Այսօր առաւօտեան ժամերէն սկսեալ Հալէպի հայկական թաղամասերը ենթարկուած են ծանր ռմբակոծումներու: Այս մասին կը հաղորդէ «Արեւելք» կայքէջը: Հրթիռարձակումներու ենթարկուած է Ազիզիյէի հայկական թաղամասը ու յատկապէս շրջանի ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի նախկին դաշտը: Այդ շրջանը որպէս պահեստանոց կը գործածուի այն հայ վաճառականներուն համար, որոնք իրենց ունեցած ապրանքները Շըգայէֆ շրջանէն փոխադրած են Ազիզիյէ: Ըստ նախնական տուեալներու, շրջանին մէջ արձանագրուած վիրաւորեալներուն շարքին կայ նաեւ այնտեղ աշխատող հալէպահայ Ճորճ Մութաֆեանը:
Նոյնպէս ծանր հրթիռարձակումներու եւ կազի տակառներու թիրախ դարձած են Մաիսալունի, Մուշիյէի, Պուսթան Քլապի, Աաիյէտ Ալիի, Պապ Ալ-Ֆարաճի, Թիլէլի եւ այլ խաղաղ բնակչութեան շրջաններ: Ըստ նախնական տուեալներու, մինչեւ այս պահը զոհուած են երկու անձեր, իսկ վիրաւորներու թիւը անցած է 20-ը:
Հալէպի մէջ այսօր եղած հրթիռարձակումներուն հետեւանքով զոհուած է Սեւան Պետրոս Հատտատը: Հատտատ զոհուած է Հալէպի «Թէլէֆոն Հաուայի» շրջանին մէջ: Հանգուցեալ Սեւան Հատտատի (ծնեալ՝ 1969) յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի վաղը:
Լուսանկարը՝ «Արեւելք»ին