Այս առթիւ Հայերէն լեզուով ելոյթ ունեցաւ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի անդամ՝ Կարօ Փայլան: Ան իր խօսքը ուղղելով ներկաներուն ըսաւ. «Ձեր պապենական հողերէն կու գամ: Դժբախտաբար, լաւ լուրեր չունիմ փոխանցելու»:
«Թուրքիան այսօր բաւական ծանր օրեր կ՚ապրի», ըսաւ Փայլան ու աւելցուց, «Թուրքիան ժողովրդավարութեան ճանապարհին էր, սակայն 2015-էն ի վեր, երբ Էրտողանը դաշինք կազմեց ազգայնականներու հետ, մեզ մօտ սկսած շատ լաւ գարունը աւարտեցաւ»:
Քրդամետ կուսակցութեան անդամը նաեւ յայտնեց, որ ազատ խօսքի ջատագով իր ընկերներէն շատերը բանտարկուած են.
«Այսօր Էրտողանը բանտ կը նետէ իմ ընկերներուն»,- ըսաւ Փայլան ու վստահեցուց, որ պիտի շարունակէ պայքարը՝ յանուն Թուրքիոյ ժողովրդավարութեան:
Ան դրական խօսքեր ըսաւ թուրք գրող Քատիր Աքընի մասին. «Քատիր Աքընը թուրք է, եւ ես կ՚ուզեմ ըսել՝ սխալ է յաճախ հնչող այն միտքը, թէ բոլոր թուրքերը նոյնն են: Իրականութեան մէջ այդպէս չէ: Ես կը պայքարիմ Թուրքիոյ ժողովրդավարութեան համար ու կը պայքարիմ ժողովրդավար թուրքերու, ժողովրդավար քրդերու եւ ժողովրդավար հայերու հետ: Ես կոչ կ՚ընեմ յատկապէս երիտասարդ հայերուն, որ չ՚ըսեն՝«թուրքը կը մնայ թուրք»: