Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Համահայկական Մշակութային Մրցանակաբաշխութիւն

Համահայկական Մշակութային Մրցանակաբաշխութիւն

by MassisPost

GlobalArts2xebPanArmenian TV-ն եւ Global Arts International-ը կը ներկայացնեն տարուան կարեւորագոյն մշակութային իրադարձութիւնը՝ Pan Armenian Entertainment Awards 2016 -ը Լոս Անճելըսի մէջ գործող սփիւռքի խոշորագոյն հայկական պատկերասփիւռի կայանը` PanArmenian TV -ն եւ սփիւռքի մէջ տեղի ունեցող հայկական միջոցառումներ կազմակերպող խոշորագոյն ընկերութիւնը՝ Global Arts International -ը կը միաւորուրուին՝ մեկնարկը տալու նախադէպը չունեցող մշակութային հրավառութեան ողջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու տարածքին։ Ճազ, ռոք, փոփ եւ այլ սիրուած ժանրեր, թատերական բացառիկ ներկայացումներ, մէկը միւսին գերազանցող խոշորմաշտաբ համերգներ ու մշակութեան նորոյթներ՝ նախատեսուած յատուկ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հայ հանդիսատեսին համար։

Այս համագործակցութեան առաջին պտուղը Pan Armenian Entertainment Awards 2016 մրցանակաբաշխութիւնն է, որ տեղի կ՛ունենայ Նոյեմբեր 6 -ին հանրահռչակ Microsoft Theater -ի մէջ։ Տարուան գլխաւոր մշակութային միջոցառման ընթացքին մրցանակներ կը յանձնուին Հայաստանի ու սփիւռքի մէջ ապրող հայ արուեստագէտներուն` երաժշտութեան, շարժապատկերի, պատկերասփիւռի, նորաձեւութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ: Միջոցառումը պիտի ընգրկէ ոիչ միայն Հաստանի, այլեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, ՌԴ-ի, Եւրոպայի եւ Քանատայի մէջ ապրող ազգութեամբ հայ մշակութային գործիչներու ու շոուբիզնեսյան ներկայացուցիչներու տարուան լաւագոյն աշխատանքները:

Microsoft Theater -ի հեղինակաւոր դահլիճէն ներս կը սպասուի չտեսնուած շոու ծրագիր՝ ձայնային ու լուսային նորագոյն տպաւորութիւններով: Այս դահլիճէն ներս տեղի կ՛ունենան այնպիսի հեղինակաւոր միջոցառումներ ու մրցանակաբաշխութիւններ, ինչպիսին են «American Music Awards»-ը, «Bet Awards»-ը, «Emmy Awards»-ը, «People’s Choice Awards»-ը, «2010 & 2011 MTB Video Music Awards», «2014 & 2015 MTV Video Music Awards», «MTV Movie Awards» մրցանակաբաշխութիւնները, ինչպէս նաեւ «The American Idol Final Shows» նախագիծը եւ այլն:

Իր մաշտաբներով նախադէպ չունեցող այս մրցանակաբաշխութեան դահլիճէն պիտի հետեւին 7100 հանդիսատես եւ 10 միլիոն պատկերասփիւռի դիտող ամբողջ աշխարհի տարածքին։

Մրցանակաբաշխութեան արձանիկներն արդէն պատրաստութեան հանգրուանին մէջ են: Ատոնց հեղինակն աշխարհահռչակ ձեւագծող Մայքըլ Արամն է, որուն գործերն արդէն տարիներ շարունակ կը շոյեն արուեստասէր հանրութեան ճաշակը:

PanArmenian TV -ի տնօրէն Դաւիթ Աւետիսեանին խօսքերով Pan Armenian Entertainment Awards -ը իւրատեսակ հարթակ է, որ Հայաստանն ու սփիւռքը կամրջելու ուրոյն առաքելութիւն ունի։ Այն նման ձեւի այլ միջոցառումներէ պէտք է տարբերի իր մաշտաբներով, կատարուած նախապատրաստական հսկայական աշխատանքով եւ  աշխարհահռչակ բազմաթիւ կատարողներու ներկայութեամբ։ Դաւիթ Աւետիսեանը վստահ է, որ «Global Arts International»-ի հետ համագործակցութեան շրջանակներու մէջ յառաջիկային եւս ըլլալու են բարձր որակի համերգներ, ներկայացումներ ու շոու ծրագիրներ, որոնք տարուէ տարի պիտի ընդլայնեն իրենց աշխարհագրութիւնը։

Global Arts International -ի հիմնադիր-նախագահ Կարպիս Թիթիզեան կը նշէ, որ շատ կարեւոր է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ցոյց տալ հայ ազգի տաղանդներու տարուան լաւագոյն աշխատանքները, ինչպԷս նաեւ հայաստանեան լսարանին ծանօթացնել հայրենիքէն դուրս ապրող ու աշխատող հայ հանրային դէմքերու, արուեստագէտներուն աշխատանքները, որոնք գուցէ շատերու համար անյայտ են:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment