Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ինչ Առաքելութեամբ Հայաստան Եկած է Կարէն Կարապետեան

Ինչ Առաքելութեամբ Հայաստան Եկած է Կարէն Կարապետեան

by MassisPost

Հանրապետական կուսակցութիւնը ճշգրիտ ծրագիր չունի, որմէ առաջնորդուելով՝ նորանշանակ վարչապետ Կարէն Կարապետեանը կը կանգնեցնէ տնտեսութեան գահավիժումը․ նորանշանակ վարչապետի՝ երէկ Ազգային ժողովին ունեցած առաջին ելոյթէն ետք ընդդիմադիր Հայ Ազգային Գոնկրես (ՀԱԿ) խմբակցութեան մէջ այսպիսի տպաւորութիւն ձեւաւորուած է:

Յիշեցնենք, որ Չորեքշաբթի օր, Հայաստանի Երրորդ Հանրապետութեան 14-րդ վարչապետը, կրկնելով իր նախորդի՝ Յովիկ Աբրահամեանի խօսքերը, նոյնպէս յայտարարեց, որ «կախարդական փայտիկ չունի», եւ սպասելիքներ չկան, որ չափազանց ծանր վիճակի մէջ յայտնուած տնտեսութիւնը շատ արագ փոփոխութեան ենթարկուի:

Ազգային ժողովի ՀԱԿ խմբակցութեան քարտուղար Արամ Մանուկեան, հարց բարձրացուց, թէ ինչ առաքելութեամբ Հայաստան եկած է Կարէն Կարապետեան:

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի բաւական լաւատես յայտարարութեան, թէ Կարէն Կարապետեան կը դառնայ Հայաստանի փոփոխութիւններու տիպարը, ինչպէս նաեւ՝ նորանշանակ վարչապետի ոչ այնքան լաւատես յայտարարութիւնները Մանուկեան գնահատեց, ըսելով․- «Հանրապետական կուսակցութեան անդամներու այդ գովազդի շքերթը դրէք իրար կողքի, Սերժ Սարգսեանի ներկայացումը դրէք իրար կողքի, ըստ որուն՝ կը ստանանք, որ Հայաստանը անմիջապէս տիեզերք կը թռչի, ինչ վերկազմումներ պիտի կայանան, Վասիւկի կը կառուցենք, Սինկափուր կը կառուցենք, նոր ժամանակաշրջան կը սկսի Հայաստանի մէջ․ պաղ ջուր լեցուեցաւ այդ մարդկանց ըսածին վրայ»:

«Չկայ առաջադրանք, չկայ ծրագիր ու այստեղ է, որ  երեւան կու գայ   ըսուած  խօսքերուն եւ  առկայ իրադրութեան միջեւ  առկայ անհամապատասխան ըլլալը» նշեց ընդդիմադիր պատգամաւորը:

Ան աւելցուց.- «Մենք գահավիժող տնտեսութիւն ունինք, խայտառակ մակրոտնտեսական տուեալներ: Եթէ ես այդքանը գիտեմ, ես վստահ եմ՝ իրեն արդէն ներկայացուցած են աւելի շատ, եւ կրկին նոյն հարցը կը մնայ ոյժի մէջ՝ այդ պարագային ինչու՞ եկած է, ի՞նչ առաքելութեամբ, ի՞նչ յանձնարարութեամբ»:

«Սերժ Սարգսեանը կը նշէ՝ կարծրատիպեր պէտք է կոտրէ, տնտեսական, քաղաքական ազատութիւններ պէտք է բերէ Հայաստան»,- այս յիշեցման ընդդիմադիր պատգամաւորը արձագանքեց․- «Գիտէ՞ք, սիրուն բառեր բոլորը կրնան ըսել, ճշգրիտ ծրագիրը պէտք է ըսել՝ ճշգրիտ: Յովիկ Աբրահամեանը երկու սիրուն բան ըսաւ, բայց մոռցաւ երկու օր վերջ, ինքը, շատ ճշգրիտ ըսաւ՝ իր բարեկամներուն դէմ պէտք է պայքարի, բոլորին պէտք է բերէ հարկային դաշտ, փչացածութեան դէմ պայքարի․ հակառակը ըրաւ: Այսինքն, միակ  հէքիաթն ալ այստեղ է․ կ΄ըսեն, բայց չեն ընէր»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment