Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Աղաւնաձորցիները Փակած են Միջպետական Ճանապարհը Պահանջելով Վճարել Նախորդ Տարուան Մթերուած Խաղողի Գումարը

Աղաւնաձորցիները Փակած են Միջպետական Ճանապարհը Պահանջելով Վճարել Նախորդ Տարուան Մթերուած Խաղողի Գումարը

by MassisPost

Աղաւնաձորցիները, որ արդէն երկու օր է՝ փակ կը պահէին գիւղի դպրոցը, մանկապարտէզն ու գիւղապետարանը, այսօր նաեւ՝ միջպետական ճանապարհն ալ փակէր են՝ պահանջելով վճարել նախորդ տարուան մթերուած խաղողի գումարը։ Կ΄ըսեն, թէ գիւղի պատմութեան մէջ այնպէս չէր եղած, որ կանայք բողոքի դուրս գային, հիմա արդէն անոնք ճանապարհ փակած են։ Կարճ ժամանակ ետք, ոստիկաններու միջամտութեամբ ճանապարհը բացուած է, մարզպետն ալ խոստացած է, թէ կառավարութեան յառաջիկայ նիստին հարցը կը բարձրացուի։Աղաւնաձորցիները նոր կառավարութեան մեծ յոյսեր չեն կապէր։«Հազար տեսակ խորհրդակցութիւններ կ΄ըլլան,հիւրասեղաններ կը կազմակերպուին, եթէ երկու հիւրասեղանի դրամը տային, այս ժողովուրդին հարցը կը լուծուէր», – ըսաւ գիւղացի մը:Աղաւնաձորցիներէն Սմբատ Ղազարեան բողոքեց՝ վարկի տոկոսներու օրէ օր աճման մասին, իսկ Գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը խնդիրը ծագելէն տարի մը անց վարկերը սառեցնելու մասին կը խօսի։

Ֆինանսական խնդիրներ ունեցող «Վեդի Ալկո»-ն կառավարութենէն աջակցութիւն կ΄ակնկալէ։ Գիւղատնտեսութեան փոխնախարար՝ Ռոպէրթ Մակարեանն ալ կը պնդէ, որ կառավարութիւնը պատրաստ է ընկերութեան մատչելի վարկեր տրամադրել, պարզապէս «Վեդի Ալկո»-ն գրավ չունի։ Պաշտօնական տուեալներով ընկերութիւնը խաղողագործներուն 140 միլիոն դրամէ աւելի պարտք է։

«Խնդիրը իհարկէ կայ, բայց պէտք է աշխատաձեւ մը գտնել, որ հնարաւոր ըլլայ այդ խնդիրը լուծել: Ուղղակի ուղիները քիչ են այս պայմաններուն մէջ, որովհետեւ գրաւի բացակայութիւն եւ այլ վարկերով ծանրաբեռնուածութեան խնդիր կայ», – ըսաւ Մակարեան:

Գիւղացիներէն շատերը սկսած են խաղողի այգիները քանդել, քանի որ վստահ չեն, որ այս տարի կը կարենան բերքը իրացնել։ Աղաւնաձորը՝ արենի տեսակի խաղողի ծննդավայրն է։ Խաղողը նաեւ գիւղի 2000 բնակիչներու եկամուտի հիմնական աղբիւրն է։

«Ճիշդ է, քանդէր են որոշ մարդիկ, բայց այդ սխալ է: Մենք պիտի հենուինք մեր խաղողի, մեր արենի տեսակի վրայ: Եթէ ամբողջ Հայաստանի մէջ միայն մեզ մօտ կ΄աճի այդ խաղողի տեսակը, ու մենք ալ անտեսենք, Կարմիր գիրքին մէջ գրե՞նք այդ խաղողի տեսակը», – նշեց Հայկազ Ասատրեան:

Գիւղացիները կ΄ըսեն, թէ դպրոցը, մանկապարտէզն ու գիւղապետարանը պիտի շարունակեն փակ պահել։ Կառավարութեան նիստի օրն ալ կրկին պիտի փորձեն դէպի Իրան տանող միջպետական ճանապարհը փակել։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment