Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ճեյմս Ուորլիք «Անհրաժեշտ է Միայն Հայաստանի ու Ազրպէյճանի Նախագահներուն՝ Բարի Կամքը»

Ճեյմս Ուորլիք «Անհրաժեշտ է Միայն Հայաստանի ու Ազրպէյճանի Նախագահներուն՝ Բարի Կամքը»

by MassisPost

Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահը, վստահ է, թէ միայն Հայաստանի ու Ազրպէյճանի նախագահներու բարի կամքը ամենակարեւորն է:

Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի կարգաւորման պայմաններն են՝ որոշ շրջաններու վերադարձը Ազրպէյճանին, փախստականներու վերադարձը եւ միջազգային խաղաղապահ ուժերու ներկայութիւնը: ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ Ճեյմս Ուորլիք, «Ինթրֆաքս»-ին տուած ընդարձակ հարցազրոյցին յայտնած է, թէ միջնորդները կ’աշխատին, որպէսզի կարողանան միջոց գտնել, այդ պայմանները մէկտեղելու եւ խնդիրը հանգուցալուծելու համար:

Ամերիկացի համանախագահը, անցեալ շաբաթավերջին «Ինթրֆաքս» գործակալութեան արտաքին քաղաքականութեան խմբագրութեան ղեկավար Օլկա Կոլովանովային տուած հարցազրոյցի ընթացքին ներկայացուցած է ղարաբաղեան խնդրի կարգաւորման հեռանկարները։

Յիշեցնենք, որ սեպտեմբեր 8-ին Մոսկուայի մէջ, խորհրդակցութիւններ տեղի ունեցած էին՝ ղարաբաղեան թեմայով, եւ Ռուսաստանի արտ. գործ. Նախարար՝ Սէրգեյ Լավրովը  ընդունած էր Մինսկի խումբի երեք համանախագահները ու ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպշիկին։

Ուշագրաւ է, որ հարցազրոյցի ընթացքին, Ուորլիքը մի քանի անգամ ընդգծած է, թէ պաշտօնական Ուաշինկթընն ու Մոսկուան չունին տարբեր մօտեցումներ, օրինակ, ռուս լրագրողի հարցումին, թէ ո՞րն է Միացեալ Նահանգներուն համար ղարաբաղեան խնդրի կարգաւորման իտալական սենարը, ամերիկացի դիւանագէտը պատասխանած է․ – «Նոյնը, ինչ որ ռուսական կամ ֆրանսական կողմերու համար: Հակամարտութիւնը շատ երկար կը շարունակուի, չափազանց շատ մարդիկ զոհուած են քսան տարիէն աւելի տեւած այս հակամարտութեան հետեւանքով: Իսկ խնդիրը կրնայ կարգաւորուիլ: Մենք ունինք կարգաւորելու համար պայմաններ, այդ պայմանները մեզի յայտնի են»:

Ուորլիքը նաեւ ընդգծած է, որ կարգաւորման մասին կարելի կ’ըլլայ խօսիլ միայն այն ատեն, երբ անոր իբր արդիւնք չըլլան յաղթողներ եւ պարտուողներ, այդ արդիւնքը պէտք է ձեռնտու ըլլայ բոլոր կողմերուն․- «Որպէս տարբեր հակամարտութիւններու կարգաւորմանը մասնակցած մարդ՝ գիտեմ, որ բանակցութիւնները չեն կրնար յաջող ըլլալ, եթէ կողմերէն մէկը ստիպուած նոր զոհեր եւ զիջումներ տայ։ Բանակցութիւնները յաջողած են, երբ երկու կողմերը կը շահին, ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Ազրպէյճանի բնակիչները»:

Հայաստանին և Ազրպէյճանին զէնք վաճառելու մասին Ուորլիքը դիւանագիտական պատասխան տուած է, նշելով միայն, որ ի տարբերութիւն Միացեալ Նահանգներուն՝ Ռուսաստանը յատուկ երկարամեայ յարաբերութիւններ ունի երկու երկիրներուն հետ։

Ամերիկացի դիւանագէտը, այսուամենայնիւ, ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգները հակամարտող կողմերուն կը վաճառէ միայն պաշտպանողական զէնք, այն ալ՝ շատ սահմանափակ քանակով։ Բացի այդ, շեշտած է Ուորլիք, ԱՄՆ Քոնկրէսը նոյնիսկ կ’արգիլէ զէնք վաճառել Ազրպէյճանին, որ ան կրնայ օգտագործել Ղարաբաղի դէմ:

Հարցազրոյցին՝ Ճեյմս Ուորլիքն կ’ըսէ, թէ խնդրի կարգաւորման համար այսօր կան բոլոր պայմանները, եւ անհրաժեշտ է միայն Հայաստանի ու Ազրպէյճանի նախագահներուն՝ բարի կամքը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment