել այդ հրթիռները եւ ոչնչացնել հակառակորդի ռազմական ենթակառուցուածքը ցանկացած տարածութեան վրայ»,- յայտարարեց Զաքիր Հասանովը, որ, ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, շփման գիծ գացած էր՝ հրետանիի մարտունակութիւնը ստուգելու:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment