Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Ըստ Amnesty International-ի Թուրքիոյ Մէջ Ձերբակալուած Կալանաւորուածներուն Տեղը Անյայտ Է

Ըստ Amnesty International-ի Թուրքիոյ Մէջ Ձերբակալուած Կալանաւորուածներուն Տեղը Անյայտ Է

by MassisPost

Թուրքիա- («Ալ-Տիար»- Պէյրութ)- Միջազգային Ներման կազմակերպութիւնը (Amnesty International) նշած է, թէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները մեծ թիւով մարդիկ կալանքի տակ կը պահեն անյայտ վայրերու մէջ՝ յեղաշրջման փորձէն երկու շաբաթ անց: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Տիար», նշելով, որ կազմակերպութեան Թուրքիոյ հարցերու մասնագէտ Էնտրու Կարտնըր ըսած է, որ բանտարկեալները սովորական բանտերու մէջ պահելու անկարողութեան հետեւանքով, կասկածեալները կալանքի կը դրուին երկրի տարբեր շրջանները գտնուող մարզական հաստատութիւններու եւ կենդանաբուծական կեդրոններու մէջ՝ անմարդկային պայմաններու տակ:

Ան նաեւ աւելցուց, որ բանտարկեալներուն պէտք է թոյլատրուի կապ պահել իրենց ընտանիքներուն հետ եւ արտօնուի փաստաբան նշանակել: Կարտնըր նաեւ ընդգծած է, որ իշխանութիւնները դեռ բանտարկեալներու եւ անոնց գտնուած վայրերու պաշտօնական ցուցակ չեն կազմած:

Կը նշուի նաեւ, որ նախապէս, անցած շաբաթ հաղորդագրութեամբ մը, կազմակերպութիւնը զգուշացուցած էր, որ ոստիկանութիւնը կը մասնակցի յեղաշրջման փորձի կազմակերպիչներու խոշտանգումներուն, ինչը հերքած էր Թուրքիոյ կառավարութիւնը:

Միւս կողմէ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Էֆքիան Ալաա Չորեքշաբթի յայտարարծ է, որ ընդհանուր ձերբակալուածներու թիւը հասած է 25,917 մարդ, որոնցմէ 13,419-ին նկատմամբ բանտարկութեան վճիռ հրապարակուած է: Ան նաեւ նշած է, որ ցարդ 74,562 քաղաքացիներու արգիլուած է ճաբորդել, մինչ յեղաշրջման ձախող փորձի արդիւնքով սպաննուածներու թիւը հասած է 238-ի, իսկ վիրաւորեալները՝ 2197-ի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment