Ժիրայր Լիպարիտեան

Ժողովուրդի մը պատմութեան մէջ կ՛ըլլան պահեր, երբ յոյսը չկտրելը լուրջ փորձութեան կը վերածուի, երբ լաւատեսութիւնը կարելի է պահպանել միայն այն պարագային՝ երբ այդ հաւասարեցուած է ինքնախաբէութեան հետ, երբ անտարբերութիւնը մեծ պատասխանատուութիւն կը ստանձնէ, եւ երբ լռութիւնը համազոր է մեղքի:

Հայաստանի ներկայ իրավիճակը ճիշդ այդպիսի պահ մըն է. եթէ, ի հարկէ, մարդ մտահոգուած է Հայաստան պետութեամբ։

Երկու տասնամեակի պատմութիւն ունեցող մեր անկախ պետութեան մէջ արտագաղթը հասած է ծայրայեղ վտանգաւոր չափերու։ Վտանգաւոր՝ Հայաստանի ազգային ապահովութեան ու պետութեան կառուցուածքին եւ սպառնալիք՝ պետականութեան գաղափարին, որ ուրիշ արժէք ունի, քան ընդհանուր անցեալի մը գիտակցումը։

Ժամանակն է որ հասկնանք, ինչպէս շատերն են հասկցած Հայաստանի մէջ, որ արտագաղթի ներկայ ծաւալները մեզ հասցուցած են պատմական կարեւորութիւն ներկայացնող աղէտի շեմին. աղէտ, որ անհամեմատ աւելի մեծ է, քան սովորաբար յիշատակուող դժվար խնդիրներն առանձին։

Մենք կը հպարտանանք պատմութեան մեր իմացութեամբ եւ միաժամանակ կատարեալ տգիտութիւն կը ցուցաբերենք այն հարցին մէջ, թէ այդ պատմութիւնն ի՛նչ կրնայ նշանակել, ի՛նչ դասեր կարող է մեզ տալ, եթէ, անշուշտ, կը ցանկանանք որեւէ դաս սորվիլ: Մեր քաղաքական, մտաւորական, գիտական ու կրօնական ղեկավարներէն շատ-շատերն իրենց ելոյթները, յօդուածները, գրքերն ու քարոզները կը զարդարեն այդ պատմութեան մէջ լեցուն ողբերգութիւններու յղումներով։ Անոնք նաեւ կը շեշտեն այդ պատմութենէն դասեր քաղելու անհրաժեշտութիւնը: Եւ սակայն կարծես մոռացութեան կը մատնեն այն պարզ փաստը, որ Հայաստանը կը պարպուի, եւ որ ծանր ու դաժան այդ հանգամանքն ունի իր նախանցեալն ու այսօր՝ իր անդառնալի հետեւանքները։

Յայտնի է, որ Հայաստանէն կատարուող արտագաղթն առնուազն հազար տարուայ պատմութիւն ունի: Մեր պատմաբանները բազմաթիւ պահեր մատնանշած են, երբ հայեր զանգուածաբար լքած են իրենց հայրենիքը։ Եւ սակայն պատմաբանները եւ ուրիշներ միշտ չէ, որ գնահատած են այդ ընթացքի հետեւանքները: Մենք գիտենք, որ Վասպուրականի Արծրունիները կառուցած են Աղթամարի եկեղեցին, բայց կարծես թէ կ՛անտեսենք, որ այդ կառոյցը պատեցին, որպեսզի տօնեն հայոց կենտրոնական իշխանութիւններու գնով իրենց թագաւորութիւն դառնալը եւ այդ ընելով ստեղծեցին փոքրիկ ու խիստ խոցելի պետութիւն մը ու թուլացուցին համահայկական Բագրատունեաց թագաւորութիւնը։ Կարծես մեր հոգը չէ նաեւ այն, որ, դառնալով Բիւզանդիոյ ընդարձակման կարեւորագոյն թիրախ, իրենց «արքայական գոյութեան» աւարտին Արծրունիներն իրենց թագաւորութիւնը փոխանակեցին Հայաստանէն դուրս կալուածքի հետ եւ տասնեակ հազարաւոր իրենց հպատակներու հետ հեռացան երկրէն։ Սա նոյն Աղթամարն է, որու համար այնքան աղմուկ բարձրացուցինք վերջերս, մեր բոլոր կառոյցներով, պետական եւ սփիւռքային։ Երբեմն ազգ զգալը ուրիշ բան չի պահանջեր, կարծէք, քան անցեալի արուեստը գնահատելը։

Յամենայն դէպս, զանգուածային արտագաղթի վերոյիշեալ եւ նման դէպքերը կը բացատրեն, մասամբ, թէ ինչո՛ւ կորսնցուցինք պատմական Հայաստանը:

Այդ դէպքերը կապուած են մեր պատմութեան ամենաողբերգական ու ծանր հետեւանքներ ունեցած իրադարձութեան՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին՝ Ցեղասպանութեան։ Ցեղասպանութիւնն ու Ցեղասպանութեան ճանաչման ջանքերը, տարբեր ուժգնութիւններով, համակած են սփիւռքի ու Հայաստանի քաղաքականութիւնն ու քաղաքական միտքը: Այդ աղէտին յարմարուելու համար անհրաժեշտ եղած են տասնամեակներ, եւ սակայն չենք կրնար ըսել, թէ արդէն կը տիրապետենք իրադրութեանը։ Մենք պէտք է իրադարձութիւնները նախ եւ առաջ մենք մեզ պատմէինք, ապա նոր՝ աշխարհին: Ոմանք սկսած են ուսումնասիրել Օսմանեան Թուրքիոյ կառավարութեան վարած քաղաքականութեան պատճառները։ Միեւնոյն ժամանակ մենք որոշած ենք, որ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումն է այն բնագաւառը, ուր պետք է կեդրոնացնենք մեր ուժերը։ Ակնկալած ենք, որ ուրիշ ժողովուրդներ օժանդակեն ցեղասպանութեան ճանաչման մեր արշաւին, քանի որ անոնք եւ մնացած աշխարհը դասեր կրնան քաղել հայոց Ցեղասպանութենէն, պատմութենէն՝ մե՛ր պատմութենէն։

Եւ սակայն զլացած ենք նոյնքան կարեւոր հարց մը տալ։ Երբ որոշեցին, որ ցանկալի կ՚ ըլլայ սպաննել ժողովուրդ մը, ինչո՞ւ Օսմանեան կայսրութեան այդ շրջանի ղեկավարները մտածեցին, որ կրնան նման չափերով իրականացնել այն տեղահանութիւններն ու կոտորածները, որոնք անհրաժեշտ էին իրենց նպատակին հասնելու համար։ Ինչո՞ւ մտածեցին, թէ կարող են նման չափերով հասնիլ այն բանին, ինչին այժմ Ցեղասպանութիւն անունը կու տանք։ Այդ միջոցառման իրագործումն ինչո՞ւ էր կարելի, առհասարակ։

Պարզ ճշմարտութիւնն այն է, որ հայերն իրենց իսկ հայրենիքին մէջ վերածուած էին փոքրամասնութեան, եւ իրենց թիւն իջած ու հասած էր այնպիսի շեմի մը, ուր իրենց ձեռքերով իրենց խնդիրներու որեւէ լուծում անհնարին էր դարձած:
Հազար տարի առաջ հայերը կը կազմէին պատմական Հայաստանի բնակչութեան առնուազն 90 տոկոսը՝ տարբեր հաշուարկներով կազմելով մեկէն մինչեւ չորս միլիոն ժողովուրդ: 1914 թուականին, ըստ մեր պատրիարքարանի տուեալներուն, ամբողջ Օսմանեան կայսրութեան մէջ 2.2 միլիոն հայ կար: Մինչ այդ տեղի ունեցած կոտորածներով կարելի է բացատրել բնական աճի բացակայութեան փոքր մասը միայն: Անհատներու, ընտանիքիներու եւ խումբերու արտագաղթը, անկախաբար արդարացուած ծանրակշիռ պատճառներով թէ ոչ, ինչպէս նաեւ ազգափոխութիւն-դաւանափոխութիւնը, կը ներկայացնեն մնացած տարբերութեան հիմնական պատճառները:

Բնակչութեան այդ հիւծումն ու նուազումն են, որ երիտթուրքերու կառավարութեան համար Ցեղասպանութիւնը դարձուցին Հայկական հարցի լուծման հնարաւոր միջոց, եւ, նման քաղաքականութիւն ընդունելէն յետոյ՝ այդ պատճառով էր, որ կրցան յաջողութեամբ իրագործել իրենց ծրագիրը. եւ այդ՝ չնայած մինչեւ պատերազմը հայ ֆէտայիներու կողմէն եւ բուն Ցեղասպանութեան ընթացքին հայկական դիմադրութեան կեդրոններէն շատերու մէջ ցուցաբերած հերոսական պայքարին: Վերջնական արդիւնքը չի պայմանաւորուիր ճառերով ու գաղափարախոսութիւններով, ոչ ալ նոյնիսկ հերոսութիւններով ու խիզախութեամբ։ Մեր շուրջ ծաւալուող առարկայական իրականութիւնն է, ժամանակի ընթացքին մէջ կազմաւորուող իրողութիւններն են, զորս պէտք է հաշուի առնենք:

Մեր թուաքանակն ինկաւ այն շեմէն վար, որմէ յետոյ անհնար էր Օսմանեան պետութեան դէմ հայկական յեղափոխութիւնը, եւ, ընդհանուր առմամբ անյոյս՝ Ցեղասպանութեան դեմ բարեյաջող ինքնապաշտպանութիւնը: Փաստն այն է, որ այն հազուադէպ վայրերը, ուր դիմադրութիւնն ապահովեց նշանակալի թիւով հայերու փրկութիւնը կոտորածներէն կամ տեղահանութիւններէն, այնտեղ էին, ուր հայերը հոծ մեծամասնութիւն կը կազմէին, ինչպիսին էր հիւսիսային Վան գաւառը։ Միայն հիացում ունինք անհատ հերոսներու խիզախութեան, ստոյգ մահուան դէմ արժանապատուօրեն կռուած բազմաթիւ համայնքներու վճռականութեան հանդէպ եւ վիշտ, հարգանք ու ակնածանք՝ զոհ գացած ժողովուրդի հանդէպ, ինչպէս նաեւ ցասում՝ այդ պատճառաւ։ Սակայն այդ բոլորը չեն փոխհատուցեր ռազմավարական ու իրատեսական մտածողութեան բացակայութիւնը կամ այդ աղէտէն դասեր քաղելու անհրաժեշտութիւնը:

Այդ աղէտէն գրեթե մէկ դար անց այժմ նման շեմի մը դէմ յանդիման հասած ենք Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, ուր ազգաբնակչութեան նուազող մակարդակը, սերտօրեն առընչուած դրացիներու հետ ունեցած եւ չլուծուած հակամարտութիւններուն՝ կը սպառնայ տնտեսութեան ու ազգային ապահովութեան:

Սա կշտամբանք չէ մեր ժողովուրդին կամ անոր առանձին անդամներուն նկատմամբ. անհատներն իրենք են որ որոշումներ կը կայացնեն իրենց ներկայի ու ապագային վերաբերեալ՝ հիմնուած իրենց կարիքներու ու հնարաւորութիւններու վրայ: Արժանապատիւ ապագայի այդ հնարաւորութիւնները վերջին հաշուով կը ստեղծեն անոնք, որոնք կը ղեկավարեն ու կը կառավարեն պետութիւնը եւ որոշումներ կը կայացնեն այդ պետութեան առջեւ դրուած խնդիրներու կապակցութեամբ:

Շատ ազգեր ենթարկուած են յարձակումներու ու կոտորածներու, սակայն նման ոճրագործութիւններու ենթարկուած ամէն ժողովուրդ չէ որ լքած է իր հայրենիքը: Հայաստանի մէջ ղեկավարութեան նշանակութիւնն այնքան է, որքան որեւէ երկրի պատմութեան մէջ, ինչպէս Արծրունիներու դէպքը ցոյց կու տայ: Ներկայ ժամանակներու մէջ ժողովրդավարական գործընթացները պէտք է որոշ հսկողութիւն սահմանեն ղեկավարներու գործողութիւններուն վրայ: Սակայն պետութեան մը մէջ, ուր քուէները հետեւողականօրէն եւ զանգուածային ձեւով կը կեղծուին, անհատ քաղաքացիները այդ պետութեան քաղաքականութեան մէջ սահմանափակ դեր ունին կամ բնաւ չունին:

Հայաստանէն արտագաղթն ու իր արագացուած ընթացքը գաղտնիք չեն եղած: Ի վերջոյ, Հայաստանի մէջ հազիւ թէ ընտանիք գտնուի, որ արտասահմանի մէջ ազգականներ չունի։ Հայաստան վերադարձողներու ու Հայաստանը լքողներու վիճակագրական տուեալներու յարաբերակցութիւնը խաբել չի կրնար: Ի հարկէ, եղած են մարդիկ, յատկապես Հայաստանի մէջ, որոնք հրապարակաւ քննարկած են այս հարցը: Ոմանք տագնապի ազդանշան հնչեցուցած են: Հիմա արդէն կարծես կը տեսնենք, որ հարցն իբրեւ հիմնական մտահոգութիւն շատ-շատերի կողմէ քննարկման առարկայ է հայրենիքի մէջ:

Սակայն շատերու համար, յատկապես սփիւռքի մէջ, այդքան մեծ թիւով քաղաքացիներու իրենց երկիրը լքելու հանգամանքը դիտուած է իբրեւ եւս մէկ ցաւալի իրողութիւն՝ բազում ցաւալի այն իրողութիւններու շարքին մէջ, որոնք տեղի կ՚ ունենան Հայաստանի անկախութենէն ի վեր: Կարծես թէ խնդրի ահագնութիւնը չենք ընկալած: Մտաւորականներն ու գիտնականները այս հարցը հարկ եղած ահազանգով չեն հնչեցուցած: Անկասկած , որ այլեւս չենք տեսներ աւանդական երեք կուսակցութիւններու՝ Դաշնակցութեան, Ռամկավար ու Հնչակեան կամ սփիւռքեան այլ կազմակերպութիւններու որեւէ համատեղ յայտարարութիւն, որով մտահոգութիւն արտահայտուէր Հայաստանի հայաթափման կապակցութեամբ: Նոյնիսկ եթէ նման յայտարարութիւն ըլլար Հոկտեմբեր 1988ի ձախորդ համատեղ յայտարարութեան նման բան մը, որ ուղղված էր Ղարաբաղ կոմիտէի դէմ. ա՛յն Ղարաբաղ կոմիտէին, որ Ղարաբաղեան հարցին առաջնահերթ կարեւորութիւն տուած էր եւ կ՚ ընթանար դեպի Հայաստանի անկախութիւնը: Նման յայտարարութիւն առ նուազն ընդհանուր մտահոգութեան առարկայ դարձուցած կ՚ ըլլար Հայաստանի հայաթափման հարցը։ Խօսքն 1988ի այն համատեղ յայտարարութեան մասին է, որը Մոսկուային կը վստահէր Ղարաբաղի հարցի լուծումը եւ փաստօրեն կը պնդէր, որ իրենք՝ այդ յայտարարութիւնը ստորագրողները, Հայաստանի ապագան կը տեսնեն միայն Խորհրդային Միութեան կազմին մէջ: Գիտեմ, որ շատերը պիտի ուզէին մոռնալ այդ յայտարարութիւնն ու զայն ծնող քաղաքականութիւնը. ի վերջոյ, անցեալի առնչութեամբ մենք մեզ վերապահած ենք մոռացման իրաւունքը: Այդ յայտարարութեան տրամաբանութիւնն այն էր, որ Թուրքիան Հայաստանի մէջ մեր ազգի մնացած հատուածը կ՚ ոչնչացներ, եթէ պետականութեան այդ վերջին մնացորդը անկախանար: Հայաստանն այժմ անկախ է արդէն 20 տարի, եւ ժողովուրդը չէ ոչնչացուած Թուրքիոյ կողմէ:

Հայաստանի ժողովուրդի մեծ մասը չունի երկրի մէջ մնալու եւ պատշաճ ու արժանապատիւ կեանք վարելու հնարաւորութիւնը, մինչդեռ արտագաղթելու հնարաւորութիւնը դարձած է կաʹմ հնարաւոր միակ տարբերակը, կաʹմ ամենահրապուրիչը՝ երբեմն հրապուրիչ դարձած արտասահմանի ազգականներու եւ կամ Սիպիրը բնակեցնելու ռուսական նախաձեռնութեան շնորհիւ: Եւ այս հնարաւորութիւնը մեր կուսակցութիւններն ու կազմակերպութիւնները ի մի չէ բերած։

Ազգ-պետութիւնը կրնայ դիմանալ պատերազմներու ու պատուհասներու, սովի, վատ կառավարման, կաշառակերութեան եւ այլ փորձութիւններու, նոյնիսկ ամբողջատիրական եւ բռնակալական ու բռնատիրական կառավարութիւններու պայմաններուն: Սակայն կենսունակ պետութիւնը չի կրնար գոյատեւել պետութիւնը կազմող եւ անոր առկայոււթիւնն արդարացնող հիմնական մասնակիցի՝ ժողովուրդի վճռորոշ քանակի կորուստի պայմաններու պարագային:

Բռնատիրութիւններ են եղած, որոնք առարկայական ինչ-որ չափանիշով առնուազն մէկ հիմնախնդրի լուծում ապահոված են եւ այդպէս ալ գէթ մասնակիօրեն քաւած իրենց մեղքը: Նման փորձառութեան իր բաժինն ունի Հայաստանը Խորհրդային շրջանին: Ոչ-ժողովրդավար եւ յաճախ նոյնիսկ դաժան ռեժիմը արդիւնաբերական ու արդիական դարձուց գոնէ այդ երկրի մէկ մասը, որ մնացած էր պատմական Հայաստանէն, եւ մշակութային ու պետական ամուր ենթակառուցուածք զարգացուց: Որքան ալ վերջը տնտեսապես ու քաղաքականապէս սնանկ, այնուամենայնիւ, ԽՍՀՄ պայմաններու մէջ կարելի եղաւ ռեժիմը եւ քաղաքական ու տնտեսական համակարգերը փոխել եւ, այդ ամէնով հանդերձ՝ կենսունակ երկիր ունենալու կարելիութիւնը ստեղծել: Քանի՞ մարդ կայ, որ լրջօրեն կրնայ այսօր հաւատալ որ կարելի է հայկական կենսունակ պետականութիւն ապահովել, երբ այն արդէն կորսնցուցած ըլլայ իր ազգաբնակչութեան վճռորոշ հատուածը:

Վերջին ժամանակներու ընթացքին Հայաստանէն արտագաղթը սկսաւ 1970-ական թուականներուն՝ իբրեւ ԱՄՆի ճնշման տակ ԽՍՀՄ-ի ընդունած այն որոշման կողմնակի արգասիք, որով խորհրդային հրեաներուն թոյլ կը տրուէր արտագաղթել: Խորհրդային Միութեան տնտեսական փլուզումը, որով կը նախանշուէր անկախութիւնը, ծայրագոյնս դաժան անդրադաձաւ Հայաստանի վրայ՝ Ղարաբաղի պատերազմի եւ ուժանիւթերու շրջափակման հետեւանքով: Հայաստանէն արտագաղթն արագացաւ եւ շարունակուեցաւ անկախութիւնէն յետոյ 20 տարի՝ հիմնականին մէջ ընկերային ու տնտեսական պատճառներով, որոնց վերջերս աւելցաւ նաեւ յուսալքութիւնը:

Անկախութիւնէն յետոյ առաջին մի քանի տարիները Հայաստանի նորագույն պատմութեան ամենածանր տարիներն էին: Այդ շրջանին բնորոշ էին խորհրդային սնանկացած տնտեսութեան կործանումը, արդիւնաբերութեան անգործածական վիճակը, ուժանիւթային ճգնաժամը, Ատրպէյճանի հետ պատերազմը, երկրաշարժը, որ հիւսիսային Հայաստանի մէջ աւերակի վերածեց երկրի մէկ երրորդը, Ատրպէյճանէն մոտ 300.000 փախստականներու Հայաստան հոսքն ու անոնցմէ շատերու գրեթէ անմիջապէս արտահոսքը եւ համակարգային փոփոխութիւններու մեծ մասի փորձնական բնոյթը, ինչպէս եւ արտագաղթը:

Հիմնական տարբերութիւններ կային առաջին վարչակազմի, որուն ես մաս կազմած եմ, եւ անոր յաջորդած վարչակազմերու մտածողութիւններուն միջեւ։ Տարբերութիւններէն մէկն այն է, որ առաջին վարչակազմը կը փորձէր մեր դրացի պետութիւններուն հետ ունեցած խնդիրները լուծել, ինչ որ անհրաժեշտ էր Հայաստանի տնտեսութեան ապագայի, ինչպէս նաեւ երկարաժամկէտ ապահովութեան համար։ Անկախ հանրապետութիւնը ստեղծուեցաւ, որպեսզի Հայաստանի քաղաքացիներու համար աւելի բարեկեցիկ եւ աւելի անվտանգ կեանք ապահովուած ըլլար։ Իր տարածքին ու քաղաքացիներուն ապահովութեան համար պատասխանատուութեան միեւնոյն առաջնայնութիւնը տարածուեցաւ նաեւ Ղարաբաղի ու իր ազգաբնակչութեան վրայ։ Ի հեճուկս բոլոր հաւանականութիւններու՝ ճշգրիտ հաշուարկուած ռազմավարացումը, Հայաստանի ժողովուրդի կամքը, Ղարաբաղի ժողովուրդի տոկունութիւնը եւ Ղարաբաղի ու Հայաստանի մեր երիտասարդներու եւ սփիւռքէն մի քանի կռուողներու անձնազոհութիւնը, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան գործած սխալներն ապահովեցին պատերազմի դրական ելքը: Ղարաբաղեան պատերազմը կամ առնուազն անոր ամենավերջին փուլն աւարտեցաւ 1994 թուականի յաղթանակով, որն իրական էր, այլ ոչ բարոյական, որքան ալ որ վերջին տեսակը ոմանց աւելի յարմար թուի։

Առաջին այդ տարիներու եւ ապա վերջին տասնամեակի միջեւ տարբերութիւնն այն է, որ մինչեւ 1996 թուականը , բացի պատերազմը յաջող աւարտի հասցնելը՝ լուծում ստացաւ ուժանիւթային ճգնաժամը, համակարգային փոփոխութիւններն աւելի ամուր հիմքի վրա դրուեցան, երկրաշարժէն վնասուած աղէտի գօտիին վերակառուցումը դրուեցաւ աւելի կազմակերպուած, թէկուզ եւ դանդաղ հունի մէջ , եւ կայունացաւ փախստականներու հարցը։ Կայուն զարգացում սկսելու եւ անոր անխափանութիւնն ապահովելու համար անհրաժեշտ հիմնական խնդիրներէն մնաց Հայաստանի երկու հարեւաններու՝ Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ հետ հակամարտութիւններու լուծման հարցը: Այս երկու չլուծուած հարցերը ունին տնտեսական, պետական ապահովութեան ու ռազմավարական բնույթի կարեւորութիւն թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Ղարաբաղի վրայ: Այդ հարցերն ալ լուծելի էին։

Եւ սակայն այն, ինչ հետեւեցաւ այդ սկզբնական տարիներու մարտահրաւէրներուն եւ լուծումներուն, լաւագոյն պարագային ծայրայեղօրեն անճարակ էր, իսկ վատագոյն պարագային՝ ողբերգականօրեն վատնողական:

Դժբախտաբար, երկրորդ նախագահի իշխանութեան տարիները, իբրեւ պատմաբան ողորմած ըլլալու համար, կրնամ լաւագոյնս բնորոշել որպէս «վատնուած տասնամեակ»։ Հայաստանի մնացած մեծ հիմնախնդիրներէն եւ ոչ մէկը լուծում չստացաւ բախտորոշ այդ տարիներու ընթացքին։ Կարծես ամէն բան կատարուեցաւ՝ վստահ ըլլալու համար, որ այդ հարցերը լուծում չեն ստանար՝ չնայած պատասխանատու անձերու կողմէն կատարուած ճիշդ հակառակ բնոյթի յայտարարութիւններուն: Երեւանի կեդրոնին մէջ նոր շէնքերու կառուցումը եւ նոր սրճարաններու ու թանկարժէք ապրանքներ ծախող խանութներու բացումը, որոնք սովորաբար մի քանի մարդու գրպանները ապօրինաբար կուտակուած վիթխարի փողերը լուալու միջոց էին, որեւէ կապ չունին այն երեւոյթին հետ, որը ընդունուած է համարել տնտեսական զարգացում: Այլապէս տարեկան 10 տոկոս տնտեսական աճի տարիներէ ի վեր յայտարարուած արհեստական պղպջակը ֆինանսական տկարութեան առաջին իսկ նշաններէն ցաքուցրիւ չէր ըլլար:

Այդ տասը տարիները պէտք էր գործածուէին Հայաստանի դրացիներու հետ հակամարտութիւններու լուծման համար՝ հնարաւորինս օգտուելով այն առաւելութիւններէն, որոնք ձեռք էր բերած Հայաստանը, առաւելութիւններ՝ որոնք սակայն դժուար թէ կարողանայինք երկար պահել: Ի վերջոյ, բոլորին համար, բացի անոնցմէ, որոնք որոշած են չտեսնելու տալ ամբողջական պատկերը, ակնյայտ էր, որ ժամանակի ընթացքին այդ առաւելութիւնները վերանալու էին։ Փոխանակ պետական մարդոց վայել որոշումներ կայացնելու, ղեկավարները ներքաշուեցան երկդիմի վարքի մէջ ՝ պնդելով մէկ բան եւ ամէն բան ընելով, որ տեղի ունենայ ճիշդ հակառակը։ Սակայն սփիւռքեան կազմակերպութիւններու մեծ մասը ողջունեց այդ ընթացքը, մանաւանդ անոնք, որոնց հետաքրքրութիւնը կեդրոնացած էր Ցեղասպանութեան ճանաչման համար պայքարի վրայ՝ իբրեւ ազգային օրակարգի կարեւորագոյն հարց, իբրեւ հայրենասիրական գործունէութեան սրբազնագոյն ապացոյց։

Այդ տարիները վատնուեցան պետութեան նոր ղեկավարներուն կողմէ խստօրէն կեդրոնացած իշխանութեան հասնելու, իրենց համար հարստութիւն դիզելու եւ սանձարձակ ուժի կիրառումն ըմբոշխնելու վրայ։ Անոնք նոյն այն ղեկավարներն էին, որոնք կը պնդէին, թէ հակամարտութեան գօտիի մէջ կարելի էր պահպանել ստատուս քուոն եւ միաժամանակ հասնիլ տնտեսական մեծ զարգացման, որովհետեւ սփիւռքի դրամագլխային ներդրումները Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման մէջ համազօր պիտի ըլլան Ատրպէյճանի քարիւղի ու կազի եկամուտներուն։

Ղարաբաղէն դուրս գտնուող գրաւուած Ատրպէյճանական տարածքներն, այո, կը մնան հայկական ուժերու վերահսկողութեան տակ, սակայն Հայաստանն ու Ղարաբաղը կը շարունակեն արիւնաքամուիլ՝ վտանգաւոր չափերով կորսնցնելով իրենց ազգաբնակչութիւնը՝ վտանգելով այդ պետութիւններու հիմքերն իսկ։ Ստատուս քուոն ուրեմն սառեցում չնշանակեց, իսկ շարունակուող գործընթացքները ի նպաստ մեզի չեղան։

Պէտք էր հասկնալ ու մենք հասկցած էինք, որ եթէ Հայաստանը պիտի դառնայ կենսունակ պետութիւն, եւ եթէ հայերը կը փափաքին ապրիլ այդ երկրին մէջ, անհրաժեշտ է որ մեր ունեցած դրացիներու հետ հաշտ ապրինք եւ լուծենք մեր միջեւ եղած հակամարտութիւնները։ Իր չորս հարեւաններէն այսօր Հայաստանը ոչ-բարեկամական հարաբերութիւններ ունի Թուրքիոյ հետ, փաստացի պատերազմի մէջ է երկրորդի՚՝ Ատրպէյճանի հետ, անոր հետ չունենալով խաղաղութեան պայմանագիր. առաւել, այդ երկուքի հետ ունեցած խնդիրներու պատճառով թերի յարաբերութիւններու մէջ է միւս երկու դրացիներու՚՝ Վրաստանի ու Իրանի հետ, եւ անառողջ յարաբերութիւններու՝ Ռուսաստանի հետ։ Այս պայմաններու մէջ պատկերացնել, որ այսօր Հայաստանը կրնայ կենսունակ պետութիւն ըլլալ իր ժողովուրդին համար այնքան արտառոց միտք է, որուն միայն ֆանտաստիքի հաւատքը կարող է հասնիլ։ Իսկ հաւանականութիւնը, որ կարող է մօտ կամ նոյնիսկ հեռաւոր ապագային Թուրքիան ու Ատրպէյճանն իրենց ապրանքները կապոցի մէջ դնելով հեռանան եւ իրենց փոխարէն, ըսենք, Ֆինլանտիան ու Լիւքսամպուրկը գան հաստատուին մեզի որպէս դրացի՝այնքան էլ մեծ չէ։ Փաստօրեն, մեզ անհրաժեշտ եղաւ հասկնալ, որ մեր առջեւ ծառացած խնդիները մե՛ր խնդիրներն են, որ մենք հակամարտութիւններու մաս կը կազմենք, քանի որ մեր ուզածը հակադրութեան մէջ է այն բանի հետ, ինչ մեր դրացին կը կարծէ իրն է, որ մե՛նք պետք է լուծենք այդ հակասութիւնները, այլ ոչ թէ սպասենք, որ մեր փոխարէն ուրիշները լուծեն մեր հարցերը, որ, մէկ խօսքով, մենք այդ աշխարհամասի մէջ այցելու հիւրեր չենք, այլ այդտեղ ենք՝ մնալու նպատակով։ Վերջապէս, մենք վստահ էինք, որ Հայաստանի ու Ղարաբաղի կենսական շահերը պաշտպանելուն զուգընթաց կարելի էր լուծել նաեւ մնացեալ այդ խնդիրները։

Ոմանք կը կարծէին, թէ ստատուս քուոյի պահպանումը մեծագոյյն նուաճումն էր, որ Հայաստանի պետութիւնը կարող էր ձեռք բերել իր եւ Ղարաբաղի համար: Այդպէս մտածողներէն էին Հայաստանի երկրորդ նախագահն ու իր խնկարկուները։ Երկրորդ նախագահը, որ ոմանց համար պաշտամունքի առարկայ էր՝ Ցեղասպանութեան ճանաչման պատմականօրէն կարեւոր հարցը պետական քաղաքականութեան մակարդակի բարձրացնելուն համար, կը խորշէր պատմութենէն եւ որեւէ դասէ, որ համեստաբար կրնար մեզի սորվեցնել այդ պատմութիւնը։ Անոր համար ալ իր ձեռքին մէջ Ցեղասպանութեան հարցն ընդամէնը զէնք էր, զոր կը յուսար ճարպիկօրեն գործածել՝ Թուրքիան նուաստացնելու համար, որպէսզի վերջինս դադրի Ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծման հարցի մէջ առաջընթացը երկկողմ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործի մէջ նախապայման նկատելէ։ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը իր մտքին մէջ կարեւոր էր այնքանով նաեւ, որքանով այդ հարցը բարձրացնելը պետական քաղաքականութեան մակարդակի պիտի ապահովէր Հայաստանի մէջ սփիւռքի ներդրումների երկրաչափական աճը։

Երկրորդ նախագահի կողմնակիցներէն շատերու համար Ցեղասպանութեան ճանաչումն ընդամէնը առաջին քայլն էր դէպի հատուցում՝ չնայած այն հանգամանքին, որ երկրոդ նախագահն անձամբ, Հայաստանի Հանրապետութեան անունէն, հերքած է նման յաւակնութիւնները։ Գիտեմ, որ շատերը կը ցանկանային ընդլայնել Հայաստանն ու Ղարաբաղը եւ աւելի տարածքներ ընդգրկել անոնց սահմաններու մէջ ։ Ես սիրով կ՚ ողջունէի նման մտքերը, եթէ այդ նպատակն իրագործելու ուղղուած արժանահաւատ որեւէ ռազմավարութիւն դրուէր նպատակին կից ։ Երբ փոքր էի, ես նոյնպես նման նպատակներ կը փայփայէի, որովհետեւ զանոնք արդար կը նկատէի։ Երբ քիչ մը մեծցայ, ի պատասխան իմ այն հարցումին, թէ ինչպէս պիտի հասնինք այդ նպատակներուն, ինծի պատասխանեցին, որ գաղտնիքներ կան, զորս միայն ղեկավարները գիտեն, իսկ մենք պետք է ընդամէնը վստահինք ու հետեւինք այդ ղեկավարներուն։ Ժամանակն անցաւ, եւ պարզ դարձաւ, որ ոչ ոք ունէր կախարդական այդ դեղատոմսը:

Ինչպէս պարզուեցաւ, խորհրդային կամ ոչ-խորհրդային Ռուսաստանի վրայ դրուած յոյսը մաս կը կազմէր գոյութիւն չունեցող ռազմավարութեան ոչ-կախարդական պատկերացումին։ Ռուսաստանը ունեցած է ե՛ւ դրական, ե՛ւ բացասական դեր մեր պատմութեան մէջ, ներառեալ մեր պետականութեան կազմաւորման, այդ պետականութեան տարածքի ու բնակիչներու քանակի կապակցութեամբ։ Կարելի չէ անտեսել ոչ դրականը, ոչ ալ բացասականը։

Ի վերջոյ կարելի չէ մոռնալ, սակայն, որ Ռուսաստանը կը գործէ ի՛ր, ոչ
թէ մեր շահերէն մեկնելով, եւ մենք պետք է ընդունինք այդ փաստը եւ գործենք ըստ այնմ։ Ռուսաստանը չէ ընդունած եւ պիտի չընդունի խորհրդային ժամանակաշրջանին սահմանագծուած Լեռնային Ղարաբաղէն դուրս Ատրպէյճանական տարածքներու վերահսկողութիւնը հայկական ուժերու կողմէ՝ անկախ այն բանէն, թէ մենք ինչպէս կ՚ որակենք այդ վերահսկողութիւնը։ Թեեւ Հայաստանի տարածքն այս պահին ապահով կը թուի, Ռուսաստանի տեսակէտէն Ղարաբաղը բանակցելի միաւոր է. ի վերջո, Մոսկուան Պաքուի հետ սակարկելիք անհամեմատ աւելի շատ հարցեր ունի, քան Երեւանի հետ: Իրական քաղաքականութիւնը չի կրնար բաղձանքներու կամ կամայական մտածողութեան վրայ հիմնուիլ։ Քաղաքական կուսակցութիւններու իրական դիրքորոշումները պէտք է յենուին հարցերու լուծման համար առաջադրուած ռազմավարութիւններու վրայ, այլ ոչ թէ փափաքներու հռչակման ու այդ բոլորը «պահանջելու» վրայ։ Մարդ կարող է իրեն լաւ զգալ առաւելագոյնը պահանջելով. ո՞վ չ՚ուզեր լաւ զգալ։ Սակայն այդ ո՞ր օրուընէ ի վեր լաւ զգալը դարձաւ ժողովուրդի ու պետութեան ապագայի վերաբերեալ իմաստուն որոշումներու ու քաղաքականութեան հիմնաւոր չափանիշ։ Մենք պատմութեա՞ն միջով է որ կը քալենք, թե՞ գինետան։

Այս «լավ զգալու» խնդիրը՝ աւելի շատ հող եւ ուրիշ բաներ կ՚ ուզենք, մենք յաղթած ենք եւ ուրեմն կրնանք ուզել այն, ինչ ցանկի վրայ կ՚ աւելցնենք՝ արդէն բաւական ժամանակ է կը մթագնէ իրական հարցերը։ Եվ ա՛յդ է որ մեզ հասցուցած է այս պահին, երբ փոփոխութիւնը կատարուած է՝ չնայած ստատուս քուոն պահպանելու մեր ցանկութեան եւ չնայած «ոչ մէկ թիզ հող» կարգախօսի, եւ այդ փոփոխութիւնը կատարուած է մեր ողջ համակարգի հիմքին մէջ իսկ, ի հաշիւ այն մարդոց, որոնք պիտի բնակեցնէին պետութիւնը եւ այդ բնակչութեամբ արդարացուէր պետութեան գոյութիւնը։

Այդ ղեկավարները Հայաստանի պետականութեան վերջին մնացորդներուն իրենց հասցուցած վնասի համար պատասխան պիտի տան պատմութեան առջեւ։

Արտագաղթի առնչութեամբ առնուազն մէկ շռնդալից տարբերութիւն կայ առաջին վարչախումբին եւ անոր յաջորդներուն միջեւ. արտագաղթը մեզ համար հիմնախնդիր էր, որը պէտք էր լուծուէր, մինչդեռ մեր յաջորդներու համար այն հարցի մը կամ հարցերու լուծում է եղած կարծէք:

Այնպիսի պատասխանատու դիրք զբաղեցնող պաշտօնեայ, ինչպիսին Հայաստանի այսօրուայ վարչապետն է, վերջերս յայտարարութիւն մը ըրաւ այն իմաստով, որ արտագաղթը դրական գործընթաց է, քանի որ այդ կը նուազեցնէ դժգոհ քաղաքացիներու շարքերը, որոնք կրնան «յեղափոխութեան» հնարավոր մասնակիցներ դառնալ: Մարդ զարմանալիօրեն չի զարմանար անոր ըսածի տրամաբանութեան եւ ամենակարեւորը՝ պարզամտութեան կամ, ինչպէս ոմանք կը բնութագրեն՝ պետական այրի դրսեւորած լկտիութեան վրայ։ Ի վերջոյ, սա կ՚ արտացոլէ տասնամեակէ մը աւելի գուրգուրանքի առարկայ դարձած քաղաքական այն մշակոյթը, որը կը հանդուրժէ նման անհեթեթութիւն՝ չըսելու համար ազգային դաւաճանութիւն. նման տրամաբանութիւնը կը դրսեւորէ նաեւ անյուսօրեն տհաս այս վարչախումբի էութիւնը, որ կառուցուած է խաղաղ ցուցարարներու դիակներու վրայ, ցուցարարներ՝ որոնց վրայ զինուած ուժերը կրակ արձակեցին, ամենայն հաւանականութեամբ երկրորդ նախագահի հրամանով կամ առնուազն իր գիտութեամբ։

Առանց նոյնիսկ այնքան հեռու երթալու մինչեւ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմը՝ նշելու համար բազմաթիւ կառավարութիւններու կատարած վայրագութիւններն իրենց իսկ քաղաքացիներու նկատմամբ, որոնցմէ կարելի է յիշատակել միայն մի քանին՝ հրեաներունն ու գնչուներունը Եւրոպայի մէջ, չեչեններունը եւ այլերու ԽՍՀՄ-ի մէջ, անհնար է չյիշել կէս միլիոն ինտոնեզիացիներու ջարդը, որոնք «համայնավարութեան նկատմամբ իրենց համակրանքի» պատճառաւ սպառնալիք համարուեցան այդ երկրի զինուորականութեան կողմէ, կամ երկու միլիոն քամբոտիացիներունը, որոնք սպաննուեցան Կարմիր խմերներու՝ իրենց իսկ սեփական կառավարութեան կողմէ, որովհետեւ իբրեւ քաղաքաբնակներու, այդ զոհերու ընկերային դիրքն անբարենպաստ էր կառավարութեան գաղափարախօսութեան համար։

Իսկ ինչո՞ւ այս կապակցութեամբ չխօսինք մէկ միլիոնէ աւելի հայերու մասին, որոնք սպաննուեցան Օսմանեան կայսրութեան մէջ՝ այն պատճառաւ, որ անմիջական կամ յետագայ սպառնալիք նկատուեցան այդ ռեժիմի ղեկավարներու ունեցած Թուրքիոյ ապագայի պատկերացման համար։

Ես, ի հարկէ, ցեղասպանութեան մեղադրանք չէ որ կը ներկայացնեմ Հայաստանի ներկայ ղեկավարներուն ։ Եւ սակայն այս գործընթացներու միջեւ ընդհանրութիւնն, այնուամենայնիւ, ակնբախ է։ Եթէ կրնաս այնպէս ընել, որ քու դէմդ ընդդիմութիւնն անյայտանայ, կրնաս յուսալ, որ իշխանութիւնդ կ՚երկարի։ Այնպէս կը թուի, որ Հայաստանի վերջին շրջանի առնուազն մի քանի ղեկավարներ կը փորձեն ապահովել ռեժիմի փաստացի կամ հնարաւոր ընդդիմախօսներու «ինքնատեղահանումը»՝ իբրեւ այդ վտանգէն ձերբազատուելու ձեւ մը՝ մէկ առ մէկ, խումբ առ խումբ, դանդաղ, բայց հետեւողական կերպով։ Բացի այդ, արտագաղթածները հաւանաբար դրամական փոխանցումներ կը կատարեն իրենց ազգականներուն, այսինքն նշանակալի թիւով ազգաբնակչութեան համար։ Այդ ղեկավարներուն համար աշխատուժի արտահանումը կարծես թէ նոյնպես ինչ-որ հարցի լուծում է։

Եւ սակայն քանակական փոփոխութիւնը կը վերածուի որակական փոփոխութեան, որը եւ համապատասխան ձեւով կը փոխակերպէ նաեւ պատմութիւնը, ինչպէս նկատած է ժամանակին իմաստուն փիլիսոփայ մը։ Ճակատագրական այն գործընթացը, որը կարող է փոխակերպել պատմութիւնը, անպայման չէ, որ յանկարծահաս վիթխարի աղէտի մը հետեւանքով ըլլայ. շատ աւելի յաճախ այդ աստիճանաբար կուտակուող ուժերու արդիւնք է, որոնք կը յանգեցնեն մէկ կամ մի քանի աղէտի եւ, աւելի հիմնականը՝ հարցերու լուծման մէջ այլնըտրանքներու խիստ սահմանափակմանը: Այստեղ տեղին է յիշել վերջին այն ծղօտի մասին յայտնի պատմութիւնը, որ ջարդեց ուղտի մէջքը: Յետոյ Հայաստանէն ի՞նչ կը մնայ Հայաստանի մէջ։ Ի՞նչ պիտի նշանակէ Հայաստան եւ որու՞ համար։

Պիտի չուզէի այս միտքը իր տրամաբանական աւարտին հասցնել այս պահուն։ Այդ գաղափարը շատ ցաւոտ է։ Նաեւ յոյս ունիմ, որ դեռ այդտեղ չենք հասած։ Յոյս ունիմ, որ դեռ ժամանակ կայ մինչեւ Հայաստանի եւ անոր քաղաքացիներու խնդիրը եւս մէկ անգամ նուազեցուի եւ հասցուի ամենէն պարզ գոյապահպանման «պայքարի», ուր միակ բանը, որ արժեք ունի, ողջ մնալն է, ուր կեանքի ու հաւաքական գոյութեան որակը նշանակութիւն չունի, ուր մոռցուած են մշակոյթն ու գիտութիւնը, ուր, ամեն բանէ վեր, չկան քաղաքացիներուն արժանի իրական այլընտրանքներ, եւ ուր արժանապատիւ կեանք ունենալու միակ ձեւը կա՛մ ծառայողի կարգավիճակով մնալն է, կա՛մ իրերը կապելն ու հեռանալը: Մէկ խոսքով՝ կրնա՞նք պատկերացնել այնպիսի Հայաստան, որ սոսկ ինչ-որ theme park չէ սփիւռքի զբոսաշրջիկներու համար, որ Տիզնիլէնտի ոճի տարածք չէ, որ կը կառավարուի իբրեւ քորբորէյշըն։

Մտահոգութիւնս որեւէ որոշակի նախագահի կամ վարչախումբի ընկալումը չէ։ Իւրաքանչիւրը գործած է իրեն յատուկ սխալներն ու ունեցած իր պակասութիւնները: Ես մտահոգ եմ աւելի այն հիմնական տրամաբանութեամբ, որմով առաջնորդուած է իւրաքանչիւր ղեկավար եւ իւրաքանչիւր վարչախումբ, ո՛րն է շարժիչ ուժը կամ գաղափարը, եւ որոնք են այդտեղէն բխող քաղաքականութեան հեռահար հետեւանքները, որոնք այլապէս կարող են անմեղ թուալ:

Ժամանակն է, որ Հայաստանի ղեկավարները հասկնան, թէ իրենց առջեւ պատմական կարեւորութեան հիմնախնդիր է ծառացած, որ կրնայ եւ հայ պետականութեան վերջին մարտահրաւէրը ըլլալ, եւ որ սա այնքան լուրջ պատասխանատուութիւն է, քան երբեւիցէ որեւէ հայի վրայ ծանրացած է։ Արեւմտեան Հայաստանը կորսնցուցած ենք: Ղարաբաղն իր գոյութեան համար կախուած է Հայաստանէն՝ չնայած շատերու այն պնդումներուն, թէ Ղարաբաղն աւելի անհրաժեշտ է Հայաստանին, քան Հայաստանը՝ Ղարաբաղին: Հայաստանը հասած է կամ արդէն իսկ կը գտնուի ծայրագոյն եզրին։
Կը հասկնամ, որ դիւրին չէ ճիշդ որոշումը կայացնել, երբ ռեժիմը չափազանց մեծ կախուածութեան մէջ է տարբեր խումբերու փոխհանգուցուած շահերէն։ Իսկ այդ խումբերէն շատերու համար, ինչպէս կը պատահի նաեւ ուրիշ երկիրներու մէջ, հասարակութեան աւելի ընդհանուր շահերը եւ պետութեան հեռահար կարիքները նշանակութիւն չունին։ Ժամանակն է, որ Հայաստանի ներկայիս նախագահը որոշէ, թէ ինքն արդեօք գերհարուստ քլանի՞, թե՞ հպարտ ժողովրդի մը ղեկավարն է. ժողովուրդ, որը նաեւ աւելի իմաստուն է եւ իր պատմութիւնն աւելի լաւ կը հասկնայ, քան անխոհեմաբար միայն ղեկավարին օժանդակող որոշ գաղափարախոսներ, մեծ հարստութիւն դիզածներ կամ յաճախ մտաւորական մակարդակ ունեցող սակայն անողնաշար պաշտօնեաներ։ Ժամանակն է, որ Հայաստանի ռեժիմի ղեկավարները հասկնան հետեւեալը. իրենց ուսերուն է հիմնական պատասխանատուութիւնն այն ամէնի, ինչն այժմ կը գտնուի կործանման եզրին։

Ժամանակն է, որ այս ղեկավարները հասկնան, որ վերջին տասնամեակի ընկերային ու տնտեսական քաղաքականութիւնները ձախողած են, որ ուժի ու դրամագլուխի աճող մենաշնորհումը երկիրը հասցուցած է փակուղի, եւ որ այն վճռական ու դժուարին որոշումները, որոնք պետք է կայացուին, որպէսզի Հայաստանը նոր ուղիի վրայ դրուի, կարելի չէ կայացնել՝ առանց բաց ու արդար ընտրական գործընթացներու միջոցաւ օրինական իշխանութիւններու հաստատումը հնարաւոր դարձնելու։ Այլեւս դժուար է պատկերացնել, որ մեր առջեւ ծառացած խնդիրը հնարաւոր է լուծել առանց ազատորեն ընտրուած իշխանութիւններու, որոնք միայն կրնան ընդունիլ անհրաժեշտ դժուարին որոշումները եւ, միեւնոյն ժամանակ, վայելել ժողովուրդի օժանդակութիւնը։ Ժամանակն է կրկին յոյս տալու անոնց, որոնք կը մնան Հայաստան եւ կը գերադասեն մնալը։

Հայաստանը ոչ առաջին, ոչ ալ վերջին երկիրն է, որու առջեւ նման խնդիրներ ծառացած են, ներառեալ արտագաղթի խնդիրը։ Սակայն տարբերութիւնն այն է, որ մինչ ուրիշները կրնան իրենք իրենց թոյլ տալ ուշացնել լուծումները եւ տեւական կորուստներ կրել, հայերն ու Հայաստանն ի վիճակի չեն նման շռայլութիւն թոյլ տալու։

Ժամանակն է, որ սփիւռքի ղեկավարներն ու մենք՝ մնացածներս, վերագնահատենք մեր ռազմավարութիւնները՝ թէ ինչ եւ ինչպէս ընել Հայաստանի մէջ։ Գիտեմ, որ բազմաթիւ կազմակերպութիւններ նուիրուած են Հայաստանի ու Ղարաբաղի մէջ կեանքի պայմաններու բարելաւման գործին։ Եւ սակայն սփիւռքի օգնութիւնն ի զօրու չէ եղած հակադրուելու Հայաստանի իրականացուող այն քաղաքականութեան ու գործընթացներուն, որոնք քաղաքացիներուն կը խրախուսեն լքելու երկիրը։

Ժամանակն է, որ սփիւռքահայեր որոնց կարծիքին կարեւորութիւն կու տան Հայաստանի իշխանութիւնները՝ նախագահէն մինչեւ նախարարներ ու դատաւորներ, պաշտպանեն յարգուած արժանապատուութեամբ լի քաղաքացիներով Հայաստանը պահպանելու դատը:

Ժամանակն է յատկապես, որ անոք, որոնք սփիւռքի ու Հայաստանի մէջ Ցեղասպանութեան ճանաչումն ամենաառաջնահերթ հարցի են վերածած, որոշեն, թէ արդեօ՞ք այս պահուն ավելի կարեւոր է այն, որ ԱՄՆ-ի կամ որեւէ այլ երկրի նախագահ գործածէ Ցեղասպանութիւն բառը, թե՞ այն, որ Հայաստանի կամ Ղարաբաղի մէջ մէկ գիւղ բաւարար ենթակառուցուածք ձեռք բերէ, որպէսզի գիւղացիները կարողանան կանգուն տնտեսութիւն ստեղծել, բան մը որ իրենց համար իրենց սեփական երկրի մէջ մնալն աւելի տանելի կը դարձնէ, քան Սիպիր արտագաղթելը։

Խնդիրն ահա ա՛յս աստիճան պարզ է։

Հաւանաբար, պատմաբանի գործը չէ հետեւեալ հարցը հնչեցնելը, սակայն այդ թերեւս թույլատրելի է Հայաստանով ու հայութեամբ մտահոգ հային։ Եթէ կարելի ըլլար Ցեղասպանութեան որեւէ զոհի հարց ուղղել, թէ ի՞նչն աւելի տեւական ու գոհացնող տուրք կը համարէր իր նահատակութեան դիմաց. որեւէ պետութեան կողմէ ցեղասպանութեան ճանաչո՞ւմը, թե՞ պատմական Հայաստանի մնացորդներու մէջ մէկ գիւղի վերակենդանացումը՝ ի՞նչ պիտի ըլլար այդ զոհի պատասխանը։ Ի վերջո, զոհը գիտէր, թէ ինչ պատահեցաւ իրեն, իր ընտանիքին, թէ ինչպէս իր ժողովուրդը ստիպուած եղաւ հեռանալու իր գիւղերէն ու քաղաքներէն: Կասկած չունիմ, որ ան պիտի գերադասէր, որ մենք կետրոնանայինք ապահովելու անկախ Հայաստանի մէջ մահուան շեմին յայտնուած գիւղին կենսական օժանդակութեան ցուցաբերման վրայ, որպէսզի այն ծաղկի կրկին:

Ի՞նչ պատճառով է, որ չենք ուզեր գիտակցիլ, որ 1860-ական թուականներէն մինչեւ 1914 Արեւմտահայաստանի հայաթափման հիմնական գործօններէն է եղած այդ տարածքի ընկերային-տնտեսական պայմաններու ահռելի վատթարացումը։ Լաւ պիտի ըլլար որ մեր աւանդական կուսակցութիւնները ուսումնասիրեն իրենց իսկ ծննդեան պայմանները։ Թէʹ Հայաստանի, Խորհրդային ու անկախ, եւ թեէ սփիւռքի պատմաբաններն այդ աշխատանքն ըրած են։ Եզրակացութիւններն են բացակայ։

Այստեղ բարձրացուած հարցերը կը վերաբերին ոչ միայն այն առաջնայնութիւններուն ու անհրաժեշտութիւններուն, զոր իմաստուն ըլլալու պարագային, պէտք է վերանայինք, այլ նաեւ մեր ներկայ առաջնայնութիւններու միջեւ եղած յարաբերակցութեանը, մեր հարեւաններու հետ հակամարտութիւնները լուծելու մեր կարողութեանը եւ, վերջապէս, Ցեղասպանութիւնը Թուրքիոյ իսկ պետութեանը ճանաչել տալուն ուղղուած քաղաքականութեանը: Այս հարցերը հազուադէպօրէն կը բարձրացնենք, մեր վարած քաղաքականութեանը դժուարութեամբ կը մօտենանք քննադատաբար։ Փոխարէն անոնց կը վերաբերինք իբրեւ ի վերուստ տրուած ռազմավարութիւն:

Սա կոչ է՝ ուղղուած Հայաստանի եւ սփիւռքի կազմակերպութիւններու եւ կուսակցութիւններու ղեկավարներուն, որ վերանային իրենց առաջնայնութիւններն ու ռազմավարութիւնը՝ նկատի ունենալով Հայաստանի ու Ղարաբաղի մարդաթափման տեսանելի վտանգի կապակցութեամբ վերը կատարուած վերլուծութիւնը: Սա նաեւ իմ այսօրուայ գործընկերներուն՝ մտաւորականութեանն ու գիտաշխատողներուն ուղղուած հրաւէր է, որ իրենց աւանդը բերեն այս հարցի քննարկման եւ բարձրացնեն հանրային բանավէճի մակարդակը:

Պատմաբանները յաճախ կը պնդեն, որ իրենք հասած են գիտութեան բարձր մակարդակի, քանի որ գործ ունին երկար ժամանակ տեւած հասարակական զարգացման բնոյթի ու հետեւանքներու ըմբռնման արուեստին հետ։ Քաղաքական գործիչները կը ղեկավարեն հասարակական այդ զարգացումը:

Գոյութիւն ունի՞ հայ ժողովուրդի պատմութեան ուսանող կամ քաղաքական ղեկավար, որ հայոց պետականութեան գոյութեան համար որեւէ այլ հարց աւելի կարեւոր կը նկատէ, քան Հայաստանի ու Ղարաբաղի հայաթափման հարցը։ Եւ հնարաւո՞ր է արդեօք այդ հարցը տարանջատել Հայաստանի արտաքին ու ներքին գործերու կառավարումէն։

Մենք փախցուցինք դրացիներու հետ մեր հարցերը լուծելու եւ տարածաշրջանային զարգացումներուն մաս կազմելու հնարաւորութիւնները. զարգացումներ, որոնք կրնային Հայաստանի մէջ տնտեսական ու ընկերային առաջընթաց հաստատել եւ նպաստել տարածաշրջանի աւելի լայնածաւալ աշխուժութեան ու այդ պետութիւններու անկախութեան մակարդակի բարձրացման։ Յարգանքի արժանի որեւէ տնտեսագէտ գոյութիւն ո՞ւնի արդեօք, որ կը հաւատայ , որ մեկուսացուած ու շրջափակուած Հայաստանը կրնայ տնտեսական կայուն զարգացում ապահովել, զարգացում՝ որ պիտի խթանէ Հայաստանի մէջ աճող եռանդին ու տաղանդին: Չնայած պայմաններուն ու չնայած ուղեղներու ու տաղանդի արտահոսքին, Հայաստանն ի վիճակի է իր ժողովուրդին հնարաւորութիւն տալու պատշաճ ու անվտանգ կեանքով ապրելու, ապահովելու իրենց զաւակներու կրթութիւնն ու առողջութիւնը, արուեստ, մշակույթ ու գիտութիւն կերտելու եւ տարեց քաղաքացիներուն արժանապատիւ կեանքի հնարավորութիւն ընձեռելու։

Կային մարդիկ, որոնք կը կարծէին, թէ հնարաւոր էր Հայաստանի մէջ կայուն զարգացում հաստատել ու ապահովել, որովհետեւ կը հաւատային, որ Հայաստանն ուրիշ էր, որ ան կրնար յաղթահարել շրջափակումներն ու մեկուսացումը՝ այն յոյսով, որ տնտեսական կայուն զարգացման համար հարկ եղած միջոցները սփիւռքը կը ներդներ։ Անոնք կը պնդէին, որ սփիւռքին բաւարարելու համար ընդամենը հարկաւոր էր, որ Հայաստանի կառավարութիւնը որդեգրեր Ցեղասպանութեան ճանաչման քաղաքականութիւնը, որ յատուկ կարեւորութիւն ունի սփիւռքի համար։ Եւ պատահեցաւ այնպէս, որ 1998 թուականին. առաջին նախագահը ստիպուած եղաւ հրաժարական տալ։ Եկան նոր նախագահ ու նոր վարչախումբ։ Անոնք 10 տարի ունէին իրենց վարկածը գործի դնելու համար։ Իսկ այժմ մենք երկրորդ նախագահի տեղաւորած երրորդ նախագահի պաշտօնավարութեան երրորդ տարուայ մէջ ենք։ Պարզ չէ՞ միթե, որ հեռանկարային իմաստով շատ աւելի վատ վիճակի մէջ ենք, քան երբեւիցե վերջին քսան տարիներուն։

Շատ դժուար է վերջին երկու վարչախումբերու գործունէութեան մէջ պետականութեան մարտահրաւէրի կապակցութեամբ դրական որեւէ նոր որակ գտնելը։

Եթէ երրորդ նախագահն այլ վերլուծութիւն ունի, մենք այդ չենք տեսած, թեեւ ան որոշ անսովոր քայլեր կատարած է։ Սակայն այսօր ոչ թէ որոշ քայլեր են անհրաժեշտ, այլ ամբողջ նոր ռազմավարութիւն մը, որ կ՚ ընդունի Հայաստանի պետականութեան ու Ղարաբաղի առջեւ ծառացած հիմնախնդրի ծաւալն ու խորութիւնը։ Եւ հարկաւոր է գործել ըստ այնմ՝ ի շահ իր ղեկավարած պետութեան, ի շահ այն ժողովուրդին, որ ինք կը ցանկայ առաջնորդել, եւ որու անվտանգութիւնը ինք պարտաւոր է ապահովել։ Հայաստանի ու Ղարաբաղի համար զարհուրելի կ՚ ըլլայ, եթէ երրորդ նախագահը պատմութեան մէջ մտնէ իբրեւ այն ղեկավարը, որ աւարտին հասցուց անպատասխանատու քաղաքականութեան շղթան, զոր սկսած էր արդէն իր նախորդով: Երրորդ նախագահը կրնայ դառնալ այն ղեկավարը, որ ժամանակի ընթացքին ուղղեց իր նախորդի քաղաքականութիւնը, նոյնիսկ եթէ այդ քայլի համար անհարժեշտ է կազմաքանդել այն համակարգը, որուն ինքը մաս կազմած է, եւ զոհել այն պաշտօնը որը ինքը ունի այսօր։

Գիտեմ, որ սփիւռքի մէջ կան մարդիկ, որոնք իրենց յոյսը կտրած են Հայաստանէն իբրեւ պետութիւն եւ վերադարձած են սփիւռքահայի ինքնութեան այն սահմանումին, որու պահպանման համար հայկական պետութեան կարիքը չկայ։ Նման մօտեցման համատարած դառնալը կրնայ անխուսափելի ըլլալ՝ նկատի առնելով սփիւռքացման մեր երկար պատմութիւնը։ Եթէ հայերէն ոմանք գոհ են որեւէ այլ երկրի մէջ սոսկ էթնիք համայնք կազմելով, կարելի է հասկնալ։ Բայց սա արդէն ուրիշ պատմութիւն է՝ այդ ինքնասահմանումը կառուցուած կ՚՚ ըլլայ եկեղեցիի, մշակութային որոշ գործունէութեան, ու երեւակայուած ընդհանուր անցեալի շուրջ, որ հեշտութեամբ կարելի է յարմարեցնել իւրաքանչիւր երկրի էթնիք համայնքի տեղական կարիքներուն, եւ մեր հրաշալի խոհանոցին շուրջ։

Սակայն այդ էթնիք համայնքներու պատմութիւն է, աւելի ճշդօրէն տեղաւորուած այլ պետութիւններու եւ ոչ հայ ժողովուրդի կամ պետութեան պատմութեան մէջ։ Եթէ «ազգային» ինքնասահմանումով հնարաւոր ըլլար տեւականօրեն պահպանել ինքնութիւնը, հիմա հայկական սփիւռքն իր թուաքանակով մօտ հարիւր անգամ աւելին կ՚ըլլար, քան կանք այսօր։

Ի վերջոյ այնքան ուժեղ էին մեր «ազգային» կառոյցները Պոլսոյ մէջ՝ առնուազն երկու դար. այնքան ուժեղ էին այդ կառոյցները Հալէպի, յետոյ Պէյրութի մէջ, առանց մոռնալու Փարիզն ու Պոսթոնը, իսկ հիմա Լոս Անճելըսը։ Տակաւին չեմ խօսիր միջնադարեան Արեւելեան Եւրոպայի ու հարաւային Ռուսասատանի գաղութներու մասին, ուր նոյնիսկ քաղաքներու մէջ ունեցած ենք մեր ուրոյն սահմանադրութիւնը։

Թերեւս ոմանց համար ժողովուրդն ու պետութիւնը նշանակութիւն չունին. այդ նոյնպես անհատներու կողմէ կատարած ընտրութիւններու հանրագումար է։ Կարելի է հասկնալ, որ Հայաստանի ամայացումն իբրեւ մեծագոյն խնդիր տեսնելու գիտակցական կամ անգիտակցական դժկամութիւնը կապուած է սփիւռքայնացման գործընթացին. սփիւռքն իր սահմանմամբ իսկ այն մարդոց կամ անոնց սերունդներու բազմութիւնն է, որոնք ժամանակին հեռացած են իրենց հայրենիքէն ինչ որ պատճառով, եւ կը գտնուին իբրեւ հայ ինքնասահմանման փոխակերպման ընթացքի մէջ։ Յամենայն դէպս Սփիւռքն անհատներու հաւաքածոյ է որ պաստրաստ չէ վերադառնալու այն կտորին որ մնացած է պատմական Հայաստանէն: Կարելի է հասկնալ այդ բոլորը, սակայն նման վարքագիծն արդարացուած չէ, եթէ մարդ ներգրաւուած է իր ժողովուրդի ու պետութեան մակարդակի հարցերու քննարկման ու այդ հարցերու լուծման ընթացքին մէջ ։

Անոնց համար, որոնք Հայաստան պետութիւնը իրենց հայկական ինքնութեան համար կարեւոր գործօն կամ խարիսխ կը նկատեն, ինչ որ աւելի է քան էթնիկական չափանիշը, ապա կասկած պէտք չէ մնայ որ հայկական պետականութեան այդ վերջին մնացորդի հայաթափման խնդիրը ամենէն հրատապ հարցն է որ այսօր պէտք է լուծենք։

Վերջը, երբ յաջորդ դարուն գրուի Հայաստանի ու հայոց պատմութիւնը, մենք բոլորս պատասխանատու պիտի ըլլանք այն ամէնի համար, որ ըսինք երբ կրնայինք բան չըսել եւ չըսինք երբ կրնայինք ըսել. այն ամէնի համար որ ըրինք երբ պէտք չէր ընէինք եւ չըրինք, երբ կրնայինք բան մը ընել։

Այն ժամանակ մեր ազգային կառոյցներու յաջորդ ներբողները, գաղութներու գուսաններն ու տիրապետող իրավիճակն արդարացնող պատմաբանները կրնան շրջել ու աղճատել փաստերն ու թուերը, ճառել ու հակաճառել։ Արդիւնքը պիտի չփոխուի. Այդ արդիւնքը պիտի ըլլայ նոյնքան դաժան, որքան Ցեղասպանութեան արդիւնքը։ Այդ ժամանակ կը մնայ երկու խնդիր միայն. վերջին ողբերգութեան համար` այն մէկի, որ նոր պիտի պատահի, յիշատակման նոր օր նշանակել. օր, որ կը նշուի ամէն տարի, իսկ ապա խաղալ մեղադրելու խաղը, թե՝ ո՞վ կորսնցուց Հայաստանի վերջին մնացորդը: Որքան ալ վարժուած ըլլանք նման ողբերգութիւններու տարեդարձերը տօնելու, արդիւնքը կարելի պիտի չըլլայ փոխել։

Արդիւնքը կախուած է մէկ հարցէ։ Ի՞նչ ներդրում կ՚ ընենք կերտուող պատմութեան մէջ՝ մենք, այսօր:

Մնացածն ի վերջոյ անկարեւոր կը դառնայ։

31 Յուլիս, 2011
Էնն Արպըր, Միշիկըն

1 comment
  1. I have just one thing to ask.
    What Post did Levon Ter-Petrosyan promised you after he gets the power?
    To wright this non sense?
    I know what was Armenia during Levon’s years.
    As I am from Gyumri and what did we live in 1990s and can not forget what he told at new year eve on TV,this is his words (the first President of Armenia) “Go borrow money from each other and live”.
    He! Levon and his regime As Jirayr Laparetian calls it turned Armenia in to Somalia As enemy would do.
    By the way as a historian or Politician or former President’s adviser you did not bring out any facts.
    Usually articles like this should be based on the facts.
    I, as a reader suggest that Jirayr Laparetian(Levon Ter petrosyan’s former adviser) should in the feature do that bring out facts.

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Sign Up for Our Newsletters

Get notified of the latest updates from MassisPost.

You May Also Like

Yerevan Council Session Marred By Violence

YEREVAN — A session of Yerevan’s municipal council descended into chaos on…

Thomas Hammarberg CE Human Rights Commissioner Meets Opposition Political Prisoners

YEREVAN — Thomas Hammarberg, the Council of Europe commissioner for human rights,…

ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՔ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԽՍՏՕՐԷՆ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՆ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ՈՏՆՁԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Յայտարարութիւն Միակողմանիօրէն խախտելով իր իսկ կողմէ ստորագրուած զինադադարը, Ատրպէյճանի իշխանական արկածախնդիր վերնախաւը…

FATF Downgrades Turkey To Grey List

WASHINGTON, DC — The Financial Action Task Force (FATF), an international watchdog…