Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Հայկական Ժամանակ». Գիւղական՝ Առնուազն, 16 Դպրոցի Մէջ Առաջին Դասարան Պիտի Չբացուի

«Հայկական Ժամանակ». Գիւղական՝ Առնուազն, 16 Դպրոցի Մէջ Առաջին Դասարան Պիտի Չբացուի

by MassisPost

«Հայկական ժամանակ» թերթը կը գրէ. «Այսօր՝ Սեպտեմբեր 1-ին, գիւղական առնուազն 16 դպրոցի մէջ առաջին դասարան պիտի չբացուի։ Խօսքը կը վերաբերի Շիրակի, Արագածոտնի եւ Սիւնիքի մարզի համայնքներուն։ Ի դէպ, ատոնց մէկ մասը, արդէն 3-րդ տարին է, որ առաջին դասարան չունի։

Գիւղապետերը մեր թղթակցին հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին, որպէս այդ երեւոյթին հիմնական պատճառ, նշած են արտագաղթը։ Նաեւ յայտնած են, որ գիւղերէն չհեռացած երիտասարդներն ալ կը յապաղին ընտանիք կազմել, երեխաներ ունենալ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment