Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Լրագրողներո Աշխատանքը Խոչընդոտելու Յանցանքով Երկու Ոստիկանի դէմ Մեղադրանք

Լրագրողներո Աշխատանքը Խոչընդոտելու Յանցանքով Երկու Ոստիկանի դէմ Մեղադրանք

by MassisPost

3 Յունիս, 2015-ին Երեւանի Բաղրամեան պողոտայի վրայ, Ազատութեան հրապարակի եւ յարակից տարածքներու մէջ ոստիկանութեան ծառայողներու կողմէ իրենց պաշտօնական լիազօրութիւնները անցնելու, պաշտօնական դիրքը օգտագործելով` լրագրողի մասնագիտական օրինական գործունէութիւնը խոչընդոտելու, ուրիշի գոյքը դիտաւորութեամբ ոչնչացնելու կամ վնասելու վերաբերեալ ՀՀ յատուկ քննչական ծառայութեան մէջ իրականացուած նախաքննութեան ընթացքին մեղադրանք առաջադրուած է ոստիկանութեան աշխատակիցներ՝ ոստիկանութեան փոխգնդապետ Գ. Դ.-ին եւ ոստիկանութեան գնդապետ Տ. Հ.-ին: Այս մասին կը տեղեկացնէ յատուկ քննչական ծառայութիւնը:

Յիշեցնենք, որ ՀՀ յատուկ քննչական ծառայութեան յատկապէս կարեւոր գործերու քննիչը դատախազի հաստատմամբ որոշում կայացուցած էր՝ ոստիկանութեան յիշեալ ծառայողներու պաշտօնավարութիւնը ժամանակաւորապէս դադարեցնելու մասին:

Քրէական գործի նախաքննութիւնը տակաւին կը շարունակուի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment