Յայտարարութիւն

Միակողմանիօրէն խախտելով իր իսկ կողմէ ստորագրուած զինադադարը, Ատրպէյճանի իշխանական արկածախնդիր վերնախաւը Արցախի խաղաղ բնակչութեան վրայ ուղղած է իր հորդաները, որոնք վայրագաբար անմեղ երեխաներու վրայ կրակ կը բանան:

Միջազգային հանրութեան աչքին առջեւ զարգացող եւ նոյն հանրութեան անտարբեր կեցուածքէն խրախուսուած ատրպէյճանական այս նախայարձակ գործողութիւնները կասեցուած են հայոց քաջարի զինուորներու կողմէ, որոնց շարքերը տուած են թանկագին զոհեր եւ վիրաւորներ:

Բուռն կերպով դատապարտելով ատրպէյճանական ոտնձգութիւնները, մենք, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող ազգային երեք կուսակցութեանց ղեկավար մարմիններս, մեր շարքերուն եւ համակիրներուն անունով կը յայտարարենք`

1) Մեր ամբողջական զօրակցութիւնը Արցախի եւ անոր անվտանգութեան երաշխաւոր Հայաստանի Հանրապետութեան պետական կառոյցներուն, Հայոց բանակին եւ հայրենի ժողովուրդին.

2) Մեր վճռականութիւնը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու բարձրագոյն իշխանութիւնները ատրպէյճանական ուժերը սանձելու գործնական քայլերու մղելու ուղղութեամբ.

3) Մեր ջանքերով կարեւորել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան պատասխանատու մարմիններու կողմէ Արցախի հանրապետութեան անկախութեան ճանաչումը, տարածաշրջանի կայունութեան նպատակով.

4) Մեր պատրաստակամութիւնը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նեցուկը ապահովելու՝ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը պաշտպանելու ուղղութեամբ, հետեւելով Միացեալ Ազգերու ընդհանուր կանոնագրութեանց.

5) Հայկական միասնական ուժերով այս սպառնալիքին դէմ կանգնելու մեր յանձնառութիւնը, որուն միանալու կը հրաւիրենք համայնքիս բոլոր միութիւնները, յարանուանութիւնները, հասարակական կազմակերպութիւնները, իւրաքանչիւր հայորդի,

Կը սգանք Հայոց Բանակի հերոս զինուորներու կորուստը: Անոնք մեր զաւակներն են, որոնց գիտակից նահատակութիւնը` մեզ առաւել զոհաբերութեամբ հայրենիքի պաշտպանութեան գործին նուիրուելու ներշնչման աղբիւր է:

Հայ ժողովուրդը իր հազարամեակներու վրայ երկարող պատմութեան ընթացքին իր գոյութեան սպառնացող բազմաթիւ վտանգներ դիմագրաւած է ու յաղթահարած: Այս մէկը դիմագրաւելու պատասխանատուութիւնը մեր ուսերուն է, բոլորի՛ս:

ՍՈՑԻԱԼ ԴԵՄՈԿՐԱՏ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Լոս Անճելըս, 2 Ապրիլ 2016

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Sign Up for Our Newsletters

Get notified of the latest updates from MassisPost.

You May Also Like

ACA Screens “Intent to Destroy” To Sold Out Crowd

LA CANADA, CA – The Armenian Council of America (ACA) hosted a…

Greece, Armenia Sign Military Cooperation Agreement

ATHENS — Greek Minister of National Defence Nikos Dendias met with his…

We Must Remember — and Act: Why I’m Committed to Armenian Genocide Education and Justice

By GREG VARTAN Every April 24, Armenians around the world pause to…

Abp. Vicken Aykazian Honored for Half a Century of Service

The 50th ordination anniversary of a distinguished clergyman and longtime leader of…