Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հալէպաբնակ Հայերէն «Շատերը Կ′օգտուին Ռուբէն Վարդանեանի Նախաձեռնութենէն»

Հալէպաբնակ Հայերէն «Շատերը Կ′օգտուին Ռուբէն Վարդանեանի Նախաձեռնութենէն»

by MassisPost

Հալէպի հրթիռակոծման վտանգի տակ ապրող Մայտա Պագգալեանը ուրախացաւ, երբ տեղեկացաւ Հայաստան տեղափոխուելու հնարաւորութեան մասին։

Անցեալ շաբաթավերջին Ռուբէն Վարդանեանի գլխաւորած Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ հիմնադրամը յայտարարեց, որ պատրաստ են միաւորելու ջանքերը այլ կազմակերպութիւններու հետ՝ սուրիահայերուն Հայաստան տեղափոխելու համար։

Հալէպի կեդրոնական՝ Ազիզիէ թաղամաս ապրող Մայտա Պագգալեան կ′ըսէ, որ Հալէպէն չի կրնար դուրս գալ տարեց մօր, ինչպէս նաեւ միջոցներու բացակայութեան պատճառով։

«Ռուբէն Վարդանեանի նախաձեռնութենէն կ′օգտուին շատերը»,- յոյս յայտնեց ան՝ աւելցնելով, որ Հալէպ մնացած բոլոր հայերը Սուրիայէն մեկնելու հարցով օգնութեան կարիք ունին:

Ըստ Պագգալեանի, իրավիճակը Հալէպի մէջ կը շարունակուի աղէտալի մնալ, Սուրիոյ մէջ, ռուս-ամերիկեան հրադադարի համաձայնութեան տապալումէն յետոյ: Վերջին շաբաթներուն Հալէպի մէջ սաստկացած հրթիռակոծման հետեւանքով տասնեակ սուրիացիներ զոհուած են ․ հայերու շրջաններու զոհերու թիւը անցեալ երկու շաբաթները հասաւ 8-ի։ Մայտա Պագգալեան մասնակցած էր մէկ շաբաթ առաջ Հալէպի հրթիռակոծման հետեւանքով զոհուած Մովսէս Մովսէսեանի եւ Գասպար Շաթոյեանի յուղարկաւորութեան:

Տակաւին չի մանրամասնուիր, թէ ինչպէս կը պատրաստուի Ռուբէն Վարդանեանի Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ հիմնադրամը Սուրիա մնացած հայերուն տեղափոխելու Հայաստան։

«Պէտք է գործել հիմա: Կը ցաւինք եւ մտահոգ ենք այժմ հակամարտութեան գօտիին մէջ գտնուողներուն համար: Նոյնիսկ անոնք, որոնք մարտական գործողութիւններու վերջին տարիներուն մնացեր էին այնտեղ, այժմ ապահով ապաստան կը փնտռեն: Մենք պարտաւոր ենք օգնել անոնց»,- ըսուած է հիմնադրամի տարածած յայտարարութեան մէջ։

Կը նշուի, որ հիմնադրամին միացած են մի քանի այլ մասնաւոր հիմնադրամներ, եւ այժմ կ′աշխատին Հայաստանի կառավարութեան հետ՝ «համոզուած ըլլալու, որ Հայաստան ժամանողները կը ստանան պետական անհրաժեշտ հիմնական աջակցութիւն, կը կարենան օրինական ապաստան հայցել Հայաստանի մէջ»:

Հայաստանի արտգործնախարարութեան խօսնակ Տիգրան Բալայեան ըսած էր, թէ հայերու տարհանման հարց Հայաստանի կառավարութիւնը չի քննարկէր։ Այսօր Բալայեան նշեց միայն, որ ինչպէս Հայաստան ապաստանած սուրիահայերուն, այնպէս ալ Սուրիոյ մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն աջակցելու ցանկացած նախաձեռնութիւն միայն ողջունելի է՝ չմանրամասնելով, թէ ինչ կը ծրագրէ ընել Հայաստանի իշխանութիւնը։

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան այսօր սուրիահայութեան հարցերով խորհրդակցութիւն անցուցած է։ Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ անդրադարձ կատարուած է անցեալ շաբաթ Սուրիա ուղարկուած մարդասիրական օգնութեան, ինչպէս նաեւ անցեալ 5 տարուան ընթացքին Հայաստանի մէջ սուրիահայերուն աջակցելու նպատակով իրականացուած ծրագրերուն։ Հաղորդագրութեան մէջ, սակայն, ոչինչ չ′ըսուիր հալէպահայերու տարհանման մասին։

«Արեւելք» Կայքի  խմբագիր, լիբանանահայ Սագօ Արեանը, որուն յօդուածներուն մեծ մասը վերջին շրջանին նուիրուած է Հալէպի աղէտին, Ռուբէն Վարդանեանի նախաձեռնութենէն մեծ ակնկալիքներ ունի: Արեան կը կարծէ, որ անցեալ 5 տարուան ընթացքին թերեւս առաջին անգամ կը յաջողուի Հալէպէն դուրս բերել «դժոխքի մէջ յայտնուած ընտանիքներուն» ․ – «Երբ անհատը կը յայտնուի մահուան վտանգի առջեւ, մենք չենք կրնար օգնութեան ձեռք չերկարել՝ ով ալ ըլլայ ան, ինչ պայմաններու մէջ ալ ըլլայ, այստեղ ծանօթ ունենայ-չունենայ: Մենք, որպէս ժողովուրդ, որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներ, պէտք է ամէն գնով օգնենք: Եւ այս խօսքի փաստը պարոն Վարդանեանի նախագահած հիմնադրամի կոչն էր, որ, կը կարծեմ, շատ մեծ տարողութիւն պիտի ունենայ: Եւ արդէն իրենց աշխատանքները սկսած են՝ նոյնպէս համադրելով Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ»:

Աւելի շուտ Սուրիոյ խորհրդարանի հալէպահայ պատգամաւոր, Բերիոյ թեմի բանբեր Ժիրայր Ռեիսյեանը ըսած էր, թէ Հալէպի ազգային իշխանութիւնները հակուած չեն տարհանել այնտեղ մնացած հայերուն։ Արեան կ′ըսէ, որ չնայած անոր, պէտք է գոնէ օգնեն դուրս գալ ցանկացողներուն ․ – «Իսկ ինչ կը վերաբերի «հայրենիք» վարկածին, «Սուրիան յաւերժական է» վարկածին, «Հալէպը մեր պատմութեան օրրան է» խօսքերուն, ես չեմ ուզէր վիճարկել, ոչ ալ քննարկել, որովհետեւ հիմա այդ պահը չէ: Յետոյ օրերը ցոյց կու տան, թէ Հալէպը հայութեան համար երկի՞ր էր, հայրենի՞ք էր, թէ՞ սովորական գաղութ, ինչպէս որ էր Լեհաստանը, կամ այլ գաղութները»:

Ըստ Սփիւռքի նախարարութեան, արդէն 5 տարի շարունակուող պատերազմին շուրջ 150 հայ զոհուած է, 180-ը՝ վիրաւորուած։ Անցեալ տարիներուն Հայաստան տեղափոխուած են 20 հազար սուրիահայեր, ամբողջ Սուրիոյ մէջ կը շարունակէ մնալ 14 հազար հայ, անոնց կէսը՝ Հալէպ են։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment