Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Մարտի 1»-ի Գործին Մէջ Նախկին Զինուորականներու Ներգրաւումը «Իհարկէ Կ’ազդէ ԶՈւ Տրամադրութեան Վրայ»․ Տօնոյեան

«Մարտի 1»-ի Գործին Մէջ Նախկին Զինուորականներու Ներգրաւումը «Իհարկէ Կ’ազդէ ԶՈւ Տրամադրութեան Վրայ»․ Տօնոյեան

by MassisPost

Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի համոզմամբ՝ այն հանգամանքը, որ «Մարտի 1»-ի քրէական գործի շրջանակէն ներս նախկին բարձրաստիճան զինուորականներուն մեղադրանքներ առաջադրուած են, կ’ազդէ Զինուած ուժերու տրամադրութեան վրայ:

Լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ հարցին, թէ՝ «Քրէական գործերը, որոնք յարուցուած են Զինուած ուժերու նախկին բարձրաստիճան զինուորականներուն դէմ, արդեօ՞ք կը հարուածեն Զինուած ուժերուն, որովհետեւ այդ մասին ահազանգած է Սեյրան Օհանեանը, Դաւիթ Տօնոյեանը արձագանգած է․ – «Ի հարկէ, տրամադրութեան վրայ Զինուած ուժերի դա ազդում է, բայց մենք, ինչպէս ասացի, յաղթահարում ենք եւ անում ենք առաւել քան»:

Մինչդեռ Ազգային ժողովի փոխնախագահ, իշխանական «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Ալեն Սիմոնեանը «անհեթեթութիւն» որակած է Պաշտպանութեան նախկին նախարար Սեյրան Օհանեանի յայտարարութիւնը, թէ այսօրուան իշխանութիւնները կը փորձեն սեպ խրել բանակի եւ ժողովուրդի միջեւ: Սիմոնեանը շեշտած է՝ կարելի չէ անձերը նոյնացնել Հայաստանի բանակի հետ:

Հակադարձելով Պաշտպանութեան նախկին նախարարի այն հարցադրման, որ թերեւս բանակի բարձրաստիճան հրամանատարութեան հեղինակազրկելու միջոցով նպատակ ունին ժողովուրդները խաղաղութեան նախապատրաստելու, Ազգային ժողովի փոխնախագահը ըսած է – «դա նոյնպէս ծիծաղելի է, որովհետեւ բազմիցս թէ՛ իմ, թէ՛ իմ գործընկերների, թէ՛ վարչապետի կողմից յայտարարուել է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները ինքնուրոյն որոշում չեն կայացնելու, եւ եթէ կը լինի որոշում, որը որ իշխանութիւնները կը գտնեն, որ քննարկման ենթակայ է, այդ որոշումը կը դրուի քննարկման, եւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի ժողովուրդը կը կայացնեն որոշում: Ուստի նման բոլոր պնդումները արւում են զուտ պաշտպանուելու եւ քաղաքական, էսպէս ասած, երանգներ տալու հարցին»:

«Մարտի 1»-ի գործի շրջանակէն ներս սահմանադրական կարգի տապալման մեղադրանքին  անդրադարձած է նաեւ Բանակի օրուան առթիւ Երեւան ժամանած Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Վիտալի Բալասանեանը: Ուշագրաւ է, որ Բալասանեանը այդ յօդուածը ծիծաղելի համարած է, պնդելով՝ բանակը չէ մասնակցած 2008 թուականի մարտի 1-2-ի իրադարձութիւններուն:

«Գիտէ՞ք, էդ սահմանադրական կարգի տապալման յօդուածը մի քիչ ծիծաղելի է, այսինքն՝ ո՞նց էք բան անում՝ էսօր Նիկոլ Փաշինեանը ինքը սահմանադրական կարգը տապալի, որպէսզի ինքը նորից մնայ վարչապետ: Այսինքն՝ սահմանադրական կարգը կը տապալի այն ուժը, որը իշխանութեան չէ, իշխանութիւնում գտնուող մարդը ինչի՞ է սահմանադրական կարգը տապալում», – լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ յայտարարած է Բալասանեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment