Յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններու վերահսկողութիւնը ապահովելու նպատակաւ Ազգային ժողովի կողմէ վաւերացուած նախկին որոշումի չեղեալ յայտարարումէն ետք, իշխանութեան եւ ընդդիմադրութեան միջեւ գոյացած է նոր համաձայնութիւն` ընտրացուցակներու հրապարակման եւ ամբողջ ընտրական գործընթացը նկարահանելու եւ ուղիղ սփռելու կապակցութեամբ:
Ազգային Ժողովի աշնանային նստաշրջանի սկզբնաւորութեան, ՀԱԿ խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրապեան յայտարարեց, որ անհրաժեշտ է արագացնել Ընտրական Օրէնսգրքի շուրջ ձեռք ձգուած համաձայնագրի վերջնական ստորագրումը:
Զուրապեան աւելցուց, որ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչները արդէն հաւանութիւն տուած են Ազգային ժողովի 5 խմբակցութիւններու կողմէ Ընտրական Օրէնսգրքի շուրջ նախաստորագրուած համաձայնութեան:
Ընտրական գործընթացները դիտարկող 4 յայտնի հասարակական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները, Սեպտեմբեր 13-ին տարածած յայտարարութեամբ դրական գնահատեցին ձեռք ձգուած համաձայնութիւնը ու երկխօսութիւնըª քաղաքացիական հասարակութեան հետ: Միեւնոյն ժամանակ անոնք շեշտեցին, որ նախաստորագրուած փաստաթուղթին մէջ ամրագրուած փոփոխութիւնները ՚անհրաժեշտ, սակայն ոչ բաւարար պայման են` երաշխաւորելու, որ ընտրութիւնները անցնին ազատ եւ արդարՙ:
«Ամբողջ Ընտրական Օրէնսգիրքը բազմաթիւ խութեր եւ ապառաժներ ունի, բայց կասկածելի չէ, որ պէտք է գնահատուի որպէս դրական քայլ, եւ պէտք է այսօրինակ համաձայնագրերը, մասնաւորապէս այս համաձայնագիրը ողջունուի»,- ըսաւ «Իրաւունքի Եւրոպա» կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Տիգրան Եգորեան: