ՀՀ կառավարութիւնը հաստատեց դատական եւ իրաւական բարեփոխումներու 2022-2026 թուականներու ռազմավարութիւնը եւ անկէ բխող գործողութիւններուն ծրագիրը: Կառավարութեան նիստին ՀՀ արդարադատութեան նախարար Կարէն Անդրէասեան նշեց, որ այն նոր չէ, այլ շարունակութիւնն է 2019 թուականին ընդունուած ռազմավարութեան:
«Շատ աշխատանքներ, որոնք ներկայացուած են այս ռազմավարութիւնում, ժառանգուած են նախորդ ռազմավարութիւնից: Դրանք կատարելագործւում են, աւելի են բարելաւուում: Որոշ կարեւոր ուղղութիւններ, ցաւօք, չեն իրագործուել համաճարակով ու պատերազմով պայմանաւորուած: Որոշ ուղղութիւններ գրեթէ պատրաստ են, եւ յառաջիկայ ամիսներին կը կարողանանք իրագործել», ըսաւ Կարէն Անդրէասեանը:
Ներկայացնելով ռազմավարութեան մէջ տեղ գտած դրոյթները` Կարէն Անդրէասեան նշեց, որ առաջինը դատական համակարգի բարեփոխումներն են: Կը նախատեսուի հակափտածութիւն դատարաններու ամբողջ շղթայի գործարկումը: Համակարգը գրեթէ ամբողջութեամբ պատրաստ է: Միւս կարեւոր ուղղութիւնը դատական գործընթացներու թուայնացումն է:
«Յաջորդ կարեւոր խնդիրը բարեվարքութեան ստուգումն է, ու սա միայն դատաւորներին չի վերաբերում: Այսօր միայն նոր համակարգ մտնող դատաւորների բարեվարքութիւնն է ստուգւում, իսկ ռազմավարութեան յառաջիկայ ամիսներին մենք նախաձեռնելու ենք, որ ստուգուի բոլոր գործող դատաւորների բարեվարքութիւնը: Սա փտածութեան դէմ լրջագոյն պայքարի միջոց կը դառնայ», ըսաւ Կարէն Անդրէասեան` ընդգծելով, որ բարեվարքութեան ստուգում կը նախատեսուի նաեւ դատախազներոնւ, քննիչներուն, քրէակատարողական համակարգի աշխատակիցներուն եւ շարք մը այլ ոլորտներու ներկայացուցիչներուն համար:
Ռազմավարութեան յաջորդ շեշտադրումը Բարձրագոյն դատական խորհուրդին մէջ կարգապահական որոշումներու բողոքարկման հնարաւորութիւնն է, որ օրէնսդրական լուծումներով պիտի ներկայացուի կառավարութեան:
Բարեփոխումներ կը նախատեսուին փաստաբանական ոլորտին մէջ: Նախարարը տեղեկացուց, որ այստեղ բաւականին աշխատանքներ կատարուած են: Մշակուած է օրէնսդրական նախագիծ, աշխատանք տարուած է Փաստաբանական պալատին եւ համայնքին հետ: Կարէն Անդրէասեան ընդգծեց, որ այստեղ կայ համաձայնութիւն:
Ռազմավարութեամբ բարեփոխումներ կը նախատեսուին հարկադիր կատարման համակարգին, սնանկութեան ոլորտին մէջ:
Կարեւոր ռազմաւակարական ուղղութիւն է վէճերու այլընտրանքային լուծման համակարգը: Նախարարը ընդգծեց, որ այն պիտի բեռնաթափէ դատարանները: Ան վստահութիւն յայտնեց, որ արպիթրաժային կեդրոնի ստեղծումը պիտի լուծէ այդ խնդիրը:
Հայաստանի մէջ քաղաքացիական դատավարութիւնը պիտի թուայնացուի: Արդարադատութեան նախարար Կարեն Անդրէասեանը կառավարութեան նիստին նշեց, որ այդ գործընթացին համար արդէն ֆեղի ունեցած է մրցոյթ, եւ քաղաքացիական դատավարութիւնը կրնայ թուայնացուիլ համապատասխան ֆինանսական վերաբաշխումը կատարելէ յետոյ: Պետութիւնը 348 միլիոն դրամ կը տրամադրէ պայմանով տեղի ունեցած մրցոյթի յաղթողին, որպէսզի քաղաքացիական դատավարութիւնը թուայնացուի:
«Թուայնացում ասելով` մենք նկատի ունենք այն, որ փաստաբանները կը կարողանան իրենց գրասենեակներից հայցադիմումներ, միջնորդութիւններ, ապացոյցներ ներկայացնել: Կարող են նաեւ դատական քննութիւններն անցնել օնլայն, առանց մարդկանց, փաստաբանների դատարան այցելելու», ըսաւ Կարեն Անդրէասեան:
Այս մօտեցումը հետագային պիտի ըլլայ նաեւ վարչական, քրէական դատավարութեան պարագային: