Home ՄԱՐԶԱԿԱՆ Լեւոն Արոնեան Դարձած Է «Biel Chess Festival 2026» Մրցաշարի Յաղթողը

Լեւոն Արոնեան Դարձած Է «Biel Chess Festival 2026» Մրցաշարի Յաղթողը

by MassisPost

Հայ մեծ վարպետ Լեւոն Արոնեան դարձած է «Biel Chess Festival 2026» շախմատի շրջանաձեւ մրցաշարի յաղթողը, կը յայտնէ Հայաստանի Շախմատի դաշնակցութիւնը։

Մասնակիցները մրցած են դասական, արագ եւ կայծակնային շախմատի ձեւաչափերով, իսկ յաղթողը որոշուած է երեք մրցաշարերու արդիւնքներուն ընդհանուր գումարով։

Ընդհանուր դասաւորման մէջ Լեւոն Արոնեան վաստակած է 25 միաւոր։

Հայաստանի Շախմատի դաշնակցութիւնը շնորհաւորած է Արոնեանը եւ անոր մաղթած նորանոր յաղթանակներ։

Մրցաշարը տեղի ունեցած է Զուիցերիոյ մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment