Գերմանացի օրէնսդիրներուն հնարաւորութիւն կը տրուի այցելել Ինճիրլիքի ռազմակայանը, եթէ Գերմանիոյ կառավարութիւնը հրաժարի Պունտեսթակի՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւէն: Այդ մասին այսօր յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն:
Յիշեցնենք՝ պաշտօնական Անգարան, Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը ընդունելէն վրդոված, արգիլած էր գերմանացի խորհրդարանականներուն մուտքը ռազմակայան, ուր Գերմանիան 6 հետախուզական օդանաւ ունի եւ վառելիքով վերալիցքաւորող թանկեր՝ ատոնցմով օժանդակելով «Իսլամական պետութեան» դէմ Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած դաշինքի հարուածները: Գերմանացի օրէնսդիրները սպառնացել են դադարեցնել առաքելութիւնը, եթէ Թուրքիան թոյլ չտա իրենց այցելել ռազմակայան:
«Այդ կախուած է Գերմանիոյ ձեռնարկած քայլերէն: Եթէ անոնք անհրաժեշտ քայլեր ձեռնարկեն, մենք թոյլ կու տանք այցելել: Սակայն, դժբախտաբար, պէտք է ըսեմ, որ անոնց, որոնք անարդարացիօրէն կը խառնուին մեր պատմութեան եւ մեքենայութիւններ կ՛ընեն ատոր հետ, կարելի չէ թոյլատրել այդ այցելութիւնը», – Reuters լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ, Անգարաի մէջ տեղի ունեցած ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Չաւուշօղլուն, աւելցնելով, թէ «անհրաժեշտ քայլեր»՝ կը նշանակէ Գերմանիոյ կառավարութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Պունտեսթակի բանաձեւէն հրաժարիլը եւ յստակեցնելը, որ չի սատարեր այն:
Գերմանիաոյ արտաքին գործերու նախարարութիւնը չէ մեկնաբանած Թուրքիաոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարի յայտարարութիւնը՝ նշելով, որ խօսնակ Մարթին Սխեֆերը տուեալ թեմային անդրադարձած է ուրբաթ օր, երբ հարցուցած են Պունտեսթակի բանաձեւէն կառավարութեան հրաժարելու հնարաւորութեան մասին: «Գերմանական Պունտեսթակի բանաձեւը գերմանական սահմանադրական մարմինի քաղաքական հռչակագիր է: Կը կարծեմ՝ շատ լաւ գաղափար է․․․ որ սահմանադրական կառոյցները մէկը միւսի աշխատանքը մեկնաբանեն շատ զգուշօրէն, եթէ առհասարակ պէտք է մեկնաբանեն», – շեշտած է ան: