Home Uncategorized Փասատինայի Հ.Մ.Մ.-ը Նշեց Միութեան Հիմնադրութեան 95-Ամեակը

Փասատինայի Հ.Մ.Մ.-ը Նշեց Միութեան Հիմնադրութեան 95-Ամեակը

by MassisPost

Հայ Մարմնամարզական Միութեան (Հ.Մ.Մ.) մեծ ընտանիքն այս տարի կը նշէ իր հիմնադրութեան 95-ամեակը: Այս նշանակալից տարեդարձին առիթով Փասատինայի Հ.Մ.Մ.-ի վարչութիւնը ընկերային խրախճանքի երեկոյ մը կազմակերպած էր, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 26 Օգոստոս, 2016 «Կարօ Սողանալեան» սրահին մէջ:

hmm-1Օրուան հանդիսավար Հ.Մ.Մ.-ի ատենապետ ընկ. Վարդան Գօճապապեան իր բացման խօսքին  մէջ ջերմօրէն ողջունեց ներկայ մարզասէր խուռներամ հասարակութիւնը, ապա բեմ հրաւիրեց մարզական դիւանի պատասխանատու ընկ. Վահէ Աջապահեանը: Ան հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Հ.Մ.Մ.-ի առաքելութեան եւ ազգօգուտ ծառայութեանց սփիւռքի հայաշատ գաղութներուն մէջ: Այս առթիւ նշեց նաեւ որ շուտով Հ.Մ.Մ.-ի ֆուտպոլի եւ պասքեթպոլի խումբերն Քանատա պիտի մեկնին, Մոնրէալ քաղաքին մէջ բարեկամական մրցումներ ունենալու տեղւոյն խումբերուն հետ:

Հ.Մ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան նախկին ատենապետ եւ Հ.Մ.Մ.-ի պատմութեան գիրքի հեղինակ վաստակաշատ վեթերան ընկ. Տիգրան Սարաֆեան իր ելոյթին մէջ դրուատեց տիպար մարզիկի առանձնայատկութիւնները: Ան բնութագրեց Հ.Մ.Մ.-ականները որոնք անցնող 95 տարիներուն ընթաքին որպէս սկաուտ եւ թէ մարզիկ, միշտ մնացած են պատնէշին վրայ, բարձր պահելով տիպար հայրենասէրի եւ քաղաքացիի անունը ու իրենց պատկանած միութեան վարկն ու պատիւը: Այս բոլորի փայլուն ապացոյցներն են Հ.Մ.Մ.-ի տարած յաղթանակաները տարբեր մարզախաղերու մէջ ազգային, տեղական եւ թէ միջազգային մակարդակներու վրայ: Այնուհետեւ յարատեւութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց Փասատինայի Հ.Մ.Մ.-ի օգտաշատ ծրագիրնեուն, յատկապէս Քանատայի մէջ կայանալիք յառաջիկայ օրերու բարեկամական մրցումներուն:

Երեկոն խանդավառեց գաղութիս շնորհալի երգիչներէն` Արնօ Մկրտչեան, որուն ազգային, ժողովրդային եւ յեղափոխական երգերը բարձր տրամադրութիւն ստեղծեցին լեփ լեցուն սրահի մարզասէր հասարակութեան մօտ: Ստեղծուած բարձր տրամադրութեան նրքեւ եղան սրտաբուխ նուիրտուութիւններ Հ.Մ.Մ.-ի բարգաւաճման ֆոնտին

Այս առթիւ կը շնորհաւորենք սոյն յիշարժան երեկոյի կազմակերպիչները, մասնաւորաբար Հ.Մ.Մ.-ի Տիկնանց Օժանդակ Մարմնի անդամուհիները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment