Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՀՀ Գլխաւոր Դատախազի Պաշտօնը Վստահուեցաւ Արթուր Դաւթեանին

ՀՀ Գլխաւոր Դատախազի Պաշտօնը Վստահուեցաւ Արթուր Դաւթեանին

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը  փակ քուէարկութեամբ Հայաստանի գլխաւոր դատախազ ընտրած է  , ՀՀ գլխաւոր դատախազի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Արթուր Դաւթեանը: Մինչ այդ Դաւթեան ՀՀ գլխաւոր դատախազի տեղակալն էր: Կողմ քուէարկած է 97 պատգամաւոր, դէմ` 3: Իսկ 3 քուէաթերթիկ անվաւեր ճանչցուած է: Քուէարկութեան մասնակցած է 103 պատգամաւոր:

Նշենք, որ ՀՀ գլխաւոր դատախազի պաշտօնը թափուր է Օգոստոս 4-էն, երբ Գէորգ Կոստանեան առողջական խնդիրներու պատճառով հրաժարած էր իր պաշտօնէն:

Արթուր Դաւթեան ծնած է 1978-ի Դեկտեմբեր 8-ին (38 տարեկան), Շիրակի մարզի Հոռոմ գիւղին մէջ: Դատախազութեան համակարգին մէջ է 2006-էն, իրաւաբանական գիտութիւններու թեկնածու է, արդարադատութեան 2-րդ դասի խորհրդական , 2013-2016-ին եղած է Երեւան քաղաքի դատախազ: 2012-2013-ին` Երեւան քաղաքի Շէնգաւիթ վարչական շրջանի դատախազ, 2008-2012 թուականներուն` ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան մարդու իրաւունքներու դէմ ուղղուած յանցագործութիւններու գործերով վարչութեան պետի տեղակալ, 2007-2008-ին` ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան մարդու իրաւունքներու դէմ ուղղուած յանցագործութիւններու գործերով վարչութեան աւագ դատախազ, 2006-2007-ին` ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան հետաքննութեան եւ նախաքննութեան օրինականութեան նկատմամբ հսկողութեան վարչութեան դատախազ 2000-2006-ին` ԵՊՀ քրէական դատավարութեան ամպիոնի դասախօս: Կը դասախօսէ Հայաստանի մէջ Ֆրանսական համալսարանին, Երեւանի Պետական Մանկավարժական համալսարանին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment