Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Freedom House-ը՝ ՀՀ-ն ու Արցախը «Մասնակի Ազատ Երկիրներ» կը Համարէ

Freedom House-ը՝ ՀՀ-ն ու Արցախը «Մասնակի Ազատ Երկիրներ» կը Համարէ

by MassisPost

Հայաստանը «մասնակի ազատ» երկիր է: Նման գնահատական ստացած է  Freedom House-ի «Աշխարհի մէջ ազատութեան մասին-2016» զեկոյցին համաձայն:

Ըստ զեկոյցին, Հայաստանը 46 միաւոր հաւաքած է (ամենավատ ցուցանիշը 0-ն է, լաւագոյնը` 100-ը):

«Աշխարհի մէջ ազատութեան մասին-2016» զեկոյցը կը գնահատէ 2015-ի ազատութեան վիճակը 195 երկիրներու եւ 15 տարածքներու մէջ, որոնք չունին պետականութիւն: Զեկոյցը կը գնահատէ իրաւունքներու եւ ազատութիւններու վիճակը, որոնցմէ կ΄օգտուին առանձին մարդիկ, ոչ թէ կառավարութիւնը կամ իշխանութեան ներկայացուցիչները:

Քաղաքական եւ քաղաքացիական իրաւունքները կը գնահատուին 1-7 միաւորի սանդղակով, որտեղ 1-ը առաւելագոյն ազատութեան ցուցիչն է, իսկ 7-ն` նուազագոյն: Հայաստանը համապատասխանաբար ստացած է 4 եւ 5 միաւոր:

Յատկանշական է, որ Freedom House-ը կը դիտարկէ  Լեռնային Ղարաբաղը, որպէս անկախ պետութիւն` դասելով զայն «մասնակի ազատ երկիրներու շարքին»: Ղարաբաղը ընդհանուր առմամբ ստացած է 33 միաւոր:

Վրաստանն ու Թուրքիան 64 եւ 53 ցուցանիշներով նոյնպէս կազմակերպութեան կողմէ դասուած են «մասնակի ազատ» պետութիւններու շարքին, մինչդեռ Իրանի ու Ազրպէյճանի մէջ վիճակը շատ աւելի վատ է: Freedom House-ը 17 եւ 16 ցուցանիշներով այդ երկիրները կը համարէ անազատ:

Ռուսաստանն ու Պելառուսը եւս անազատ են:

Ազատ երկիրներու թիւը, ըստ կազմակերպութեան կը հասնի 85-ի, որտեղ կ΄ապրի բնակչութեան մօտ 40%-ը: «Ազատ երկիրներու» թիւը 2014-ի համեմատ նուազած է 3-ով:

«Անազատներու» թիւը կը հասնի 59-ի: Այդ պետութիւններու բնակիչները կը կազմեն մոլորակի 24%-ը: Մասնակի ազատ երկիրներու ցանկը համալրուած է 4-ով:

«Անազատ» երկիրները 50 են, որտեղ կը բնակին մոլորակի 36%-ը` 2,6 մլրդ մարդ, որուն կէսը կ΄ապրի Չինաստան: «Անազատ երկիրներու» ցանկը կրճատուած է 1-ով, քանի որ Զիմպապուէյը «անազատներու» շարքէն անցէր է «մասնակի ազատներու» շարք:

«Վատագոյններու» կարգին դասուած են՝ Էրիթրիա, Հիւսիսային Գորիա, Ուզպեքիստան, Սոմալի եւ Սուրիա:

Freedom House-ը 2015-ի աւարտին բնութագրած է Հայաստանը, որպէս համացանցի մէջ ազատ երկիր` 28 միաւորով: 2016-ի ապրիլին, կազմակերպութիւնը ՀՀ-ն համարած է «անազատ»՝ ԶԼՄ-ներու իրաւունքներու տեսակէտէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment