Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Խաղաղութեան Կամուրջ» Նախաձեռնութեան Շրջանակին Մէջ Հայկական Պատուիրակութիւնը Ժամանած Է Ատրպէյճան

«Խաղաղութեան Կամուրջ» Նախաձեռնութեան Շրջանակին Մէջ Հայկական Պատուիրակութիւնը Ժամանած Է Ատրպէյճան

by MassisPost

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ «Խաղաղութեան Կամուրջ» նախաձեռնութեան շրջանակին մէջ ցամաքային սահմանով Ատրպէյճան ժամանած է 20 հոգինոց հայկական պատուիրակութիւնը։

Ապրիլ 10-12-ին «Խաղաղութեան Կամուրջ» նախաձեռնութեան շրջանակին մէջ Ատրպէյճանի մէջ տեղի պիտի ունենայ երկկողմ կլոր սեղան՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:

Ատրպէյճանական APA-ի հաղորդմամբ՝ հանդիպման օրակարգին վրայ են խաղաղութեան գործընթացի ներկայ իրավիճակը, «Խաղաղութեան Կամուրջ» նախաձեռնութեան մասնակիցներու իրենց երկիրներուն մէջ գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակը:

Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչները պատասխան այցով նախորդ տարի մեկնած էին Ատրպէյճան: Անկէ առաջ ալ Ատրպէյճանի պատուիրակութիւնը Երեւան կը գտնուէր, եւս մէկ այց ալ տեղի ունեցաւ այս տարուայ Փետրուարին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment