Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Ռուսաստան- Հայաստան Կազամուղը Պայթեցնելու Փորձին Վերաբերող Գործին Մէջ ԻՊ Դրօշով Լուսանկար Կայ

Ռուսաստան- Հայաստան Կազամուղը Պայթեցնելու Փորձին Վերաբերող Գործին Մէջ ԻՊ Դրօշով Լուսանկար Կայ

by MassisPost

Վրաստանի մէջ Ռուսաստան- Հայաստան կազամուղը պայթեցնելու փորձի մէջ մեղադրուող Պեքի Պեքաուրիի դատապաշտպան Մայա Չրելաշվիլին պատմեր է «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դրօշի ֆոնին իր պաշտպանեալի լուսանկարներու մասին, որոնք կցուած են անոր գործին:

«Գործին մէջ կան լուսանկարներ ընկերային ցանցէն, ուր Պեքաուրին ու միւսները կեցած են տարբեր՝ այդ շարքին նաեւ ԻՊ դրօշի ֆոնին»,- ըսած է Մայա Չրելաշվիլին, կը յայտնէ «ՌԻԱ Նովոստին»:

Անոր խօսքով, նիւթերուն մէջ կան նաեւ տեղեկութիւններ այն մասին, որ Պեքաուրին կրնայ կապ ունենալ Ուահապիզմի հետ, հակառակ որ մեղադրեալը կը հերքէ այդ կապը:

Հիմա Պեքա Պեքաուրին, որ հիւանդանոցի մէջ կը գտնուի, հինգ մեղադրեալներէն միակն է, որ ընդունած է իր մեղաւորութիւնը:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment