Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Գերմանիա Մերժեց Թուրքիոյ Պահանջը

Գերմանիա Մերժեց Թուրքիոյ Պահանջը

by MassisPost

Գերմանիոյ արտգործնախարար Ֆրանք Վալթըր Շթայնմայըր յայտարարած է Պունտեսթակին, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը ոչ մէկ կապ ունի գերմանացի պատգամաւորներու` թրքական Ինճիրլիքի ռազմակայան այցելելու խնդրին հետ:

Ինչպէս ծանօթ է, պաշտօնական Անգարան, վրդոված Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէն Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի ընդունումէն, արգիլած էր գերմանացի խորհրդարանականներու մուտքը ռազմակայան, որտեղ Գերմանիան «Տորնադո» տիպի 6 հետախուզական ինքնաթիռ եւ վառելիքով վերալիցքաւորուող մէկ օդանաւ ունի, որոնցմով կ՛օժանդակէ Սուրիոյ մէջ «Իսլամական պետութեան» դէմ ԱՄՆ-ի գլխաւորած միջազգային քուալիցիայի գործողութիւններուն: Թուրքիոյ հետ չհամաձայնելու պարագային գերմանացի օրէնսդիրները կը քննարկեն իրենց ռազմական ուժերը ետ քաշելու հարցը:

«Ոչ մէկ կապ կը տեսնեմ երկու հարցերուն միջեւ, այդ մասին յայտնած եմ նաեւ թուրք գործընկերներուն»: Գերմանական հեռուստաալիքներէն մէկուն տուած հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Շթայնմայըր` աւելցնելով.- «Դաշնային խորհրդարանը պէտք է հաւանութիւն տայ, որպէսզի զինուորները կրնան շարունակել իրենց ծառայութիւնը արտերկրի մէջ: Այդ նպատակով պատգամաւորները կը փափաքին այցելել Ինճիրլիքի մէջ գտնուող զինուորներուն: Իմ պարտականութիւնս պատգամաւորներուն նման հնարաւորութիւն ապահովելն է»:

Շթայնմայըր աւելցուցած է` ճիշդ չէ սպասել, որ գերմանացի օրէնսդիրները, առանց զինուորներու իրավիճակին ծանօթանալու, հաստատեն Ինճիրլիքի գերմանացի զինուորներու ծառայութիւնը երկարաձգելու մասին օրինագիծը:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment