Թուրքիան կը պատրաստուի դուրս գալ «Ստեղծագործ Եւրոպա» ծրագիրէն, որ Եւրոմիութիւնը կ′իրականացնէ:
Որոշ տեղեկութիւններու համաձայն՝ տուեալ որոշումը ընդունուած է ի պատասխան Դրեզդենի սիմֆոնիք նուագախումբի համերգներուն, որոնք նուիրուած էին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին եւ կ′աջակցէին «Ստեղծագործ Եւրոպա» ծրագրի շրջանակին: Այս մասին կը յայտնէ Variety-ն:
Եւրայանձնաժողովի ներկայացուցիչը ափսոսանք յայտնեց Թուրքիոյ այս որոշման եւ այն փաստի հետ կապուած, որ Թուրքիոյ ներկայացուցիչները կը զրկուին ԵՄ իրենց գործընկերներու հետ համագործակցելու հնարաւորութենէն:
«Ստեղծագործ Եւրոպան» Եւրոմիութեան ծրագիրն է, որ ուղղուած է մշակութային, ստեղծարար եւ ձայնատեսողական հատուածներու աջակցութեան: 2014 թուականէն մինչեւ 2020 թուականը եւրոպական նախագիծերու աջակցման համար կը նախատեսուի 1,46 մլն եւրօ յատկացնել: Այդ նախագիծերը հնարաւորութիւն կ′ընձեռնեն ճանապարհորդելու, նոր լսարան ձեռք բերելու, գործնական հմտութիւններու փոխանակում կատարելու եւ կատարելագործուելու: