Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պէյրութի Մէջ Կարօ Փայլան Հայերէնով Ելոյթ Ունեցած է Հնչակեան Գործիչ Փարամազի Մասին Ֆիլմի Ցուցադրութեան Առթիւ

Պէյրութի Մէջ Կարօ Փայլան Հայերէնով Ելոյթ Ունեցած է Հնչակեան Գործիչ Փարամազի Մասին Ֆիլմի Ցուցադրութեան Առթիւ

by MassisPost

Յունուար 25-ին, Պէյրութի մէջ ցուցադրուեցաւ Թուրք մտաւորական Քատիր Աքընի պատրաստած վաւերագրական ֆիլմը՝ Հնչակեան մեծանուն գործիչ Փարամազի մասին:

Այս առթիւ Հայերէն լեզուով ելոյթ ունեցաւ  Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի անդամ՝ Կարօ Փայլան: Ան իր խօսքը ուղղելով ներկաներուն ըսաւ.  «Ձեր պապենական հողերէն կու գամ: Դժբախտաբար, լաւ լուրեր չունիմ փոխանցելու»:

«Թուրքիան այսօր բաւական ծանր օրեր կ՚ապրի», ըսաւ Փայլան ու աւելցուց, «Թուրքիան ժողովրդավարութեան ճանապարհին էր, սակայն 2015-էն ի վեր, երբ Էրտողանը դաշինք  կազմեց ազգայնականներու հետ, մեզ մօտ սկսած շատ լաւ  գարունը աւարտեցաւ»:

Քրդամետ կուսակցութեան անդամը նաեւ յայտնեց, որ ազատ խօսքի ջատագով իր ընկերներէն շատերը բանտարկուած են.

«Այսօր Էրտողանը բանտ կը նետէ իմ ընկերներուն»,- ըսաւ Փայլան ու վստահեցուց, որ պիտի շարունակէ պայքարը՝ յանուն Թուրքիոյ ժողովրդավարութեան:

Ան դրական խօսքեր  ըսաւ թուրք գրող Քատիր Աքընի մասին. «Քատիր Աքընը թուրք է, եւ ես կ՚ուզեմ ըսել՝ սխալ է յաճախ հնչող այն միտքը, թէ բոլոր թուրքերը նոյնն են: Իրականութեան մէջ այդպէս չէ: Ես կը պայքարիմ Թուրքիոյ ժողովրդավարութեան համար ու կը պայքարիմ ժողովրդավար թուրքերու, ժողովրդավար քրդերու եւ ժողովրդավար հայերու հետ: Ես  կոչ կ՚ընեմ յատկապէս երիտասարդ հայերուն, որ չ՚ըսեն՝«թուրքը կը մնայ թուրք»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment