Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Պելճիքայի մէջ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ, հանդիպում ունեցած է ԱՄՆ Միջազգային Զարգացման Գործակալութեան ղեկավար Սամանթա Փաուըրի հետ:
Զրուցակիցները քննարկած են ՀՀ կառավարութեան եւ ԱՄՆ ՄԶԳ-ի միջեւ համագործակցութեան, ընթացիկ ծրագրերուն եւ յառաջիկայ նախաձեռնութիւններուն վերաբերող հարցեր:
Մասնաւորապէս, անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի մէջ իրականացուող ժողովրդավարական բարեփոխումներուն, տարբեր ուղղութիւններով հաստատութենական բարեկարգումներու արդիւնաւէտ իրականացման ԱՄՆ ՄԶԳ-ի կողմէ հետագայ աջակցութեան:
Վարչապետը ընդգծած է, որ ՀՀ կառավարութիւնը հաստատակամօրէն պիտի շարունակէ հետեւողական քայլերը բարեփոխումներու ուղղութեամբ եւ ընդգծած է, որ այն ունի ռազմավարական նշանակութիւն:
Սամանթա Փաուըր նշած է, որ ԱՄՆ ՄԶԳ-ն պիտի շարունակէ սերտ համագործակցութիւնը Հայաստանի հետ եւ պատրաստ է շարունակական աջակցութիւն ցուցաբերելու ՀՀ կառավարութեան ծրագրերուն՝ ի նպաստ ժողովրդավարութեան ամրապնդման եւ զարգացման:
Զրուցակիցները անդրադարձած են Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած անձերու մարդասիրական խնդիրներուն եւ անոնց լուծման ուղղութեամբ քայլերուն:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայացուցած է ՀՀ կառավարութեան կողմէ իրականացուած ծրագրերն ու հետագայ քայլերը:
Վարչապետը կարեւորած է միջազգային գործընկերներու, այդ շարքին ԱՄՆ-ի կողմէ բռնի տեղահանուածներուն ցուցաբերուող աջակցութիւնը եւ ընդգծած է անոր շարունակական ապահովման անհրաժեշտութիւնը:
Այս ծիրին մէջ քննարկուած են բռնի տեղահանուածներուն աջակցութեան հետագայ քայլերուն, մասնաւորապէս, բնակարանային ապահովման խնդիրին վերաբերող հարցեր: