Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Դիտորդական Կազմակերպութիւնները Կ΄ահազանգեն Ընտրախախտումներու Մասին

Դիտորդական Կազմակերպութիւնները Կ΄ահազանգեն Ընտրախախտումներու Մասին

by MassisPost

Երէկ, 317 համայնքներու մէջ կայացած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններու ընթացքին, հիմնական յաղթանակ տարած են իշխող Հանրապետական կուսակցութեան ներկայացուցիչները։

Հանրապետականի գերագոյն մարմնի անդամ՝ Ռուբէն Թադէւոսեան փոխանցեց, որ 237 համայնքներու մէջ թեկնածու ունէին, որոմէ 161-ին մէջ իրենց ներկայացուցիչները ընտրուած են:

Կեդրոնական Ընտրական յանձնաժողովի նախնական տուեալներով, երէկ կայացած քուէարկութեան իբր արդիւնք՝ Էջմիածնի մէջ վերընտրուած է գործող քաղաքապետ գեներալ՝ Մանուէլ Գրիգորեանի որդին՝ Կարէն Գրիգորեանը։ Իսկ ոստիկանութեան գունդը գրաւած «Սասնայ ծռեր» զինուած խումբի անդամ, կալանաւորուած՝ Արայիկ Խանդոյեանը պարտուած է իր հայրենի՝ Ծաղկահովիտի գիւղապետի ընտրութիւններուն։ Նախնական տուեալներով, այս գիւղին մէջ պարտութիւն կրած է նաեւ՝ գործող գիւղապետ, Հանրապետականի ներկայացուցիչ՝ Երուանդ Խաչատրեանը։ Ծաղկահովիտի համայնքի ղեկավար ընտրուած է անկուսակցական Նորայր Յակոբեան։

Իշխող կուսակցութիւնը նախնական տուեալներով չէ յաղթած նաեւ Նոյեմբերեան քաղաքին մէջ: Այստեղ գործող հանրապետական քաղաքապետ՝ Վանուշ Ամիրաղեանը 233 ձայնով պարտուած է անկուսակցական Կարէն Աբազեանին դէմ։

Նախնական տուեալներով, ընդդիմութենէն յաղթանակ տարած է՝ Նիկոլ Փաշինեանի ղեկավարած քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութիւնը։ Արարատի մարզի Նոր Կեանք գիւղին մէջ իշխող Հանրապետականի թեկնածուին՝ համայնքի 17 տարուան գիւղապետ Մայիս Աբրահամեանին յաղթած է ՔՊ-ի 29-ամեայ ներկայացուցիչ՝ Գարիկ Սարգսեանը։

Գարիկ Սարգսեան ըսաւ, որ պիտի փորձեն փոփոխութիւններ իրականացնել անցեալ տարիներու ընթացքին խնդիրներու տակ ծանրաբեռնուած գիւղին մէջ։

Դիտորդական կազմակերպութիւնները, երէկուընէ կ΄ահազանգեն ընտրախախտումներու մասին։ «Քաղաքացի դիտորդ» նախաձեռնութիւնը 134 խախտում արձանագրած է, ամենաշատը՝ Աշտարակ քաղաքին մէջ, ամենաքիչը՝ Տավուշի մարզ։ Լրագրողներու հետ հանդիպման «Քաղաքացի դիտորդ» նախաձեռնութեան անդամ՝ Տիգրան Եգորեան ըսաւ, որ մի քանի տասնեակ բողոք ուղարկած են Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողով։

«Բողոքներու թիւը կ΄ակնկալենք, որ մօտաւորապէս 90-ի կը հասնի, մօտ 57 տեղամասէ: Շարունակական խախտումներ են, որոնք ունակ են, ըստ մեր մասնագիտական կարծիքին, ազդած են քուէարկութեան արդիւնքներուն վրայ», – ըսաւ Եգորեան:

Այլ անձի փոխարէն քուէարկութիւն, չկնքուած քուէաթերթիկներ, սանձարձակ վերաբերմունք դիտորդներու նկատմամբ, կուտակումներ ընտրատեղամասերու շուրջ։ Բացի անկէ, Եգորեանի խօսքով, արձանագրուած են դէպքեր, երբ քաղաքացիներուն, որոնք գալով տեղամաս յայտնաբերած են, որ իրենց փոխարէն արդէն քուէարկուած է, ընտրական յանձնաժողովներու անդամները առաջարկած են ստորագրել ուրիշ քաղաքացիի անուան դիմաց։

«Յատկապէս աչքի ինկան չափազանց մեծ թիւով խախտումներու եւ շատ լայն խախտումներու ուրուականով: Այս, իհարկէ ունի մի քանի պատճառ, որոնցմէ կարելի է առանձնացնել ամենաէականը, իմ կարծիքով: Այս կը վկայէ այն մասին, որ տեղական նշանակութեան այս ընտրութիւնները, փաստօրէն, միայն տեղական նշանակութեան չեն ընկալուիր իշխանութեան ներկայացուցիչներու համար», – ըսաւ Տիգրան Եգորեան:

Կեդրոնական Ընտրական յանձնաժողովի մամուլի քարտուղար Հերմինէ Յարութիւնեան փոխանցեց, որ ներկայի դրութեամբ ընտրախախտումներու վերաբերեալ մի քանի բողոք ստացած են դիտորդական կազմակերպութիւններէն: Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը նման պահանջով դիմում չէ ստացած։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment