Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Լոս Անճելոսի Իրանահայ Միութիւնը Արժանաւորապէս Նշեց իր Հիմնադրութեան 60-Ամեակը

Լոս Անճելոսի Իրանահայ Միութիւնը Արժանաւորապէս Նշեց իր Հիմնադրութեան 60-Ամեակը

by MassisPost

Տ. Ա. ՎԱՆԱՏՈՒՐ

Շաբաթ 27 Օգոստոս 2016 ին, Իրանահայ Միութեան հոգաբարձութեան նախաձեռնութեամբ,  տեղի ունեցաւ միութեան հիմնադրութեան 60-ամեակի եւ Լուդովիկա եւ Տօքթ. Յակոբ Այնթապլեանի  ամուսնութեան 50-րդ տարեդարձի  տպարորիչ նշումը, համանուն միութեան կեդրոնի շքեղ հանդիսասրահէն ներս, Կլէնտէյլ:

Լոս Անճելոսի Իրանահայ Միութեան  գաղութէս ներս ծաւալած 60-ամեայ ազգային, հայրենասիրական, մշակութային, բարեսիրական, կրթական եւ մարդասիրական երախտաշատ գործունէութիւնը  ծանօթ է հայ համայնքին: Գործունէութիւն՝ որ մեծապէս  գնահատուած է ազգային կառոյցներու եւ նաեւ՝ անհատ բարերարներու կողմէ, որոնք իրենց իշխանական նուիրատւութիւններով զարկ կու տան համանուն կեդրոնի ազգաշէն առաքելութեան:

Այդ 60 երկար տարիներու տեւողութեան ձեռք բերուած  շնորհակալ վաստակի գնահատութիւնը   չէ՞ միթէ,  որ համանուն  միութեան ազգաշէն առաքելութեան  60-ամեակի առիթով,  երախտաշատ նուիրեալ բարերարներ՝   Տէր եւ Տիկ. Լուդովիկա եւ Տօքթ. Յակոբ Այնթապլեանի  անուններով կոչուեցաւ Լոս Անճելոսի Իրանահայ Կեդրոնը:  Այդ հինգ տասնամեակներու ընթացքին թափուած հետեւողական  աշխատանքի գնահատութիւնը չէ՞  միթէ, որ  յոբելինական նոյն առիթով, բարերարներ՝ Տէր եւ Տիկ. Օդրի եւ Վահան Կրէկըրիի  անուններով անուանուի Կեդրուի Գրադարանն ու Խորհրդաժողովներու  Սենեակը: Նոյնպէս,  որ Պատուոյ Հիւրերու եւ Ընթերցանութեան Սենեակը կոչուի Գալուստ Բաբախանեան  ընտանիքի անունով եւ վերջապէս,  Լուդովիկա եւ Տօքթ. Յակոբ Այնթապլեան Կեդրոնի Գլխաւոր Նախասրահը կոչուի  Տիար Սինան Սինանեանի  անունով:

Արդարեւ, նշեալ անուանումները, յատուկ եկեղեցական արարողութիւններով կատարուեցան Առաջնորդներ՝ Յովնան Արք. Տէրտէրեանի եւ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ, որուն յաջորդեց  յոբելինական  հանդիսութիւնը, որ սկիզբ առաւ Սուրէն Մկրտիչեանի կատարողութեամբ ԱՄՆ-ի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգներով, ապա Յովիկ Կապիքեանի  բարի գալուստի խօսքով եւ հանդիսավար Ալպեր Աբգարեանի հրաւէրով՝ Բարեջան Առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեանի սեղաններու  օրհնութեամբ սկսած ճաշկերոյթը, որուն ընթացքին իրենց շնորհաւորանքի, մեծարանքի,  գնահատութեան եւ շնորհակալութեան  ելոյթներով խօսք  առին Հայաստանի Հանրապետութեան Հիւպատոսարանի կողմէ Արմէլա Սահակեան, իր ամուսնութեան 50  ամեակի առիթով յոբելեար՝ մեծայարգ բարերար Տօքթ. Յակոբ Այնթէպլեան,   Ներկայացուցչական Ժողովի մեծայարգ անդամ Վարդան Ղարպետեան եւ  Տօքթ. Արմինէ Ղարպետեան: Նաեւ ելոյթներ ունեցան Մայքլ Անթոնովիչ, Ճիմ ՄըքՏոննել (Լոս Անճելոսի Ոստիկանապետ) Տօքթ. Վոկըն Կրէկոր, Սինան Սինանեան եւ եզրափակիչ օրհնութեան գիրով ՝ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան:

Գեղարուեստական բաժնին իրենց մասնակցութիւնը բերին Արա Մելգոնեան (հայկական պար) Սուրէն Մկրտիչեան (երգ) եւ Մերուժան (Ջութակ):

Արժանավայել մեծարանքի յոբելինական ձեռնարկ մը արդարեւ: Այդ առիթով, կրկնակի  կը շնորհաւորենք մեծարեալ բարերարներ՝ Տէր եւ Տիկ. Լուդովիկա եւ Տօքթ. Յակոբ Այնթապլեաններու ամուսնութեան  50-ամեակը,  «Լուդովիկա եւ Տօքթ. Յակոբ Այնթապլեան Կեդրոնի» հոգաբարձութիւնը մաղթելով բարի երթ եւ վերելք:

9Q4A0148 9Q4A0270 9Q4A0393 9Q4A0195 9Q4A0191 9Q4A0420

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment