Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Կարէն Միրզոյեանը ՄԱԿ Մարդու Իրաւունքներու Յանձնակատարին կը Հրաւիրէ Ղարաբաղ

Կարէն Միրզոյեանը ՄԱԿ Մարդու Իրաւունքներու Յանձնակատարին կը Հրաւիրէ Ղարաբաղ

by MassisPost

ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատար Զիատ Ռաատ ալ-Հուսէյնին փոխանցուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործերու նախարար Կարէն Միրզոյեանի նամակը՝ կապուած այս տարուան սեպտեմբեր 13-ին Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 33-րդ նստաշրջանին գերագոյն յանձնակատարի   յայտարարութեան   հետ, որ անոր «գրասենեակը հնարաւորութիւն չունի ծանօթանալու Լեռնային Ղարաբաղի բարդ իրավիճակին, անոր կարգին այս տարուան ապրիլի իրադարձութիւններէն յետոյ»։

Նշելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւնները ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղ այցելելու մտադրութեան մասին որեւէ հարցում չեն ստացած, Միրզոյեանը ափսոսանք յայտնեց, որ գրասենեակը աւելի քան երկու տասնամեակ եւ նոյնիսկ 2016-ի ապրիլին ատրպէյճանական յարձակումէն յետոյ չի կրնար այցելել ԼՂ։

«Կը կարծենք՝ ՄԻԳՀԳ-ը պէտք է հնարաւորութիւն ունենայ ստուգելու ապրիլեան յարձակման ընթացքին Ազրպէյճանի զինուած ուժերու կողմէն իրագործուած մարդու իրաւունքներու զանգուածային ու կոպտագոյն խախտման՝ պատշաճօրէն փաստագրուած դէպքերը եւ ռազմական յանցագործութիւնները՝ ինչպէս ԼՂՀ քաղաքացիական բնակչութեան, այնպէս ալ զինծառայողներու դէմ։ Համոզուած ենք, որ միջազգային հանրութիւնը պէտք է արձագանքէ այդ յանցագործութիւններուն՝ անոնց կրկնութիւնը կանխելու նպատակով, հակառակ պարագային, իրականացնողներու անպատժելիութիւնը կրնայ խրախուսել յետագային Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին դէմ ուժի կիրառումը»,- նշուած է նամակին մէջ։

Հաւաստիացնելով, որ ԼՂ իշխանութիւնները բաց են ՄԻԳՀԳ հետ անկեղծ համագործակցութեան՝ ուղղուած ժողովրդավարական կանոններու եւ սկզբունքներու ամրապնդման, ինչպէս նաեւ բարդ իրավիճակի մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, Ղարաբաղի արտգործնախարարը հրաւիրած է ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարին այցելել Լեռնային Ղարաբաղ, կամ ուղարկել խումբ՝ անաչառ եւ առարկայական գնահատական տալու մարդու իրաւունքներու բնագաւառին մէջ առկայ իրավիճակին, ինչպէս նաեւ այս տարուան ապրիլին Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի դէմ իրագործուած յանցագործութիւններուն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment